Թիւ 200-201 - ՆՈՐ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄԸ ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ

 

Երբ թուղթի եւ մելանի պաշտամունքը իր տեղը զիջած է համակարգիչին,

Երբ արագ ու առատ տեղեկութիւններու տիրացման մարմաջը աշխարհը գերին դարձուցած է համացանցին,

Եւ երբ արհեստագիտական նորութիւններու խելայեղ վազքը ծնունդ տուած է ելեկտրոնիկ թերթին,

«Մարզիկ» իր 200-րդ թիւը կը ներկայացնէ ընթերցողներուն, նոր հանգրուանի մը դէմ յանդիման՝ ինքզինք վերանորոգելու, վերատեսութեան ենթարկելու եւ նոր իրականութիւններու հետ քայլ պահելու մարտահրաւէրներով։

200 թիւերու հրատարակութեան այս երեւոյթը, արդարեւ, թերթին հաշուոյն արձանագրուած լոկ գնահատանքի բարենիշ մը չէ, այլ՝ խմբագրութեան եւ վարչութեան ուսերուն դրուած պա՛րտք է, վստահութիւն միաժամանակ, զոր պէտք է հատուցել թերթին զարգացման եւ արդիականացման նորանոր ճիգերով։

Ժամանակն է փոխուելու, մտածողութեան, ստեղծագործութեան, իմաստի եւ ոճի նորութիւններով այժմէականանալու մեր ընկերութեան նոր պահանջներուն հետ։

Թերթը ընկերութեան մը հայելին է։ Ան կը ցոլացնէ ընկերութեան մը յառաջդիմութիւնն ու յետադիմութիւնը։ Թերթին էջերէն յստակօրէն կþերեւին գեղեցիկն ու տգեղը, լաւն ու վատը, վսեմն ու նսեմը։ Իրականութիւն փնտռողը հարկ է որ այդ հայելիէն առնէ իր պատկերները։

Թերթը ընկերութեան մը ձայնն է։ Արտայայտիչը անոր տագնապներուն եւ յոյսերուն, յաջողութիւններուն եւ ձախողութիւններուն։ «Ձայն բազմաց ձայնն… մամուլի»։

Թերթը մտածող ըներութեան մը ուղեղն է, մի՛տքն է։ Ընկերութեան մը մտածողութիւնը կը պատրաստէ, խելքը կը հարստացնէ, մարդոց մտքին ու խելքին սնունդ կու տայ։ Ինչպէս որ մարմինը չþապրիր առանց օդի, ջուրի եւ սնունդի, միտքն ալ չþապրիր առանց թերթի։

Այս բոլորն է թերթը ու դեռ աւելի՛ն. առաքելութիւն եւ սկզբունք է թերթը։

Տարբեր բան չի վկայեր «Մարզիկ»ի 200 թիւերու հունձքը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի արդի պատմութեան հարուստ վկայարանը։ Արդարեւ, հաղորդակցութեան ընթացիկ միջոց մը ըլլալէ աւելի. «Մարզիկ» իր հրատարակութեան առաջին օրէն եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական հաւատքի, ապրումի եւ խռովքի վառ արտայայտութիւն։ 17 տարիներ շարունակ ան իրարու օղակեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջաններն ու մասնաճիւղերը, ծանօթացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործը, տարածեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի խօսքը։

Իր ծնունդին նման դժուար եղաւ կեանքը։ «Մարզիկ»ի 200 թիւերու հրատարակութիւնը դիմագրաւեց բազմապիսի դժուարութիւններ, սակայն ան յարատեւեց, զարգացաւ եւ զարգացուց սերունդէ սերունդ, որովհետեւ նիւթերու իր ճոխութեան հետ մէկտեղ, ան հաւատքի խորութիւն մը ամբարեց իր էջերուն մէջ։ «Մարզիկ» սկզբունքային եղաւ իր դիրքորոշումներուն մէջ, վճռական՝ իր կեցուածքներուն մէջ։

Թերթը ընթերցողներուն հասաւ հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու մտածողութեան հիւթով, քրտինքով եւ նուիրումով։ Թիւէ թիւ ան կատարելագործեց ինքզինք, ջանաց միշտ թարմ շունչ եւ կենդանութիւն տալ իր էջերուն։ Հետամուտ եղաւ «ոսկեայ միջին»ի դժուար փնտռտուքին, միշտ ձգտելով հաշտեցնել աւանդականն ու արդիականը, ազգայինն ու միջազգայինը։

Յաջողեցա՞ւ «Մարզիկ», վճիռը կը մնայ ընթերցողներուն։

Անոնց, որոնք տեւաբար լաւը, լաւագոյնը եւ  կատարեալը պահանջեցին թերթէն, առանց մոռնալու մարդուժի, նիւթականի եւ արհեստագիտութեան անոր կարելիութիւնները։

Անոնց, որոնք թերթէն ակնկալեցին արթուն պահապանը մնալ Հ.Մ.Ը.Մ.ական արժէքներուն, շարունակ ըլլալ յանդուգն եւ անխնա՛յ բարոյական սկզբունքներու նահանջի երեւոյթներու դիմաց։

Անոնց, որոնք ամէն թիւի անակնկալ մը սպասեցին թերթէն, նախաձեռնութեան, բարեփոխութեան եւ նորարարութեան խիզախ ճիգերով։

Եւ վերջապէս անոնց, որոնք սուրի նման փայլուն գրիչներ եւ ոսկիի նման հնչիւն խօսքեր փնտռեցին թերթին մէջ։

Բնականաբար, գտնուեցան նաեւ անոնք, որոնք պահանջեցին բովանդակութեան եւ նիւթերու այնպիսի այլազանութիւն, որուն ընդառաջել պիտի նշանակէր նահանջ արձանագրել միութենական մամուլի մեր յանձնառութենէն եւ իւրայատկութենէն։

Գտնուեցան նաեւ անոնք, որոնք արհեստագիտութեան սուրը ճօճեցին թերթին դէմ, մոռնալով որ միութենական սկզբունքներու յանձնառու մամուլը չի սկսիր եւ չի վերջանար արհեստագիտութեամբ։ Արհեստագիտութիւնը միջոց է, գործիք, սակայն մեր մամուլը, «Մարզիկ»ը յատկապէս, ձեւ-գիծ-գոյն եւ նկար ըլլալէ առաջ, բովանդակութիւն է եւ իւրայատուկ դիմագիծ։

Ընթերցողներու ակնկալութիւնները երբեք չափ ու սահման չեն ճանչցած։ «Մարզիկ»ի պարագային եւս չճանչցան։

***

Այսօր, կþապրինք գերազանց ուժերու յաջողութեան ժամանակաշրջանը։ Օրերն ու պայմանները չեն խնայեր միջակներուն, տկարներուն, նիւթական թէ ստեղծագործական համեստ կարողութիւններ ունեցողներուն։

Կը գտնուինք աշխարհի մը մէջ, ուր օրական հսկայաքայլ յառաջդիմութիւն կ’արձանագրուի տեղեկութիւններու փոխանակման եւ մամլոյ մարզերուն մէջ։ Պատկերասփիւռը, համակարգիչը, ելեկտրոնիկ «ուղեղ»ներն ու համացանցը երկրագունդը վերածած են Համաշխարհային Գիւղի մը, ուր ամէն մարդ գրեթէ ամէն բանի մասին կրնայ տեղեկութիւն ստանալ առաւելագոյնը քանի մը վայրկեանէն։

Մարդկային նոր ընկերութիւն մը կը կերտուի մեր աչքերուն առջեւ։ Տեղեկութիւններով սնանող ընկերութիւնն է այդ, որուն անդամներէն իւրաքանչիւրը բազմապատիկ անգամ աւելի բան գիտէ՝ քան նախորդ դարերու մարդը, եւ սակայն, բաղդատմամբ այսօրուան աշխարհի տեղեկատուական հսկայ պաշարին, անիկա շատ աւելի նուազ բան գիտէ՝ քան նախորդ դարերու մարդը իր օրերու տեղեկութիւններուն մասին։

Նոր կազմաւորուող մեր ընկերութեան լեզուն տարբեր է նախորդներէն։ Ի զուր չէ, որ ընթերցողներ յաճախ կը գանգատին մամուլի լեզուէն, որովհետեւ անոնք չեն անդրադառնար, որ մարդկային հրաշալի լեզուն կամաց-կամաց կը փոխարինուի պատկերասփիւռի կամ համակարգիչի պաստառներու պարզ, մակերեսային եւ սպառողական շուկայի լեզուով։ Այսպէ՛ս է որ հետզհետէ կը պակսի մարդոց հետաքրքրութիւնը թերթին եւ ընթերցանութեան հանդէպ, կը նուազին կարծիքներու փոխանակումն ու զրոյցը՝ հիմնական հարցերու շուրջ, կը տկարանայ անոնց յիշողութիւնը, կը խամրի անոնց երեւակայութիւնը եւ հրապարակ կու գայ նորահաս սերունդ մը, որ տեղեկատուական գրաւիչ միջոցներուն զոհը դարձած՝ ցերեկը գերին է համակարգիչին, իսկ գիշերը՝ պատկերասփիւռին։

Առանց յոգնութեան կամ ճիգի տեղեկութիւններու եւ գիտութեան արագօրէն տիրանալու տենչը, անկասկած, որ մարդոց հոգիներուն մէջ կը ջլատէ տքնաջան աշխատանքի ոգին, կը բթացնէ համբերութեան եւ տոկունութեան անոնց նկարագրային գիծերը եւ զանոնք կը զրկէ մեծ դժուարութիւններ յաղթահարելու գնով՝ նուաճումներ կատարելու բերկրանքէն։

Կը կրկնենք։ Երկրագունդը այսօր վերածուած է Համաշխրհային Գիւղի մը, իսկ անոր բնակիչները՝ տեղեկութիւններով սնանող ընկերութեան։ Իսկ ո՞ւր ենք մենք, իբրեւ ազգ եւ հրատարակութիւն։ Մամլոյ աւանդական մեր մօտեցումները տակաւին որքա՞ն կրնան դիմադրել Գիւղին հրապոյրներուն։ Վերջին հաշուով, բոլորս ալ, առաւել կամ նուազ չափով, արդէն սկսած ենք այդ Գիւղին բնակիչները դառնալ, դարձած ենք, պիտի դառնանք։ Մեզի կը մնայ ուրեմն ճշդել, թէ այսուհետեւ ինչպիսի՞ «Մարզիկ» մը պիտի հրամցնենք 21-րդ դարու սեմին։

Այս մէկը արդէն 200-րդ թիւի հրատարակութեան մեծագոյն մարտահրաւէրն է, անկասկա՛ծ։

Տարածենք