Թիւ 205 - - ԱՆՄԱՀ ԳՈՐԾԸ (ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

 

Հայ ժողովուրդի սրտին մէջ իրենց սրբութեան կարգով նուիրագործուած հայրապետներէն մէկն ալ անցաւ պատմութեան։ Չկա՜յ այլեւս Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. Վեհափառը։ Ան ա՛լ նշխար է միայն հողին տակ, քաղցր անուն՝ մեր շրթներուն վրայ, յուշ եւ անթառամ յիշատակ՝ մեր հոգիներուն մէջ, ոգեղէն ներկայութիւն՝ մեր մէջ, մեր շուրջ, մեր առօրեայ կեանքին ու մտածումին մէջ, միշտ ժպտուն՝ իրեն յատուկ քաղցրութեամբ, լուսաւոր՝ ժպիտին նման, մեր նայուածքներուն դէմ յանդիման։

Չկա՜յ այլեւս Գարեգին Վեհափառը, Արժանաւոր Մարդը, որուն հմայքին քաշողական ուժը կ’առինքնէր բոլորը, յարգանք ու սէր պարտադրելով բոլորին։ Ան, որ բոլորը ունէր իր հայրական տաք սրտին մէջ, եւ բոլորը զինք ունէին իրենց որդիական սրտերուն մէջ։

Չկա՜յ այլեւս հայ իմացական մտքի փայլուն ներկայացուցիչը, Սահակ-Մեսրոպի մշակոյթին երկրպագուն։ Ան, որ երբեք չմտածեց իր ապրած կեանքին ու կատարած գործին մասին, այլ՝ մտածեց ապրելիք ու կատարելիք գործերուն մասին։

Յաւիտենական իր հանգիստին մէջ այսօր խաղաղ ու անխռո՜վ կը հանգչի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան 131-րդ գահակալը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նախկին կաթողիկոսը։ Ան, որուն հոգեւոր կեանքին կէս դարու ընծայաբերումը այնքան արդիւնաբեր եղաւ Հայ Եկեղեցւոյ ներքին ծաղկումին եւ արտաքին ճառագայթումին։

Իր նախորդներուն նման, Գարեգին Վեհափառ եւս եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ջերմ բարեկամ։ Իրմէ առաջ, Ամենայն Հայոց Վազգէն Վեհափառ իրա՛ւ սկաուտ էր, Երջանկայիշատակ Խորէն Վեհափառ սկաուտութեան մեծ ջատագով էր, իսկ Զարեհ Վեհափառ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրբը» նկատուեցաւ շատերու կողմէ։

Գարեգին Վեհափառ ապրեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ չեղած ըլլալու տխրութեամբ։ «Վրէ՛ժ» ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դէմ, որովհետեւ Քեսապի մէջ իր մանկութեան օրերուն Հ.Մ.Ը.Մ չկար։ Ան իր «վրէժը լուծեց» սակայն ամենախոր յարգանքով ու սրտագին կոչով. «Հ.Մ.Ը.Մ.ը այն կազմակերպութիւնն է, որուն եւ որով ծառայելու համար ոչինչ պէտք է խնայէք»։ Ի՛նք եղաւ առաջիններէն, որ ոչինչ խնայեց անկրկնելի այս Միութեան։

Օքսֆորտի ուսանող թէ Դպրեվանքի տեսուչ, ՀԵՀՈՄ-ի հիմնադիր թէ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի փոխ ատենապետ, Նոր Ջուղայի թէ Նիւ Եորքի Առաջնորդ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ թէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Գարեգին Վեհափառ եղաւ ու մնաց Հ.Մ.Ը.Մ.ի իտէալներուն եւ արժէքներուն մեծ հաւատաւորը։ Սիրե՛ց Հ.Մ.Ը.Մ.ը իբրեւ ոգի, մթնոլորտ, միջավայր եւ կազմակերպութիւն, որովհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականութեան մէջ տեսաւ «Յարգանքի, հնազանդութեան, ծառայութեան եւ նուիրումի» սկզբունքներուն մարմնաւորումը։

Գարեգին Վեհափառ մասնաւոր համակրանք ունեցաւ յատկապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական տարազին հանդէպ։ Իրեն համար «Միութեան, կարգի եւ ներդաշնակութեան խորհրդանիշ» այդ տարազը «Տասն անգամ աւելի արժեց՝ քան շողշողուն հագուստները»։ Թէեւ բազմիցս ան պատգամեց նաեւ, որ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերը տարազ չեն՝ աչքեր լեցնող, այլ դպրո՛ց են»։ «Հ.Մ.Ը.Մ.ը երիտասարդական հայաշունչ ոգիի վառարանն է», «Մարդկային եւ ազգային առողջ ու հարազատ ապրումներու քուրայ մըն է», «Քաղաքացիական դաստիարակութեան ամէնէն վառ օճախներէն մէկն է»։

Շատեր գրած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասին, սակայն քիչեր այնքան հարազատօրէն բնութագրած են անոր մարդկային եւ ազգային առաջադրանքներուն ողջ էութիւնը, որքան՝ Գարեգին Վեհափառը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը ան ճանչցաւ գիտնականի խորաթափանցութեամբ եւ մտաւորականի նուրբ զգայնութեամբ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 65-ամեակին, 70-ամեակին եւ 75-ամեակին իր տուած սրբատառ Կոնդակները միութեան «Յառաջագնաց եւ ապագայատեսիլ» երթին անսգիւտ վկայութիւնները կը կազմեն։

Փայլուն մտաւորական մը ըլլալու կողքին, Գարեգին Վեհափառ եղաւ նաեւ փայլուն հռետոր մը։ Իր հոգեւոր կեանքի երկար տարիներուն, Հայ Եկեղեցւոյ ծառայութեան տարբեր աստիճաններով, ան հանդիսապետեց բազմաթիւ ձեռնարկներու եւ Հայրական իր սրտի խօսքը փոխանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.ական թէ համակիր շարքերու։ Երբ կը խօսէր ան Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասին, խօսքերէն աւելի խօսուն կը դառնային աչքերը, որոնք կը վերածուէին մէկական սիրածոր աստղերու։ Ան գիտէր ոգեւորուիլ եւ բազմութիւնները ոգեւորել Հ.Մ.Ը.Մ.ի հրայրքով եւ հմայքով։ Իր ելոյթներէն ամէնէն աւելի անմոռանալի պիտի մնան Մայիսեան Փառատօններու ընթացքին, Պէյրութի մէջ արտասանած պատգամները, որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.ի նորահաս սերունդին համար թարգմանը կը հանդիսանան գաղափարական առողջ սերունդի մը պայծառ տեսիլքներուն։

Գարեգին Վեհափառ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վերածաղկումին մէջ տեսաւ հայ ժողովուրդի տոկուն ապագային հաւատքը, որուն ամրապնդման ի խնդիր՝ ան կատարեց յիշատակութեան արժանի կարգ մը գործեր։ Նախ, իւրաքանչիւր տարուան Նոր Կիրակին ան հռչակեց « Հ.Մ.Ը.Մ.ի օր»։ Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներէն Տիգրան Քհնյ. Խոյեանի «Նահատակ Ցեղի Անմահներ» յուշագրութեան լոյս ընծայման առիթով, Աւագութեան աստիճան շնորհեց արժանապատիւ Քահանայ Հօր։ Զարեհ Վեհափառը անուանեց «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրբը»։ Իսկ ամէնէն ուշագրաւը, այլեւ ծափահարելի՛ն, միութեան 75-ամեակին առիթով, իբրեւ գնահատանք Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազգանուէր գործունէութեան եւ առ ի պանծացում՝ Զարեհ Վեհափառի յիշատակին, խորհրդանշական նուիրատուութեամբ մը, ան 75 հազար տոլար նուիրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ին։

Եւ դեռ, Գարեգին Վեհափառ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի սեղանատան մէջ հացկերոյթ կազմակերպեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներուն ի պատիւ, համեստ սեղանակիցը եղաւ անոնց։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդրոնատեղիին պաշտօնական բացումը կատարեց, Հ.Մ.Ը.Մ.ական քանի՜-քանի՜ ակումբներ այցելեց, Հայրապետական Օրհնութեան Գիրերով մասնաճիւղեր խրախուսեց, Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի ոսկէ շքանշանին արժանացաւ եւ, ամէնէն վերջինը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան կողմէ « Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատուոյ Անդամ»ի կոչումին տիրացաւ։

Այսօր, մեր կեանքէն բացակայ է այլեւս համակ եռանդ ու տեսիլք ճառագայթող Գարեգին Վեհափառը։ Ներկայ են սակայն Վեհափառին հիասքանչ աչքերուն տակ տողանցած այն բազմահազար Հ.Մ.Ը.Մ.ականները, որոնք իրենց հոգեւոր Մեծ Առաջնորդին աղօթքները, մտածումներն ու գործերը ընտրած են իբրեւ կեանքի ուղենիշ։

Կեանքի օրինաչափութի՛ւնն է այդ. ուրախութիւն եւ տխրութիւն միշտ կը քալեն ձեռք-ձեռքի։ Մեկնողը կը մեկնի, կը մնայ սակայն Գործը, որ կը շարունակուի ուրիշի մը կողմէ։ Այս այսպէս է, որովհետեւ՝

«Անց են կենում նորն ու հինը,

Գեղեցկութիւն, գանձ ու գահ,

Մահը մերն է, մենք մահինը,

Մարդու գործն է միշտ անմահ»։

Տարածենք