Թիւ 170 - ԵՐԱԶԻ ՄԸ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՄԸ

 

Եւ եղա՜ւ։ Երազը դարձաւ իրականութիւն։ Արարատի կորիւնները, աշխարհի լեռներէն աշխարհի գագաթ բարձրացած մեր տղաքը, ողիմպիականի յաղթական պատուանդանը բարձրացան. պանծալի Եռագոյնը ծածանեցաւ, ազգային քայլերգը հնչեց։ «ԵԱՆ»ին ծափող աշխարհը գիտցաւ, թէ կը ծափէր վերանկախացած ժողովուրդի մը զաւակներուն։ «Արմենիա» իր տեղը ունեցաւ ողիմպիականի ընդհանուր դասաւորման աղիւսակին մէջ, Հայաստանը ցնծաց, հայութեան աչքերէն ժայթքեց արցունքներէն գեղեցկագոյնը՝ յաղթանակի ադամանդեայ արցունքը։

Դեռ երէկ, ճակատագրականօրէն զրկուած էինք ողիմպիականի մեր մարզիկներուն յաղթանակը լիովին ըմբոշխնելու իրաւունքէն։ Քանի՜-քանի՜ անգամներ մեր յաղթական մարզիկները դափնեզարդ իրենց ճակատները բարձրացուցին օտար դրօշի դիմաց, օտար քայլերգներու կշռոյթով։ Քանի՜-քանի՜ անգամներ մղկտող ցաւ մը խեղդեց կոկորդը ողիմպիականի մեր դիւցազուններուն, որոնք յաղթանակի բերկրանքը իրենց սրտերուն, չկարողացան գէթ անգամ մը անիրաւ աշխարհին երեսն ի վեր գոչել, թէ ո՜չ, ասիկա մեր դրօշը չէ մարդիկ, ասիկա մեր քայլերգը չէ՛ ժողովուրդ։ Մերը տարբե՜ր է։ Ուրիշին մերը չի՛ կրնար փոխարինել։

Արդարեւ, ողիմպիականներու շարունակ յոգնութիւնը, զրկանքն ու գերմարդկային ճիգը եղան մերը, մինչ պարծանքը, փառքն ու պատիւը եղան իրենցը։

Ազնուագոյն մրցակցութիւնն ու ամենաբուռն ճակատումը եղան մերը, մինչ պատուոյ ցուցատախտակներուն վրայ ներկայացուցչութիւնը եղաւ իրենցը։

Լացինք։ Լացին։

Մերը եղաւ սակայն զրկանքի արցունքը, իրենցը եղաւ՝ ցնծութեանը եւ հպարտութեանը։

Տուն-դարձի մեր ճամբաներն իսկ շեղեցին։ Մետալակիր մեր ախոյեանները նախ իջեւանեցան օտար մայրաքաղաքներ, ուր օտարներու «Հուռա՜»-ներով այլոց փառքը հիւսեցին, խանդավառեցին ու ոգեւորեցին, առանց սակայն խանդավառուելու եւ ոգեւորուելու սեփակա՛ն ժողովուրդի անխառն ուրախութեան կանչերով։

Այդ բոլորը մեր տխուր երէկն էին։ Այսօրը տարբեր է երէկէն։ Մսրայ Մելիքներու յարուցած ամպրոպն ու փոթորիկը անցած են այլեւս, եւ սեւ ամպերուն մէջէն վերայայտնուած է Դաւիթը՝ ո՜ղջ ու յաղթական։

Անիրաւութեան մէկ մասը սրբագրուած է։ Կը մնայ մնացեալը, մեծագո՛յնը։ Այն, որ բախտաւոր պայմաններու մէջ, ողիմպիականներուն այլեւս չլսենք «Ամերնիա»-ի պատուիրակութենէն դուրս, որեւէ օտար պատուիրակութեան մաս կազմող հայազգի մարդոց անուն։ Հայ սփիւռքի մարզական բոլոր ներկայացուցիչները միջազգային ողիմպիականներուն ներկայանան ԱՆԿԱԽ ու ՄԻԱՑԵԱ՛Լ Հայաստանի դրօշով, խրո՛խտ ու բարձրաճակատ։

Աթլանթան անիրաւութեան սրբագրութեան սկիզբը նշեց, Սիտնին կրնայ յուսատու նոր հորիզոններ բանալ մեր առջեւ։ Մինչ այդ սակայն, քաջազուն Վարազդատի արժանաւոր յետնորդներէն կը սպասուի պատրաստութիւն եւ… պատրաստութի՛ւն, որպէսզի Եռագոյնը աւելի շատ ծածանի յաջորդ ողիմպիականին, որպէսզի «Մեր Հայրենիք»ը աւելի հնչեղ դառնայ բոլորին ականջներուն եւ սրտերուն։

Մեր յաջորդ ժամադրութիւնը՝ չորս տարի ետք, Սիտնիի 27-րդ ողիմպիականին։

Տարածենք