Թիւ 171 - ԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ «ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ»Ը
Ինչպէ՞ս կրնանք ստեղծել ազգային «քաղաքական հաւաքական» մը, որ ճատրակի 32-րդ ողիմպիականին մասնակցող Հայաստանի հաւաքականին վայելած քաջալերանքին քառորդին արժանանայ։ Կամ՝ ինչպէ՞ս կրնանք ունենալ այնքան ժողովրդական եւ սիրուած հայրենի նախարարներ եւ երեսփոխաններ՝ որքան Հայաստանի ֆութպոլի խումբին «աստղեր»եր Վարազդատ եւ Արսէն Աւետիսեանները…։ Եւ դեռ, ինչպէ՞ս կրնանք փողոցէն անցնելու պահուն այնքա՛ն ջերմ ծափողջոյններու արժանացող քաղաքական պատասխանատուներ գտնել՝ որքան «մասթըրզ»ի մրցաշարքին առաջին անգամ մասնակցող Հայաստանի հաւաքականին անդամները…։ Չորրորդ եւ վերջապէս, հայրենիքի մէջ արտօնեալ կերպով գործող քաղաքական հոսանքներէն կա՞յ մէկը, որ ազգային փրկութեան իր ծրագիրով այնքա՛ն շատ ժողովուրդ համախմբէ իր շուրջ, որքան Աթլանթայի ողիմպիականին հայ մետալակիրները։
Այս բոլոր հարցադրումները շեշտակի կերպով կը կատարենք, որովհետեւ հայ ժողովուրդի անկախութեան վերածնունդի 5-րդ տարեդարձի օրերուն, կը տեսնենք եւ կþարժեչափենք գնահատական այն մօտեցումները, զորս մեր ժողովուրդը մէկ կողմէ կը ցուցաբերէ իր երկրի վարչակարգին, իսկ միւս կողմէ՝ իր մարզական աշխարհին նկատմամբ։
Թէեւ մեծ տարբերութիւններ կան մարզական եւ քաղաքական աշխարհներուն միջեւ, սակայն կþարժէ Սեպտեմբեր 23-ի խորհրդածութիւններով լեցուն ամսուան աւարտին գէթ անգամ մը կանգ առնել եւ փորձել ուսանելի դասեր քաղել պայծառ երկինքի տակ պարզուած երեւոյթներէն։ Արդարեւ, մեր ժողովուրդի լայն զանգուածները, ուր ալ գտնուին, ամուր կապ մը, աւելի ճիշդը՝ անխզելի կառչածութիւն մը կը ցուցաբերեն ամէն ինչի հանդէպ որ իր արտայայտութիւնը կը գտնէ բիւրեղ հայկականութեան դրոշմով։ Նոյնն է պարագան քաղաքական եւ մարզական կեանքերուն, որոնց երկուքին տարբերութիւնը հաւանաբար արտայայտութեան ձեւերուն եւ միջոցներուն մէջ պէտք է փնտռել ամէնէն աւելի։
Անշուշտ, երբեք կարելի չէ ժողովրդային ամբողջական զօրակցութիւն սպասել քաղաքական ղեկավարներու հանդէպ, ինչպիսին է պարագան մարզական աշխարհի «աստղ»երուն, որովհետեւ երկուքին հերոսներն ու անոնց հերոսութիւններուն ձեւերը կը տարբերին իրարմէ։ Գիտենք, որ եթէ մարզախաղերը կը կատարուին բացօդեայ դաշտերու մէջ, լուսարձակներու տակ, քաղաքականութիւնը մարդիկ կը մշակեն մութի՛ն մէջ, լուսարձակներէ հեռու։ Արդ, եթէ մարզական աշխարհին արտայայտութիւնները ուժը, պարկեշտութիւնը, անշահախնդրութիւնը, ազնիւ մրցակցութիւնը, խմբային գործակցութիւնը եւ մաքուր խաղարկութիւնն են, ապա քաղաքականութեան պարագային այդ արտայայտութիւնները սուտը, կեղծիքը, շահախնդրութիւնը, դաւադրութիւնը, անձնակեդրոն իշխանութիւնը եւ անբարոյութեան աստիճանի հասնող վարքն ու բարքն են։
Իսկ մենք, Հայաստանի նման խորհրդային լուծը նոր թօթափած երկրի մը մէջ, որքա՜ն կարիքը ունինք ներազգային մեր կեանքին մէջ բոլորին անվերապահ յարգանքին արժանի անշահախնդիր ղեկավարներու, որոնք հաւաքական գործակցութեան եւ պարկեշտ ղեկավարութեան հաւատացողները ըլլան ամէն բանէ առաջ։
Եւ դեռ զարմանա՞նք ուրեմն, թէ մարզական աշխարհի գնդակները ինչո՞ւ այնքան շատ ժողովրդականութիւն եւ հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն իրենց շուրջ՝ քան քաղաքական աշխարհի շատ մը գլուխները…։ Արդեօ՞ք որովհետեւ ազնիւ մրցակցութիւնը միայն մարզական աշխարհին մէջ է…։
Պատասխանը սպասելու կարիքը չունինք, որովհետեւ մենք խոր համոզումով սպասեցինք ու դե՛ռ կը սպասենք ազգային «քաղաքական հաւաքական»ին կազմութիւնը։