Թիւ 176 - ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՆՈ՛Ր ԱՍՏՂԵՐՈՒ

 

Դպրոցական գրասեղաններու ետին, աշխարհագրութեան մեր ուսանողները ամէն անգամ որ «լոյսի տարուան» բացատրութեան հանդիպին, ապշահար կը սորվին թէ ինչպէ՛ս, երբ երկինքի աստղերուն նային, զանոնք կը տեսնեն անցեալին մէջ, քանի աստղերու հեռաւորութիւնը երկրէն լոյսի բազմահարիւր տարիներու հեռաւորութիւնը ունի։

Դպրոցական տարիներէն բաւական ետք, այս անգամ աշխատանքային իրենց գրասեղաններու ետին, մարզական մեր թղթակիցները «մարզական տարուան» մը գնահատականը կատարելու ժամանակ, դարձեալ ապշահար կը դառնան, երբ հայ մարզաշխարհի աստղերուն կը նային եւ անոնց մեծամասնութիւնը կը տեսնեն անցեալին մէջ…

Զարմանալի ու մտահոգիչ զուգահեռ մըն է, որ կþընդգծուի երկինքի ու երկրի աստղերուն միջեւ։

Արդարեւ, մթագնած է այսօր հայ մարզաշխարհի երկնակամարը։ Կամ առնուազն՝ ժամանակաւոր խաւարումի մատնուած է ան։ Հեռադիտակով ու մանրադիտակով կը փնտռուին նոր աստղեր, փայլո՛ւն աստղեր, որոնք լուսաւորեն մարզական մեր կեանքը, վերականգնեն մարզական երբեմնի մեր հարուստ աւանդները եւ մեզի վերադարձնեն դափնեաց նոր փառապսակներու արժանացման բերկրանք։

Անշուշտ, դիւրին չէ աստղ ըլլալը։ Աստղեր ամէն օր չեն ծնիր։ Հեծելարշաւի «թագաւոր» Միկէլ Ինտուրայնի եւ թենիսի նոր «թագուհի» Մարթինա Հինկիսի օրինակները բաւարար են հաստատելու, որ աստղեր անդուլ պատրաստութեամբ եւ համբերատար ջանքերով մէջտեղ կու գան։ Իսկ աւելի կարեւորը, բազմապատկուած ճիգերով եւ յամառ հետեւողականութեամբ միայն կը պահեն իրենց փայլքը։

Մնայուն կերպով փայլող աստղեր չկան, սակայն մնայուն կերպով աստղեր պատրաստող դպրոցնե՛ր կան։ Իսկ Հ.Մ.Ը.Մ. մէկն է այդ դպրոցներէն, ապահովաբար հայ մարզական կեանքի եզակի դպրոցն է ան, որուն ազգային եւ մարմնակրթական ոգեշնչող մթնոլորտին մէջ դարբնուած սերունդները տասնամեակներ շարունակ հայ թէ օտար մարզական շրջանակները սքանչացումի մղած են միութենական իրենց բարձր գիտակցութեամբ, օրինակելի կարգապահութեամբ ու մանաւա՛նդ՝ մարզական ազնիւ ոգիով։

Մրցանիշները չեն, որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.ական համեստ մարզիկներէ մէկական հմայիչ աստղեր կերտած են, ոչ ալ՝ կանաչ դաշտերու վրայ նշանակուած կոլերու թիւերը կամ՝ պասքէթի խաղերու ընթացքին արձանագրուած կէտերու գումարները, այլ՝ այդ բոլորէն առաջ ու այդ բոլորէն աւելի, Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկի մը յանձնառութիւնն ու ծառայութիւնը՝ հանդէպ այն տարազին, որուն նուիրական երեք գոյներով արտայայտուած ազգային արժէքներուն առաքեալը կոչուած է ըլլալու ան, հեռու՝ ցուցամոլական եւ նիւթապաշտական մօտեցումներէ։ Ահա թէ ինչու, օտարներ մեզմէ առաջ իրե՛նք կը վկայեն, թէ զուր է Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերէն ներս միութեան տարազը կրող սոսկական աստղեր փնտռելը, քանի Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր ծոցին մէջ կþապրեցնէ ու կþապրի Հ.Մ.Ը.Մ.ակա՛ն աստղերով միայն։ Նման երկինքի այն աստղերուն, որոնք ամէնուրեք կը յառաջացնեն աստղային քամիներ, որոնցմով կը մաքրեն արեգակնային մեր համակարգին աւելորդ կազերն ու փոշիները, կը բիւրեղացնեն տիեզերքի մթնոլորտը եւ կը պայծառացնեն մարդկային մեր տեսողութիւնը։

Իսկ այս պարագային, արեգակնային համակարգը ինչո՞վ կը տարբերի մարզական խայտաբղէտ մեր համակարգէն, ուր «աստղային քամիներ» յառաջացնող Հ.Մ.Ը.Մ.ական նոր աստղերու կազմաւորումը հրամայական պահանջ դարձած է այսօր, իբրեւ գրաւական՝ մարմնակրթական մեծ միութեան առաքելութեան ճառագայթումին, իբրեւ երաշխիք՝ մարզական մեր կեանքին նախանձելի մակարդակի բարձրացման։

Տարածենք