Թիւ 33 - ՊԱՏԻՒԸ
Այն որ Մարդու արժանաւորութեան առաջին սանդխամատն է,
Այն որ միաժամանակ միջոց է ու նպատակ,
Այն առանց որուն ի՛նչ մարդ, ի՛նչ կեանք։
Պատիւը պատուել-պատուըուիլ չէ, պատիւը Աստուծոյ շունչն է, որուն կորուստը համազօր է մահուան, որուն ներկայութիւնը մեծագոյն գանձն ու հարստութիւնն է եւ որով կա՛մ կանք, կա՛մ չկանք։
Պատիւը շօշափելի այն հասկացողութիւնն է, որ միջին եզր չի ճանչնար, յարմարեցումներ չþընդունիր, այսինքն կա՛մ կայ, կա՛մ չկայ։
Վերջապէս պատիւը այն է, որ երբ մեկնի, անվերադարձ է, ինչպէս վերջին շունչը։
Ա՛յդ է, գոյութեան այդ անչափելի՛ն է գրաւականը հայ սկաուտի եւ մարզիկի երդումին։
Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտն ու մարզիկը, պարզ անդամը կամ ցենզաւոր վարչականը հաւասարապէս կ’ըսեն.
- Եթէ չյարգենք մեր երդումը, թող խնդրոյ առարկայ դառնայ մեր պատիւը։
***
Երդում ընողները գիտե՞ն ծանրութիւնը գրաւին։
Կ’արժէ՞ նպատակը, որուն համար նժարին կը նետուի պատիւը։
Այդ ի՞նչ է, որ պատուով կ’երաշխաւորուի։
- Պատուոյս վրայ կþերդնում ըլլալ հաւատարիմ Աստուծոյս եւ Հայրենիքիս.
- Պատուոյս վրայ կ’երդնում գործել իբրեւ պարտականութեան գիտակից արի եւ վեհանձն մարդ.
- Պատուոյս վրայ կ’երդնում հնազանդիլ հայ սկաուտի դաւանանքին։
Իսկ ի՞նչ է ԴԱՒԱՆԱՆՔԸ, որուն հնազանդութիւն կը խոստանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ականը.
- Խօսքի նուիրականութիւն, հնազանդութիւն, հաւատարմութիւն եւ ուղղամտութիւն, օգնելու պատրաստակամութիւն, բարեկամութիւն բոլորին հետ, բարեկրթութիւն, գուրգուրանք Մայրենիին վրայ, պաշտպանութիւն անասուններու եւ բոյսերու, զուարթութիւն եւ խանդավառութիւն, աշխատասիրութիւն ու կորով, տնտեսելու կարողութիւն ու մաքրութիւն մտածումի, խօսքի եւ գործի։
Դաւանանքի իւրաքանչիւր համարը օղակ մըն է միւսին համար, ինքն իր մէջ ամբողջութիւն մըն է ու ամբողջ դաւանանքը իր 12 յօդուածներով կը միտի մարդ թրծելու։
Երդումի եւ դաւանանքի ազնուական ու ծանր յանձնառութեան դիմաց բնական է, որ մեծ ըլլայ գրաւականը եւ գրաւականներու մեծագոյնը պէտք է ճդշուի որպէս ապահովութեան մուրհակ։
Երդումին հաւատարիմ, Դաւանանքը իրագործելու պատրաստակամ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ականը ամենայն ինքնավստահութեամբ կը ստորագրէ՝ ՊԱՏԻՒ։
***
Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութիւնը եղաւ պատուոյ եւ պատուախնդրութեան արձանագրութիւն։ Հ.Մ.Ը.Մ. իր պատիւը բարձր պահելու համար մնաց բարձր ու ճակատաբաց։
Չմրոտեց ինքզինք։
Խոստումը խօսքէն գործի վերածելու դժուարին ճիգին մէջ ոչ միայն ընկրկում չարձանագրեց, երդմնադրուժ չեղաւ, այլ ինքզինք վտանգեց անվտանգ պահելու համար պատիւը, ու անոր շուքին տակ հաստատեց իր վրանը, ակումբն ու դաշտը եւ շարունակեց կրկնել.
- Աստուած, Հայրենիք, Մարդ։
Այսինքն՝ Երկինք, Երկիր, Շունչ։
Ա՛յս էր, այս մօտեցումն ու նկարագիրը, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը մեծ պահեց. ա՛յս է, որ մեծ պիտի պահէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ ա՛յս է, որ կþակնկալուի իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականէ.
Երդում Պատուոյ վրայ, որ պիտի պատուըուին Աստուած, Հայրենիք եւ Մարդ։
Հ.Մ.Ը.Մ.ը՝ այս է։
Պատի՛ւ։