Թիւ 177 - ԺԱՄԱՆԱԿԸ, ՄԵՆՔ ԵՒ ՏԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ…
«21-րդ դարու պատրաստութիւն» անունով իր աշխատասիրութեան մէջ, անգլիացի ծանօթ հրապարակագիր մը վերջերս դիտել կու տար, որ «Այն որ այսօր շրջանաւարտ կ’ըլլայ, վաղը կը դադրի սորվելէ, տգէտ մըն է միւս օր»։ Անգլիացին իր իմաստուն բանաձեւումին հիմք կը ծառայեցնէր այն երեւոյթը, թէ ինչպէ՛ս Ծայրագոյն Արեւելքէն մինչեւ Ծայրագոյն Արեւմուտք, աշխարհի ամէնէն յառաջադէմ ժողովուրդները այսօր լրջօրէն կþուսումնասիրեն 21-րդ դարուն մարդկութեան սպառնալիք մարտահրաւէրները, այժմէն իսկ լուծումներ կ’որոնեն իրենց դիմագրաւելիք հաւանական տագնապներուն եւ արհեստագիտական, հաղորդակցական եւ տեղեկատուական ամէնէն արդիական միջոցներով օժտուած՝ տենդագին կերպով կը պատրաստուին թեւակոխել 33 ամիսէն սկսող նոր դարը։
Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ, ժամանակին հետ ու ժամանակէն առաջ ընթանալով, Ճափոն այսօր զօրաշարժի ենթարկած է 800 հազար հաշուող մասնագէտներու «բանակ» մը՝ սերտելու եւ որդեգրելու համար 21-րդ դարու նորութիւններուն եւ փոփոխութիւններուն հետ քայլ պահելու միջոցներն ու ձեւերը։
Արեւմուտքի մէջ, այս անգամ ժամանակի դէմ մղուած մրցումի թափով, բազմահազար գիտնականներ եւ փորձագէտներ օրն ի բուն կը ճգնին ծինային նորագոյն ճարտարագիտութեամբ ո՛չ միայն բարեշրջել, այլեւ՝ յեղաշրջե՛լ ամբողջ մարդկային կեանքին ընթացքը եւ մարդկութեան 21-րդ դար մուտքը ապահովել քաղաքակրթական բոլորովին նոր ենթահողով։
Իսկ ո՞ւր ենք մենք, 21-րդ դարու նախապատրաստութեան համար կատարուող ու կատարուելիք աշխատանքներուն մէջ։ Ո՞ւր են հեռանկարային մեր ծրագրումները։ «Ժամանակ չունինք նախապատրաստուելու», «ժամանակը մեր դէմ կ’աշխատի», «Ժամանակը չէ հասած», «Ժամանակը անցած է», «Ժամանակը փոխուած է», «Ամէն ինչ ժամանակէն կախում ունի»։
Ժամանակ… Ժամանակ… Ժամանակ։ Ժամանակը ոսկի է։ Ուրեմն, անհաւատալի է, որ ոսկիին արժէքը գիտնալով հանդերձ, ժամանակին արժէքը չգիտնանք։
Ժամանակը չի փոխուիր, մարդի՛կ կը փոխուին, մարդոց բարոյական ըմբռնումները, արժէքներու հասկացողութիւնը չափանիշներն են, որոնք փոփոխութիւն կը կրեն՝ այնքան մը որ, երբեմն ժամանակին արժէքը գիտնալով հանդերձ, իբրեւ ոսկի, ու մանաւանդ՝ ոսկի՛ հորթ, մարդիկ ոչ թէ կը պաշտեն, այլ՝ կը ծախեն զայն, կը հալեցնեն եւ կամ՝ գրաւի կը դնեն…։
Կը կրկնենք. իսկ ո՞ւր ենք մենք, 21-րդ դարու նախապատրաստութեան համար կատարուող ու կատարուելիք աշխատանքներուն մէջ։
Անցեալի մեր նուաճումներն ու յաջողութիւնները այլեւս անցած են պատմութեան էջերուն։ Տարիներ շարունակ գրած, խօսած ու ճառած ենք անոնց մասին։ Տարիներ պատմած ենք իրարու, յիշեցուցած ենք աղքատ յիշողութեան տէր մարդոց եւ կրկնած ենք թերահաւատ հայրենակիցներու։ Ներկայացուցած եւ պանծացուցած ենք այնքան, որ «Հայր Մեր» մը արտասանելու պէս՝ զանոնք գոց սորված են մատղաշ սերունդի մեր զաւակները անգամ։
Ահա թէ ինչո՛ւ, երբ ժամանակի որոշ հեռաւորութենէ դիտուած՝ երբեմնի մեր հպարտառիթ իրագործումներուն մասին արտայայտուինք, յաճախ յաճախանքը կþունենանք այն վախին, թէ մարդիկ, տեւաբար զարգացող եւ նորութիւններու հետ քայլ պահող ազգայիններ, հարց տան եւ ըսեն.
- Գիտե՜նք, գիտե՜նք մեր յաջողութիւններուն մասին, Պատարագ չէ որ կրկնէք նոյն բառերով, նոյն հանդիսաւորութեամբ, անփոփոխ։ Ըսէք մեզի, թէ վաղը անգլիացի ծանօթ հրապարակագիրին ու իր նմաններուն կողմէ մենք եւս տգէտներու շարքին չդասուելու համար, այսօր ո՞ւր ենք մենք 21-րդ դարու նախապատրաստութեան համար կատարուող ու կատարուելիք աշխատանքներուն մէջ։
Իրօք, ո՞ւր ենք մենք…։