Թիւ 178 - ՀՈՂԻՆ ԿԱՆՉԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ական մատղաշ կեանքի մեր օրերէն անպայման կը յիշենք երգ մը, որ մինչեւ այսօր կը մնայ մեր շրթներուն վրայ։ Երգ մը, որ ինքնաբերաբար եւ մեքենաբար, բռնագրաւեալ մեր հողերուն կանչը կը ժայթքէ մեր հոգիներէն։

«Ո՞ւր է Մուշը, ո՞ւր է Վանը, ո՞ւր է հայոց Արտահանը»։

Օրհնուի այդ երգը։ Քանի անիկա կանչն է Ապրիլ 24-ին, կանչն է աշխարհասփիւռ հայութեան։ Կանչն է ամբողջակա՛ն Հայաստանին։ Երանելի Յոբ կþըսէ. «Հարցուր հողին եւ անիկա կը սորվեցնէ քեզ»։ Մայր հողն է արդարեւ, որ այդ երգին հառաչանքին հետ մեզի կը սորվեցնէ, թէ պէտք է սնանիլ ոչ միայն իր աստուածային կաթով, այլեւ՝ ու մանաւա՛նդ՝ իմաստութեամբը իր ծոցին մէջ հանգչող մեռելներուն, ժառանգական իրաւունքովը իր ընդերքին մէջ հանգչող նահատակներուն, որոնք ապրելու ուժ կու տան ողջերուն։

«Ո՞ւր է Մուշը, ո՞ւր է Վանը, ո՞ւր է հայոց Արտահանը»։

Մենք այս երգո՛վ մեծցանք, Հ.Մ.Ը.Մ.ականի թոթովախօս մեր առաջին կանչերուն հետ, այս երգո՛վ հասակ առինք ու կազմաւորուեցանք։ Այս երգով Մուշը, Վանն ու Արտահանը ոգեղէն ներկայութիւն դարձան իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի ընտանեկան օճախէն ներս, ուր Եղեռնով կորուսեալ հողին բոյրը իր երկրորդ կեանքը ապրեցաւ տարագիր հայու հոգիներուն մէջ, տոհմիկ սովորութիւններու, կենցաղի եւ մշակոյթի որոշ շարունակականութեամբ։ Այսպէ՛ս է որ, Պէյրութէն մինչեւ Սիտնի, Գահիրէէն մինչեւ Փարիզ ու Լոս Անճելըս, Մշոյ քոչարիները, Վանի հոյնարներն ու Արտահանի աւանդական բարքերը Երկրի «համն ու հոտը» փոխադրեցին գաղթաշխարհ, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ական յաջորդական սերունդներ քաղցր մտերմութեամբը ապրեցան Բասենայ դաշտի «Նախշուն գոգնոց օրիորդ»ներուն եւ Անտոքայ սարի «Փամփուշտները խաչկապ կապած» հերոսներւն։ Անոնք «Ձայն մը հնչեց»ուցին Էրզրումի հայոց լեռներէն, իսկ անձկագին ձայն մըն ալ տուին Վանայ Ծովակին՝ «Ո՞վ Ծովակ, ինչո՞ւ լռում ես»…

Ընտիրները այս երգով հերոսներ դարձան, երբ որոշեցին հողին կանչին ընդառաջել եւ բարձրանալ վեր, անմատչելի բարձունքներն ի վեր, զոհաբերութեանց կատարը, հասնելու համար Մուշին, Վանին ու Արտահանին առաջնորդող փարոսին։

Անոնք հերոսացան, իսկ մենք օրէ-օր հասանք այն խոր գիտակցութեան, թէ մայր հողը նահանջի բոլոր ճամբաները ընդմիշտ փակած է մեր առջեւ։ Յոգնիլը մեղք է մեզի համար։ Մենք դատապարտուած ենք յաղթելու, եւ իբրեւ անմեռ Սասունցի Դաւիթ, աշխարհի չորս ծագերէն մոլեգին ցեղասպանին երեսն  ի վեր գոչելու, թէ մենք ներկա՛յ ենք պետութեամբ ու ժողովուրդով, քանի Սասնայ ծուռ Դաւիթին նման, Սասնայ ծուռ է հայ ազգը ի՛նք, որ վճռած է ո՛չ մէկ գնով զիջիլ անզիջելին՝ հողը հայրենի, որուն 161.370 քառ. քլմ.ը նուիրագործուած եւ ոգեղինացած է «Իւր քաջ որդւոց սուրբ արիւնով»։

Մէկուկէս միլիոն նահատակներու անկորնչելի՛ կտակով։

Տարածենք