Թիւ 179 - ՆՈՐ ՄԵԿՆԱԿԷՏ

 

Ծնծղաներ չեն աւետեր Հայաստանի Ազգային Սկաուտական Կազմակերպութեան անդամակցութիւնը Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումին։ Տօնահանդէսներ չեն կազմակերպուիր, ոչ ալ՝ ցնծութեան ճառեր կþարտասանուին։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի սկաուտութիւնը (ՀԱՍԿ-ը), ազատութեան եւ անկախութեան համը իր քիմքին վրայ առած, խանդավառ շարքերով նետուած է միութենական ծառայութեան նուիրեալ ասպարէզ՝ իր ու իրեն բախտակից սերունդին ուսերէն թօթափելու համար համայնավարութեան 70-ամեայ «ժանգ»երը եւ կերտելու նո՛ր հայը, իր հոգիին ու մտքին կատարեալ ազատութեամբ։ ՀԱՍԿ-ի սկաուտներուն ծնծղայ, տօնահանդէս եւ ճառ պէտք չեն, այլ՝ համազգային զօրակցութիւն, քարոզչական, բարոյական եւ նիւթական լայն աջակցութիւն ու ամէնէն առաջ եւ վերջ՝ իր եղունգներով հայութեան հոգին ակօսող, իսկ մտքով հայ հողին հունտ տուող սկաուտապետներ։

Անցնող տարիներուն, Հ.Մ.Ը.Մ. բեղուն աշխատանք տարաւ Հայաստանի սկաուտութեան ստեղծման եւ ամրապնդման համար։ Իբրեւ «Տորմիղ հրաթեւ», Հ.Մ.Ը.Մ.ական ամբողջ սերունդ մը կեանք ու աւիւն տուաւ, իր աչքին ու մտքին լոյսը մաշեցուց, շարունակ ծրագրեց ու կազմակերպեց, ստեղծեց սկաուտական շարժում, նորոգեց ու վերանորոգեց զայն, մինչեւ որ սկաուտական այդ շարժումը դարձուց ներկա՛յ Հայաստանի ներկային մէջ, երբ ուրիշներ բացակայ եղան իրենց ներկայութեան մէջ…։ Հ.Մ.Ը.Մ. եղաւ բոլորէն վեր, սակայն մի՛շտ բոլորին համար։ Ինչպէս Սփիւռքի գաղութներուն մէջ, հայրենիքի մէջ եւս Հ.Մ.Ը.Մ. եղաւ ու մնաց հայ կեանքին եւ միջազգային սկաուտութեան թատերաբեմին վրայ տեւաբար բարձրացող ու բարձրացնող ներկայութիւն մը։

Հետեւաբար, Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումին ՀԱՍԿ-ի անդամակցութեան յաջողութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պանծալի իրագործումներու շարքին լոկ վերջակէտ մը պէտք չէ նկատել, ոչ իսկ՝ միջակէտ մը, այլ՝ նոր մեկնակէտ մը, միջազգային սկաուտութեան ճանաչումով եւ զօրակցութեամբ զինուած, Հայաստանին ու հայ սկաուտութան ծառայութեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճիգերը այսուհետեւ կրկնապատկելու եւ բազմապատկելո՛ւ։

Այսպէ՛ս է Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութիւնը։ Մեր միութիւնը միշտ հպարտ եղած է իր անցեալով, այսօր հպարտ է Հայաստանի Ազգային Սկաուտական Կազմակերպութեան յառաջացման համար ի գործ դրած իր իրագործումներով։ Սակայն այդ անցեալը երբեք փառք ու փառապսակ չէ եղած իրեն համար, այլ՝ եղած է ամրակուռ պատուանդան մը, գրաւական մը միաժամանակ, ապագայի նորանոր իրագործումներու։

Այդ պատուանդանին վրայ խարսխուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ականի մեր անսասան հաւատքը՝ հայութեան լուսապայծառ ապագային հանդէպ։ Այդ պատուանդանի վրայ խարսխուած է նաեւ մեր ժողովուրդին դարաւոր երազին անխուսափելի կենսագործումը՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կերտումը։

Անցեալը ներշնչարան է ներկայ ու գալիք մեր նուիրաբերումներուն, բոլորանուէր ու բազմակողմանի ծառայութիւններուն։ Այդ անցեալով գօտեպնդուած՝ միշտ առոյգ կը մնան Հ.Մ.Ը.Մ.ական մեր շարքերը եւ համակիրները, որոնք լաւատեսութեամբ կը նային ներկային եւ հաստատակամութեամբ կը դիմեն գալիքին, այն խոր համոզումով, որ երբ կը քալեն մինչեւ ծայրը գիշերուան, անպայմա՛ն որ կը հանդիպին նոր արշալոյսի։

Ահա թէ ինչո՛ւ ուրեմն, մինչեւ «Վարդահեղեղ նոր արշալոյս»ի դիմաւորում, մեկնակէտէ-մեկնակէտ տեւաբար ինքզինք վերանորոգելով՝ մի՛շտ վարակիչ կը դառնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շունչը, գրաւիչ կ’ըլլայ անոր մթնոլորտը, մեծ կ’ըլլայ հմայքը, ու լայն կը մնայ իր «Կամաւոր բանակ»ին ժողովրդականութիւնը։

Տարածենք