Թիւ 181 - ՀԱՅ ՄԿԱՆԻՆ ՈՒԺԸ (ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ 22-ՐԴ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ԱՌԻԹՈՎ)
Մարզական աւանդներու գեղեցիկ վերակենդանացումով մը, ամէն անգամ որ Հ.Մ.Ը.Մ. կը փորձէ նորահաս սերունդներու մարմնակրթութեան ճամբան լուսաւորող իր ջահը բոցավառել պատմական Նաւասարդեան մարզախաղերու անշէջ խարոյկէն, անպայման որ սեղանին վրայ կը ներկայանայ Նաւասարդեան այդ մարզախաղերուն ընդմէջէն՝ դարաւորը հայ մկանին ուժը գնահատելու փորձը։
Արդարեւ, հայութեան հետ ճամբայ ելած եւ հայութենէն աւելի հզօր ազգերը շատոնց շնչասպառ ինկած են պատմութեան ճանապարհներուն վրայ, մինչդեռ սուբարիներու, հայասաներու եւ ուրարտացիներու ժառանգորդ հայ-արմէնները գոյութեան պայքարի, քաղաքակրթութեան եւ ազատասիրութեան իրենց անմար ջահը բարձր բռնած, տակաւին կը վազեն ազգերու պատմութեան Մարաթոնեան վազքը՝ իրենց մկանի ջլապինդ ուժով, կրանիթեայ կամքով եւ ադամանդեայ տոկունութեամբ։
Պատմութեան ծննդոցին էր, երբ Հայաստան աշխարհի ամեհի բնութենէն ծնաւ հայ ժողովուրդի անխորտակելի կամքն ու քաջութիւնը ներկայացնող Վահագնը, «Երկնէր երկին երկնէր երկիր…»։ Ան ծնաւ Հայաստան աշխարհի բնութեան ծոցէն՝ հուրի ու բոցի մէջէն, իբրեւ «պատանեկիկ», որ «բոց ունէր մօրուս եւ աչկունք էինք արեգակունք»։
Ու եթէ Վիշապաքաղ Վահագն իր հերոսածին ծնունդով եւ կերպարով հայ հոգիին եւ մտքին անյեղլի մարմնացումը հանդիսացաւ, ապա՝ հայ ֆիզիքական ուժին յաւիտենական ներկայացուցիչը եղաւ Տորք Անգեղ, որ իր ուժին հոգեկան եւ մտային շնորհալի յատկութիւններ միացուցած՝ «որձաքար ժայռեր կը պատռէր ու իր եղունգներով պատկերներ կը դրոշմէր»։
Ապա, երկար է շարանը հայ մկանի ուժին պանծալի յաղթանակներուն։ Ազատատենչ ժողովուրդի մը զաւակներն են, որոնք իրենց գոյութեան առաջին օրէն իսկ նետահար կը փռեն թշնամի Բելը, նիզակ կը ցցեն Պոնտոսի լեռներուն վրայ, Նիւքարներ ճօճել կու տան բերդերու ճակատներէն, Եփրատի վրայէն կþանցնին ոստումներով եւ ֆիզիքական անմրցելի ուժով զրահուած՝ անթիւ դափնեպսակներ կը խլեն Աթէնքի եւ Հռոմի կրկէսներէն։
Վկա՛յ են մեր պատմութեան էջերը, ուր անպակաս են հայուն անվրէպ նետաձիգները, արիասիրտ կռոււղներն ու անպարտելի քաջամարտիկները։ Անոնք ունին «բազում գործս արութեան»։ Հայ ազգային պետութեան կերտիչներէն Տրդատ թագաւոր «զամենայն նախնիսն քաջ եղեալ»։ Պատանի Վարազդատ Արքան՝ «լի արութեամբ, կորովի ձեռօք քաջ որդին», իսկ Մամիկոնեան Վահանը, իր մօր՝ Ձուիկի թելադրանքով ստացած էր «զհրահանգ հոգեպէս եւ մարմնապէս»։ Ու դեռ, չմոռնանք ազնուական դասի տոհմիկ պատանիները, Սմբատ եւ Տիրան՝ որդիք Գայլ Վահանի, Իշխան որդի Խուլ Խաչիկի, որոնք այնքան վարժ էին զինավարժութեան մէջ, որ պատերազմի ժամանակ մեծամեծ քաջութիւններ կը գործէին։
Դարեր շարունակ, թշնամիին դամոկլեան սուրը իր գլխուն վրայ ունենալով հանդերձ, հայու խիզախ ոգին անխախտ պահուեցաւ հայրենի բարձունքներուն վրայ եւ հայ կեանքի ամէնէն օրհասական պահերուն ժայթքեցաւ իբրեւ ազատատենչ Սասունցի Դաւիթ, անվեհեր Յովնան Խութեցի եւ աննման Թաթուլ Վանանդեցի։
Այսպէ՛ս է որ հայու ռազմունակ ոգին սերունդէ սերունդ ընդ հուր եւ ընդ սուր փոխանցուելով՝ հասաւ «եարի փոխան զէնք գրկած» մեր ջան ֆետայիներուն ու անոնց հարազատ շառաւիղ Արցախի մերօրեայ ազատամարտիկներուն, որոնք իբրեւ հայ մկանի ուժին նորագոյն երկրպագուները, Նաւասարդեան իւրաքանչիւր տօնախմբութեան հետ մեզի կը յիշեցնեն, թէ հայ ապրելու համար մեր ընտրանքները երեք չեն, երկո՛ւք են. կա՛մ ապրիլ իբրեւ հերոս եւ կա՛մ՝ մեռնիլ իբրեւ նահատակ։