Թիւ 186 - ՆՈՐ ՏԱՐԻ, ԶՈՅԳ ՀՐԱՒԷՐ

 

Տարի մը եւս ձգեցինք մեր ետին։ 1997 տարին այսօր դադրած է կեանք ըլլալէ, դարձած է պատմութիւն։ Համայն մարդկութիւնը նոր յոյսերով եւ երազներով թեւակոխած է նոր սկսող տարին։

Խորքին մէջ, նոր տարի մը կը սկսի ըստ օրացոյցի եւ աւանդական սովորութեանց, այլ տարի մըն է որ կը սկսի, եւ ոչ թէ նոր մը։ Տարին իբրեւ ամիսներու, օրերու եւ ժամերու ամբողջութիւն, իր մէջ ոչինչ ունի նոր։ Մենք է որ նորը կը տեսնենք, նորը կը դրոշմենք ու նորը կþապրինք… անփոփոխ ժամանակի հոսանքին մէջ, այդ նորին դիմաւորումը վերածելով մեր կեանքը նոր տեսիլքով ու հաւատքով զսպանակող գեղեցիկ ապրումի։

Այս մօտեցումով ալ, դատապարտելի են անոնք, որոնք նոր տարուան հետ հաշուեյարդարի չեն կանչեր իրենց խիղճն ու միտքը։ Վա՜յ պէտք է տալ անոնց, որոնք հինը վերանորոգելու, նորը կերտելու, շարունակ վեհին ու կատարեալին տենչալու ոգիով, կիրքով ու կամքով չեն ողջուներ նոր տարին։ Ու վա՜յ պէտք տալ մանաւանդ անոնց, որոնք նոր տարուան դիմաւորումին հետ իրենք զիրենք հեռու կը պահեն վերանորոգումի պարտաւորութենէն։

Մարդկային հաւաքականութիւններ կը տժգունին եւ կը ճահճանան՝ երբ չեն վերանորոգուիր։ Մարդիկ կենդանի մեռեալներու կը վերածուին՝ երբ իրենք զիրենք չեն կատարելագործեր, մինչդեռ նոր տարուան դիմաւորումը ամէն բանէ առաջ հաշուեյարդարի եւ վերանորոգումի զոյգ հրաւէր կþուղղէ բոլորիս, անցնող իւրաքանչիւր տարուան հետ ինքնաքննութիւն կատարելու, անցեալը վերարժեւորելու եւ անցեալի լոյսին տակ ապագան ծրագրելու նախանձախնդրութեամբ։

Արդարեւ, մեր ժողովուրդը մսխելիք ժամանակ չունի այլեւս. տարիները տասնամեակներու արժէք ունին, իսկ տասնամեակները՝ դարերու։ Վերանորոգ խանդով պէտք է կարենաք միշտ ոտքի՛ կանգնիլ ազգային ոգեղէն արժէքներու գետնին վրայ եւ, բոլոր յորձանքներու ընդդէմ, տեւաբար առաջնորդուիլ հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի օրինակելի սկզբունքայնութեամբ։

Եթէ հայ ժողովուրդը դիմացած է չորս հազար տարի, երբ իր շուրջ գտնուող ժողովուրդները, մինչեւ իսկ իրեն տիրապետած ժողովուրդները, անհետացած են պատմութեան բեմէն, դիմացած է, որովհետեւ Հայկի թոռները կարողացած են տարուէ տարի, ու տասնամեակէ տասնամեակ վերանորոգ կամքով ամրացնել հայ ժողովուրդի գոյութեան հիմերը, ամրակուռ դարձնել զանոնք եւ անառիկ պահել հայուն հոգեկան բերդը։

Այդ բերդը, հայո՛ւն բերդը, դարերուն կապուած հոգեմտաւոր արժէքներու շէնք մըն է, խորախորհուրդ կոթող մը, շատ աւելի ամրակուռ՝ քան իրական քարերով կառուցուած բերդերը։

Արդ, ամէն տարեմուտի անհրաժեշտ է երթալ անոր հիմերուն եւ ամրացնել զանոնք նոր ուժերով, ուժի նո՛ր աղբիւրներով, որպէսզի գալիք տարիներուն, երբ դարձեալ նոր տարուան խօսք արձանագրելու պարտաւորուինք, անմահ Չարենցի հետ անգամ մը եւս չկրկնենք.

«Եւ ո՜րքան դեռ, ո՜րքան դեռ ջանքեր են հարկաւոր,

Եւ ո՜րքան տքնութիւն ու անկարելի խոյանք,

Որ պարտէզի իւրաքանչիւր բուռ հողը դառնայ արգասաւոր

Եւ երջանիկ դառնայ մեր կեանքը…»։ 

Տարածենք