Թիւ 191 - ԳԵՂԵՑԿԱԳՈՅՆ ԺՊԻՏԸ

 

Մոնտիալ է դարձեալ. ֆութպոլի սպասուած տօնը, տօնահանդէ՛սը։ Աշխարհի չորս ծագերուն, եւ ոչ միայն Ֆրանսայի մէջ, տօնական ցնծութիւն է 33 օր։ Մարդիկ կþապրին Մոնտիալի կշռոյթով, մրցակցութեան, բախտի եւ յաղթանակի անյագուրդ վայելքով։ Երազն ու իրականութիւնը միախառնուած են իրարու։ Մարզասէրներ ֆութպոլի անցեալը, ներկան ու ապագան կը փորձեն տեսնել Մոնտիալի ընդմէջէն։

Այս օրերուն, բոլոր ճամբաները կը տանին… Ֆրանսա, ուր Մոնտիալի կազմակերպիչները կը խոստանան անմոռանալի գեղեցիկ աւարտականներ ներկայացնել։ Գեղեցիկ աւարտականներ՝ աշխարհի գեղեցկութեան մայրաքաղաքին մէջ։ Փարիզ, նորաձեւութեան եւ վայելչութեան ոստանը, Մոնտիալի կախարդանքը կը սփռէ ֆութպոլի իր «հազարումէկ գիշերներ»ով։ Մոնտիալ եւ Փարիզ դարձած են հոմանիշները գրաւչութեան, նորութեան եւ համբաւի։

Գրաւիչ է Մոնտիալը, կախարդական նկատուելու աստիճան։ Մոնտիալի «Փոքրիկ Կախարդ»ին՝ կլոր գնդակին շուրջ կը միանան աշխարհի բոլոր ժողովուրդները։ Կը խօսին անոր լեզուով։ Կþենթարկուին նոյն օրէնքներուն եւ պատիժներուն։ Քաղաքականութեան բաժնածը կը միացնէ Մոնտիալը։ Կրօնքի, գոյնի եւ ցեղի բոլոր խտրութիւնները կը ջնջէ ան։

Իր գրաւչութեամբ, Մոնտիալը կը մօտեցնէ ժողովուրդներու աշխարհագրական հեռաւորութիւնները, կը հեռացնէ հարուստ-աղքատի անոնց ընկերային պատնէշները։ Կանաչ դաշտերու շուրջ, բոլորը հաւասարապէս երկրպագուները կը դառնան միեւնոյն «կրօնք»ին՝ ֆութպոլին։ Մոնտիալը աշխարհի նորագոյն այս «կրօնք»ին կարեւորագոյն «ծիսակատարութիւններէն» է, ուր համակիրներ մրցումներուն կը մասնակցին բացականչութիւններով։ Մարզախաղը կը կիրարկեն ուրիշի մը միջոցով, կþոգեւորուին, կը քաջալերեն, առանց իրենց տեղէն հեռանալու…։

Բայց նաեւ, Մոնտիալը նորութիւններու մրցաշարքն է։ Մարզասէրներ անհամբեր կը սպասեն չորս տարին անգամ մը ծնող ֆութպոլի նոր աստղերուն («կրօնք»ի չաստուածներուն), մարզիչներու նորարար խաղաոճերուն, համակիրներու նորանոր «խենթութիւն»ներուն։ Փայլուն նորութիւնները, յայտնութիւնները կը հետաքրքրեն բոլորը։ Այնքան մը որ, արիւնը կþեռայ երակներու մէջ, հոգիները կը լեցուին խանդավառութեամբ, իսկ սիրտերը՝ անձկութեամբ.

Օ՛ն, յառա՜ջ, դէպի փոքր քառակուսի, հարուածէ՛, կոոո՜լ…

Կոլերէն ետք, կարգը կու գայ հռչակին ու համբաւին։ Մոնտիալը ամէնէն աւելի փայլելու եւ համբաւ շահելու տեղն է։ Մոնտիալին փայլած ֆութպոլի աստղեր կրնան «վաճառուիլ» աստղաբաշխական գումարներով։ Անշուշտ, կայ նաեւ ազգային արժանապատուութեան համբաւի հարցը։ Մոնտիալին մասնակցող ազգային բոլոր խումբերը կը ցանկան ու կþերազեն իրենց հայրենիքները վերադարձին՝ դիմաւորուիլ օդակայաններու մայր դռներէն, յաղթական հերոսներու վայել ընդունելիութեամբ։ Ո՞վ պիտի փափաքէր դուրս գալ օդակայաններու ետեւի դռներէն, լոլիկի եւ հաւկիթի տարափներու տակ…։

Կամենալը սակայն այս պարագային կարենալ չէ։ Մրցակից 32 խումբերու համար ալ օրացոյցի բախտի վերջին թերթիկը կախուած է պատէն։ Խումբերէն 31-ը պիտի պատռեն ու նետեն զայն մոռացութեան գիրկը, իսկ միայն մէկը փրցուածին փոխարէն, 12 Յուլիս 1998-ին տեղ պիտի զետեղէ Մոնտիալի ախոյեան հռչակման ի՛ր թերթիկը։

Բախտն ու բաժակը խումբերէն մէկուն միայն կրնան ժպտիլ։ Մենք կը սպասենք այդ ժպիտը, գեղեցկագո՛յնը Ֆրանսայի Մոնտիալին։

Տարածենք