Թիւ 192 - «ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՀԵՏ, ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՀԱՄԱՐ» (ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ Զ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

Երէկ ըսինք.- Դժուար է հայրենիքէն դուրս ապրիլ, նոյնիսկ տեսած չըլլալ հայրենիքը եւ սակայն մեռնիլ հայրենիքի համար։

Այսօր կ’ըսենք.- Դժուար է հայրենիքէն դուրս ապրիլ, նոյնիսկ տեսած չըլլալ հայրենիքը եւ սակայն ապրիլ հայրենիքի համար, հայրենիքո՛վ։

Երէկն ու այսօրը կը տարբերին իրարմէ։ Եռագոյնին ծփացող գոյներէն նարնջագոյնը բարգաւաճ հայրենիքի նոր տեսլականներ կը փայփայէ։ Կը բաւէ որքան հայրենաբաղձ սերունդներ սորվեցան անսակարկ արեամբ ընծայաբերուիլ Հայաստանին, այսօր, երբ երազը դարձած է իրականութիւն, եւ ձեւ ու մարմին ստացած է ազատ, անկախ հայկական հանրապետութիւնը, կþակնկալուի նոյն այդ սերունդներուն սորվեցնել անսպառ քրտինքով նուիրուիլ Հայաստանի։

Հայրենիքը մեր գոյութեան առանցքն է, իմա՛ստը, պատճառն ու նպատակը։ Հասած է պահը ուրեմն, որ հայրենիքի վերականգնումին մեր մասնակցութիւնը վերածուի անյետաձգելի պարտաւորութեան։ «Մեր տունն է մեր հայրենիքը» տեղայնական մօտեցումին փոխարէն, «Մեր Հայրենիքն է մեր տունը» սկզբունքով՝ նորահաս սերունդներ հարկ է որ գիտնան տէ՛րը կանգնիլ իրենց պարտաւորութեան, Սփիւռքի չարիքը վերածեն բարիքի եւ տան ու տան, մինչեւ որ զգան ցաւը կարիքին, ցաւը զրկանքին, որուն մէջ կը տառապի հայրենի մեր ժողովուրդը, բազմաթիւ տագնապներու սուր աքցանին մէջ բռնուած։

Այսօր, Հայաստանի մէջ թշուառ մանուկներ կան։ Եթէ անոնք մեր հայեացքին ու խիղճին դէմ իրենք զիրենք թշուառ զգան, մենք կը դառնանք աշխարհի թշուառները…։ Եղբայրական մեր ձեռքերը երկարե՛նք անոնց, որպէսզի արժանի դառնանք անոնց հայեացքին, ժպիտ, քաղենք անոնց դէմքերէն։ Ապա թէ ոչ՝ կþաւելնան աշխարհի «ոգու սով»ի մանուկները։

Ընկերային-տնտեսական ծանր տագնապներու տակ կքած, այսօր հայ մայրերու աչքերուն մէջ թախիծ կայ, տղամարդոց դէմքերուն վրայ՝ կնճիռներ, որոնք բողբոջներու նման կրնան պայթիլ որեւէ պահու։

Անտարբերութիւնը մե՛ղք է մեզի համար։ «Հայրենիքին հետ, հայրենիքին համար» չգործելը՝ կրկնակի՛ մեղք։ Մենք դատապարտուած ենք իբրեւ փիւնիկ մեր տագնապներէն վեր յառնելու եւ միշտ վերականգնելու։ Ընդունինք հետեւաբար, որ մեր կատարածները քիչ են՝ այսուհետեւ մեր կատարելիքներուն դիմաց։ Մերթ պարագայական, իսկ մերթ ալ ինքնաբաւութիւն առթող մեր նախաձեռնութիւնները ցարդ բաւարար արդիւնք չեն տուած։ Բնական է որ չտային, որովհետեւ հայրենիքները բարեսիրական նախաձեռնութիւններով ոտքի չեն կանգնիր, մանաւանդ որ՝ Սփիւռքէն ղրկուած օժանդակութիւնները կաթիլ մըն են կարիքներու ծովուն մէջ։ Անհրաժեշտը ու անմիջականը, մէկ կողմէ դրամագլուխի եւ ներդրումի հոսքն է Հայաստան, իսկ միւս կողմէ՝ ձեռներէցութեան եւ նախաձեռնութեան ոգիի խթանումը հայրենի զանգուածներուն։

Հայրենիքը բոլորին է, ու նաեւ մե՛րն է՝ յանուն ազգային քայլերգին։ «Ողբի ու Որբի՜» հայրենիք կոչուի ան, թէ՝ «Յոյսի ու Լոյսի՜» հայրենիք։ Զօրանանք որպէսզի միանանք։ Միանանք որպէսզի զօրանանք եւ հայուն քայլերգը երգելու իսկական պատիւին արժանանանք՝

Իբրեւ 8 միլիոն հաշուող ազգի մը անդամներ, եւ ոչ թէ՝ 3 միլիոն հաշուող երկրի մը սփիւռքածի՛ն զաւակներ։

Տարածենք