Թիւ 198 - ՀԱՇՈՒԵՓԱԿ
Եղեւնիով, մոմով, նուէրներով եւ քիչ մը աւելի դժուար գտնուած ժպիտներով երբ հրաժեշտ կու տանք 1998 տարուան, աւանդութիւնը կը պահանջէ, որ փակենք մեր հաշիւները անոր հետ. ճշդենք հին տարուան բերածն ու տարածը, յստակացնենք նոր տարուան մեր սպասումներն ու պահանջները։
Անցնող տարիներու շալակով բեռնաւորուած՝ 1998 տարին ի՞նչ ձգեց իր ետին, եթէ ոչ՝ աղքատութեան, սովի եւ վայրագութեան նորանոր պատկերներ։ Աշխարհի բնակչութեան կէսը՝ 2.5 միլիառ արարած այսօր կþապրի 1 տոլարի օրապահիկով։ Երկու միլիառ մարդ իր գոյութիւնը կը քաշքշէ ծայրայեղ թշուառութեան մէջ, երբ կռփամարտի կէս ժամնոց մրցումի մը մասնակցելու համար, Ճորճ Ֆորման եւ Լէրի Հոլմզ կը գանձեն… 12.6 միլիոն տոլար։
100 միլիոն անօթեւան մանուկներ կը թափառին աշխարհի փողոցներուն մէջ։ 23 միլիոն անպատսպար գաղթականներ կþապրին բաց երկինքի տակ, երբ կը գտնուին Պիլ Կէյթցի նման մարդիկ, որոնց անձնական հարստութիւնը կը գնահատուի 60 միլիառ տոլար։
Տաք է մեր աշխարհը, սակայն անոր կը պակսի մարդկային ջերմութիւնը։ Մարդոց միտքն ու խիղճ կը զարգանան հակոտնեայ ուղղութիւններով։ Ֆրանսայի մէջ բժիշկներ մեծ ճիգերով ձեռքեր «կը ցանեն», մինչ Ռուանտայի մէջ մարդիկ մսագործի դանակներով գիւղացիներու ձեռքեր կը կտրեն։
Աշխարհ աւելի քան 800 միլիառ տոլար կը ծախսէ զինարշաւի իր կարիքներուն (Մ. Նահանգներ առանձինն ամսական 2.4 միլիառ տոլար կը ծախսեն Ծոցի իրենց ուժերուն), քաջ գիտնալով որ այդ գումարին մէկ տասներորդը միայն բաւարար է վերջ տալու ամբողջ երկրագունդի աղքատութեան։
Աշխարհագրական հեռաւորութիւնները մօտեցնելով, թիւերու լեզուն անիմաստ կը դառնայ, երբ կը փորձենք անդրադառնալ Հայաստանին, որովհետեւ վիճակագրական ոչ մէկ տուեալ կրնայ արժեչափել տարողութիւնը այն յուսախաբութիւններուն եւ հիասթափութիւններուն, զորս հայրենի հայութիւնը նախորդ տարիներուն նման՝ 1998-ին եւս ապրեցաւ, ընկերա-տնտեսական համեմատաբար մեղմացած տագնապներու մէջ։
Դժբախտաբար, նուազ յուսաբեկումներ չապրեցաւ հայկական Սփիւռքը, ուր համատարած անտարբերութիւնը, այլասերումն ու քաղքենիացումը տարի մը եւս մեզի յիշեցուցին,որ սեփական Հայրենիքէն դուրս նահանջը անխուսափելի է թէ՛ երգով եւ թէ՝ առանց երգի…։
«Մենք կը տառապինք եւ ասիկա միակ բանն է զոր վստահ գիտենք», պիտի ըսէր Աբու Լալա Մահարին։
Վաղը կը սպասէինք, երէկը կը փնտռենք։ Ի՞նչ ընել ուրեմն։ Ձեռնածալ նստի՞լ։
Ո՛չ, բնականաբար։ Հակառակ մեր շրջապատի ոչ-յուսադրիչ երեւոյթներուն, կեանքը կը շարունակուի։ Հետեւաբար պէտք չէ մոռնալ, որ ընկրկումի բոլոր տեսակի տրամադրութիւններուն կարելի է ընդդիմանալ՝ օգտուելով մեր միութեան եւ ժողովուրդին կենսունակութեան աղբիւրներէն, օգտուելով անցեալի եւ ներկայի մեր փորձառութիւններէն։ Մէկ կողմէ հայութեան երակներէն արիւն պիտի հոսի, միւս կողմէ արիւն պիտի ներարկենք անոր։
Ո՛չ ողբալ, ո՛չ զարմանալ։ Կարեւորը յարատեւութիւնն է եւ հաւատքը։ Կարեւորը, մեր անմահ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի բառերով, դրական պատասխան տալն է հետեւեալ հարցումին. «Մեր նախահարց թոռնե՞ր ենք, մեր թոռանց արժանի նախահա՞րք ենք»։ Ըսէ՛ք, 1991-ի սեմին ի՞նչ պատասխան կրնանք տալ ուղեղ մրճահարող այս հարցումին։