Թիւ 219 - ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՆՈՐ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՍԵՄԻՆ
Ամառնային բանակումներէ եւ մարզական մրցաշարքերէ ետք, դարձեալ վերամուտ է։ Սկաուտական կեանքը հետզհետէ կþաշխուժանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ակումբներուն մէջ, մարզական խումբերը կը վերադառնան իրենց մարզադաշտերը, իսկ վարչական կազմերը՝ ծրագրումի եւ աշխատանքի իրենց ժողովասրահները։
Խոհեմ գործակատարի մը նման, ամէն վերամուտի առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ. եւս վերանայումի կ’ենթարկէ հաւաքական իր աշխատանքին ընթացքը։ Մասնաճիւղերու վարչութիւններէն մինչեւ Մեկուսի եւ Շրջանային Վարչութիւններ նոր տարեշրջանի սեմին հարց կու տան, թէ ի՞նչ ըրին անցեալ տարի եւ ո՞ւր հասան։ Ի՞նչ կրնային ընել՝ չըրին կամ չյաջողեցան ընել։ Իսկ ի՞նչ պէտք է ընել այս տարի եւ ի՞նչպէս։
Ժամանակին հետ ընթանալու պահանջը եւ շարունակ ինքզինք բարելաւելու կամքը կը թելադրեն Թովմասական ըլլալ եւ ամէն վերամուտի չվարանիլ մեր մատները կոտտացող մեր վէրքերուն վրայ դնելու։ Ի վերջոյ, անցեալի փորձառութիւններէն օգտուելու հասունութիւնը եւ իրականութիւնները բաց աչքով դիտելու քաջութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ական կեցուածքի արտայայտութիւններ են, առանց որոնց կարելի չէ մարմնակրթական այս մեծ միութեան գոյատեւումն ու զարգացումը երաշխաւորել։
Դժուարացած է այսօր մեր կեանքը եւ մենք պարտաւոր ենք մեր մատները դնել ճի՛շդ վէրքերուն վրայ եւ անհրաժեշտ դարմանումները կատարել՝ վաղուան սերունդին հաշուոյն չափսոսալու համար։
Գաղտնիք մը չէ, որ մեր կեանքը այսօր կը տառապի լճացումէ։ Յաճախ կը գոհանանք սովորութիւն դարձած ընթացիկով, կարծէք այլեւս պարպուած ենք ամէն կարգի հեռանկարէ։ Աւանդական ձեռնարկները, աւանդական մարզախաղերը եւ մինչեւ իսկ աւանդական ճաշկերոյթ-պարահանդէսները կրնան օգտակար ըլլալ, սակայն անբաւարար կը մնան։ Մեր շուրջը կը թաւալի սրընթաց զարգացող նոր կեանք մը, որմէ կարելի չէ անմասն կամ հեռու մնալ։ Նախապէս փորձուած ու ապահով նկատուած նախաձեռնութիւններու մէջ միայն յաջողութիւն փնտռելը կը ջլատէ մարդոց ձեռներէցութիւնը եւ կը կասեցնէ նորարար աշխատանքի անոնց թափը։ Մինչդեռ բնութեան օրէնքով իսկ, պէտք է միշտ նորութիւն տալ, որպէսզի կեանքը շարունակ նորոգուի։
Այսօր, բոլոր ժամանակէ աւելի, մեր կեանքը դէմ յանդիման կը գտնուի մարդուժի սուր տագնապի։ Հաւատաւոր, պարկեշտ ու անշահախնդիր տարրերու կարիքը կը զգացուի գրեթէ ամէնուր։ Տեղ-տեղ «մոմով կը փնտռուին» պատրաստուած նոր դէմքեր, որպէսզի նուիրեալ աշխատանքով կարենան տէրը կանգնիլ միութեան աւանդներուն։
Ու դեռ, կայ ու կը մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր ծնունդէն հալածող… տնտեսական տագնապը։ Տարիներ շարունակ, մեր ամբողջ ճիգը եղած է պիւտճէական մեր բացերը գոցել եւ այդքանով մենք մեզ բաւարարուած նկատել։ Փաստօրէն, կը տեսնենք արդէն, որ մեր բացերը վերջ չունին։ Կաթիլ-կաթիլ նուիրատուութիւններով, վիճակահանութեան եւ ընկերային ձեռնարկներու մուտքերով չի բաւեր մեր իրավիճակը միայն ապահովել, որովհետեւ նոյնքան կարեւոր է նաեւ մեր բնական զարգացումը ապահովել մրցակցութեամբ հարուստ այսօրուան աշխարհին մէջ։
Ընդհանուր տեղքայլի առաջնորդող այս ոչ խրախուսիչ մթնոլորտին մէջ ի՞նչ կþընենք 2000-ի միութենական այս վերամուտին։ Ինչպէ՞ս կը պատրաստենք մեր աշխատանքները, մեծ խօսքերը մեծ գործերու վերածելու ի՞նչ ծրագիրներ կը մշակենք։
Ամէն ինչ առաւելաբար կախում ունի մեզմէ, մեր հաւաքական աշխատանքէն, հաւաքական զոհաբերութենէն ու ներդրումէն, մեր ցուցաբերած միութենական հասունութեան բարձր մակարդակէն, որուն հասնելու համար չկայ այլ ուղի՝ բացի մեր ամբողջ կարողութիւնները միութեան հաւաքական կամքին, կազմակերպ ու հզօր ուժին ծառայեցնելէ։
Որքան ուժեղ արտայայտութիւն ունենայ հաւաքական մեր կամքը, այնքան աւելի կազմակերպ եւ կենսունակ կը դառնան մեր շարքերն ու կառոյցները, ու այնքան աւելի յարգանք կը պարտադրեն իրենց շուրջ։