Թիւ 163 - ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ 30 ՄՈՄԵՐԸ

 

Աւստրալիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 30-ամեակի հանդիսութիւններուն վառած ու մարած յիշատակի 30 մոմերը քիչ են հայութեան նուիրաբերումի Հ.Մ.Ը.Մ.ական կամքի գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնելու համար։

Մարող 30 մոմերը քիչ են Հ.Մ.Ը.Մ.ական կամքի արտայայտութեան համար, որովհետեւ այդ մոմերը խորհրդանշող տարիներէն իւրաքանչիւրին հետ, 30 անգամ 30 Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու կեանքեր մաշեցան ու մարեցան մարդկօրէն հիանալի եւ հայօրէն վսեմ առաջադրանքներու կենսագործման ի խնդիր։

30 անգամ 30 Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ մաշեցուցին իրենց աչքին ու մտքին լոյսը, մինչ ուրիշներ ճերմկցուցին իրենց մազն ու մօրուքը, ժողովրդանուէր ծառայութեան եւ հայրենանուէր խոյանքներու մէջ զիրար գերազանցելու եւ իրարմով անգերազանցելի մնալու համբուրելի վճռակամութեամբ։ Պատիւս արժանաւորաց։

Մարող 30 մոմերը միանգամայն շատ են գաղութին մէջ միութեան դերն ու առաքելութիւնը լուսարձակի տակ առնելու համար, որովհետեւ ինչպէս ամէն արեւածագէ արեւմուտք շողացող եւ ջերմացնող ներկայութիւն, Հ.Մ.Ը.Մ. եւս անխափան արեւու նման ներկայութիւն է, ինչպէս տարբեր գաղութներու, նաե՛ւ աւստրալահայ կեանքին մէջ։ Կը բաւէ պարզ աչքեր ունենալ, տեսնելու եւ խորաչափելու տարողութիւնը մատղաշ սերունդներու դաստիարակութեան այն հսկայական ու դժուարին աշխատանքին, զոր բուռ մը նուիրեալներով ան կը կատարէ Սիտնիէն Մելպուռն՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հինգ մասնաճիւղերով եւ անոնց շուրջ բոլորուած համակիր զանգուածով։

Իրօք, 30 մոմերը շատ են փնտռելու եւ գտնելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներդրումը աւստրալահայ մեր ժողովուրդի ազգային-մարմնակրթական եւ մարզական առօրեային մէջ, որովհետեւ մեր ժողովուրդը ի՛նք, ամէնէն առաջ, գիտէ գտնել յուսատու այն փարոսը, որ ձուլման վտանգներով առաջնորդուող իր նաւը բախտաւոր օր մը պիտի հասցնէ փրկութեան ապահով խարիսխ։ 30-ամեակի յոբելենական խուռներամ եւ շքեղ հանդիսութիւնները արդէն պերճախօս բաւարար վկայութիւնը կու տան այն ջերմ գուրգուրանքին եւ վստահութեան, զոր մեր ժողովուրդը կը տածէ մարմնակրթական իր պաշտելի միութեան հանդէպ։

Արդարեւ, Աւստրալիոյ գաղութին համար Հ.Մ.Ը.Մ.ը «Նաւասարդ» մասնաճիւղ է, նաւասարդեան ազգային աւանդութիւններու մշտարթուն պահապանի իր կոչումով։ «Արարատ» մասնաճիւղ է, օտարացնող եւ այլասերող հողմերու դէմ Արարատի կրանիթեայ հաստատակամութեամբ ծառանալու առաքելութեամբ։ «Արաքս» մասնաճիւղ է, Արաքսի ամբողջ հունը իր իրաւատիրոջ վերադարձնելու պահանջատիրական կիրքով։ «Անդրանիկ» մասնաճիւղ է, Անդրանիկներու հերոսական ժառանգներուն ուղիով ընթանալու թելադրականութեամբ։ Եւ, վերջապէս, «Կամք» մասնաճիւղ է, հայ ժողովուրդի անկատար բոլոր տենչերու իրականացման անխորտակ կամքով։

Ողջո՜յն 30-ամեայ յոբելեարին։ Բի՜ւր ողջոյն յոբելեարին ծնունդ տուած եւ անոր շուրջ բոլորուած աւստրալահայ մեր սքանչելի ժողովուրդին, որուն մնայուն նեցուկով եւ աջակցութեամբ նոր 30-ամեակներ կերտելու յանձնառութիւնն ու տքնանքը այսօր կը բեռցուի Աւստրալիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ուսերուն։ Հետեւաբար, դե՛ռ պէտք է քրտնիլ, դե՛ռ պէտք է ընծայաբերուիլ ու կեանքր մաշեցնել, այնքան ատեն որ ականջալուր կը մնանք յոբելենական ամէն հանդիսութենէ քաղուած այն խորիմաստ դասին, թէ՝ աւելի ու աւելի կազմակերպուելու, աւելի ու աւելի զօրանալու, թիւով թէ որակով տեւաբար աճելու, բազմանալու, մեծնալու, բազմապատկուելու կամքին ու արուեստին մէ՛ջ է յաղթանակը.

Յաղթանակը Հ.Մ.Ը.Մ.ին։

Յաղթանակը Հայ ժողովուրդին։

Յաղթանակը Հայաստանին ու Արցախին։

Տարածենք