Թիւ 424 - ՈԳԻ ԵՒ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ

 

Եթէ ամեակները չըլլային, հաւանաբար անհրաժեշտութիւնը չզգայինք կարգ մը երեւոյթներու անդրադառնալու։

Տարբեր չէ «Մարզիկ»ի 42-ամեակի պարագան, որ առիթ կու տայ խորհրդածելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան այս հրատարակութեան մասին։

Իբրեւ սկզբունք, իւրաքանչիւր թերթ իր ընկերութեան հայելին է։ Ան կը ցոլացնէ ընկերութեան առօրեան՝ իր պայծառ ու մութ էջերով։ Թերթին էջերէն յստակօրէն կ’երեւին գեղեցիկն ու տգեղը, լաւն ու վատը։ Իրականութիւն փնտռողը հարկ է որ այդ հայելիէն առնէ իր պատկերները։

Թերթը ընկերութեան մը ձայնն է։ Արտայայտիչը անոր տագնապներուն եւ յոյսերուն, յաջողութիւններուն եւ ձախողութիւններուն։ «Ձայն բազմաց ձայնն… մամուլի»։

Թերթը նաեւ մտածող ընկերութեան մը ուղեղն է, մի՛տքն է։ Ընկերութեան մը մտածողութիւնը կը ձեւաւորէ ան, խելքը կը հարստացնէ, մարդոց մտքին ու խելքին սնունդ կու տայ։ Ինչպէս որ մարմինը չ’ապրիր առանց օդի, ջուրի եւ սնունդի, միտքն ալ չ’ապրիր առանց թերթի։

Այս բոլորն է թերթը եւ աւելի՛ն. առաքելութիւն է ու պատիւ։ Տարբեր բան չի կրնար վկայել «Մարզիկ»ի 424 թիւերու 42 տարուան հունձքը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան հարուստ վկայարանը, որուն վրայ նետուած ակնարկ մը բաւարար է հաստատելու, որ տեղեկատուութեան ընթացիկ միջոց մը ըլլալէ աւելի, «Մարզիկ» իր հրատարակութեան առաջին օրէն եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական հաւատքի, ապրումի եւ խռովքի արտայայտութիւն մը։ Ան ջանաց սերունդներ իրարու շաղկապել, արձանագրել սերունդի մը հեւքը ու դառնալ պատմութեան համար կարեւոր ատաղձ, մաքո՛ւր եւ անվիճելի։

«Մարզիկ» ընթերցողներուն հասաւ հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու մտածողութեան հիւթով, քրտինքով ու նուիրումով։ Տարուէ տարի ան կատարելագործեց ինքզինք, ջանաց մարզական թէ սկաուտական գրականութեան ճամբով նորահաս սերունդներուն ազգային նկարագիր ու դիմագիծ տալ, հայութեան եւ Հայաստանին պատկանելու գիտակից հպարտութիւն ներշնչել։

Յաջողեցա՞ւ ան. վճիռը պիտի տան ընթեցողները՝

Անոնք, որոնք անցնող 42 տարիներուն «Մարզիկ»ի կողքին եղան, իսկ «Մարզիկ»ը՝ իրենց կողքին։ Մէկը միւսով հպարտ։

Անոնք, որոնք ամէնէն աւելի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ոգին փնտռեցին թերթին մէջ, որովհետեւ հաւատացին, որ անհրաժեշտը ոգի՛ն է։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը ստեղծողն ու պահողը նիւթականը չէ։

Անոնք, որոնք թերթին իւրաքանչիւր թիւին հետ Հ.Մ.Ը.Մ.ական նոր յաղթանակներու արձագանգներ սպասեցին, որովհետեւ անոնց մէջ գտան աղբիւրը ազգային խանդավառութեան եւ հպարտութեան։

42-ամեակի հանգրուանն է այսօր։

Արգելարշաւը չէ վերջացած, կը շարունակուի։

Սերունդները փոխուած են, սակայն դժուարութիւնները՝ ոչ։ Այսօր կարգը հասած է նորերուն, որպէսզի այս անգամ իրենք ընթանան «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»ի ճամբէն, հաւատքով ու գիտակից խանդավառութեամբ։

42 տարի առաջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ոգին եւ գաղափարական հարստութիւնը թերթին հրատարակիչներուն գլխաւոր դրամագլուխներն էին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի նոյն դրամագլուխներն են թերթին այսօրուան եւ վաղուան յաջողութիւններուն գրաւականները։

42-ամեակի հանգրուանն է այսօր, եւ ամէնէն աւելի թերթին հիմնադիրներուն ու երկարամեայ պատասխանատուներուն ձայնն է որ կը հնչէ մեր ականջներուն,- ձայնը Վարդգէս Տէր Կարապետեաններուն, Երուանդ Տէմիրճեաններուն, Վարուժան Մուրատեաններուն, Յարութիւն Գեղարդներուն, Կարօ Թիւթիւնճեաններուն, Միհրան Շիմշիրեաններուն, Բիւզանդ Թորիկեաններուն, Պատրիկ Կիւլպէնկեաններուն եւ Գառնիկ Մկրտիչեաններուն, որոնք արդարօրէն հարց կու տան, թէ որքանո՞վ կը շարունակենք իրենց բացած ուղին։ Որքանո՞վ տէր կը կանգնինք թերթին ու որքանո՞վ կը նպաստենք անոր յարատեւ զարգացման։

Անպայման որ կը գտնուի կարեւոր խաւ մը ընթերցողներու, որ կանոնաւոր կերպով կը հետեւի թերթին, կ’ընթերցէ զայն, մարմնակրթական ու ազգային սնունդ կը ստանայ անկէ։ Բայց կայ շատ աւելի մեծ թիւ մը անտարբերներու, որոնք մոռցած են, թէ այս թերթին ճամբով մնայուն կապ մը ունին հաստատելիք այն միութեան հետ, որ կ’ապրի ամէնո՛ւն շունչով, բոլորին համար։

42-ամեակի հանգրուանն է այսօր։ Յարմարագոյն առիթը, որպէսզի թերթը, իբրեւ հայ մամուլի մէկ անդամ, խօսի իր ընթերցողներուն հետ եւ անաչառ գնահատումը կատարէ իր երթին, սրբագրէ թերիները եւ բովանդակութեան ու մատուցման ձեւի նորութիւններով քայլ պահէ արդիականացման օրուան պահանջներուն հետ, մնայուն պահապանն ու պաշտպանը մնալով ազգային արժէքներու եւ միութենական սկզբունքներու, որոնք ո՛չ ժամանակ կը ճանչնան, ո՛չ ալ աշխարհագրական սահման։ Հինէն կու գան, բայց չեն հիննար։ Ապագային կ’երթան, բայց չեն աժաննար։

42-ամեակը առիթ է միաժամանակ, պարտականութեան հրաւէ՛ր, թերթին հանդէպ մեր յանձնառութիւնը նորոգելու, քանի համոզուած ենք, որ «Մարզիկ»ի նման հրատարակութեան մը յարատեւութիւնը ապահովելու համար պէտք է միշտ պատրաստ ըլլալ տոկալու եւ պայքարելու, բարձրանալու եւ բարձրացնելու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազգային տեսլականներուն դրօշը բարձր բռնած, թիւէ թիւ մենք մեզ քայլ մը աւելի բարձրացնելով մեր կեանքին մէջ, մեր կեանքին համար,

Հայ ժողովուրդի կենսունակութեան եւ յաղթանակի՛ն համար։

Տարածենք