Թիւ 35 - ՈՐՈՒՆ ՁԳԵԼ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ

 

Հարստութիւնը դիւրին չդիզուեցաւ։

Ոչ ալ ինկաւ՝ երկինքէն։

Հայ մարդը զերոյէն վար աստիճանէ սկսաւ կեանքի պայքարին եւ եթէ կրցաւ տուն շինել, այդ եղաւ իր հիւսկէններո՛ւն գնով։

Հարստութիւնը պապենական չեղաւ. պապենականը՝ աշխատելու կի՛րքն էր միայն։

Հայ մարդու քրտինքն էր, որ վերածուեցաւ ադամանդի։

Պապենականը մնաց հո՛ն...

Որքա՜ն բան մնաց դրամատուներուն, ապահովագրական ընկերութիւններուն։ Որքա՛ն բաժնեթուղթեր մնացին անբաժնետէր։ Սեփականագրեր այրեցան կամ դարձան անուժ։

Ջարդ էր՝ մարմնական, մշակութային եւ տնտեսական։

Ոտաբոպիկ, անօթի եւ հիւանդ՝ հայ մարդը եղունգներով հող ճանկռտեց, ակռայով մեքենայ խածաւ եւ, հրա՜շք, վերաբազմացաւ թիւով, արմատացաւ հոգուով եւ բազմապատկուեցաւ նիւթականով։

Չմուրաց։

Հին ժառանգութիւն էր, արեան ժառանգութիւնը, որ հայ մարդը մղեց յաղթութեան։

Հիմա ուրիշ բան է։

Հիմա հարցը այն է, թէ հարստութիւնը որո՞ւն պիտի մնայ։

Անոնք, որոնք զաւակ- թոռնիկ, ազգական-բարեկամ ունին, տակաւին գիտեն հասցէ մը, որուն կրնան բան ձգել։

Իսկ անոնք, որոնք բան չունի՞ն. հեռաւոր կամ մօտիկ ոչ մէկ ազգակա՞ն։

Երէկ ուրիշներ բռնի առին մեզմէ մերը. այսօր մենք կամովի՞ն մերը ձգենք ուրիշին, անորոշին։

Ժառանգը պէտք չէ մէջտեղ մնայ։ Այլապէս կը նմանի անթաղ մեռելի, որուն շուրջ գիշատիչներ միայն կրնան հաւաքուիլ...

Չէ՞ք հանդիպած մարդոց, որոնք ծեր են կամ գործէ քաշուած. մարդոց, որոնք գիտեն, որ իրենց օրերը հաշուըուած են, այսօր կամ վաղը պիտի մեկնին այս անցաւոր աշխարհէն, կամ հաշուած, որ եթէ հարիւր տարի ապրին ու օրական անհաշիւ այսքան ծախսեն, չի՛ վերջանար իրենց ունեցածը։

Չէ՞ք հանդիպած մարդոց, որոնք շուարած են պարզապէս, որ ի՛նչ ընեն իրենց հարստութիւնը։

Անոնց՝ այդ մարդոց տուէք մե՛ր հասցէն։

Նախքան մահը մահկանացուն թող գիտնայ, թէ որո՞ւն պիտի մնայ ժառանգը։

Նախքան մահը ու մահէն ետք յարգենք մահկանացուն։

Միլիոններ, միլիոններ, միլիոններ կը կորսուին ամէն օր, որովհետեւ հասցէ տուող չկայ, հասցէ փնտռող չկայ։

Ափսոս է հարստութեան, որ կը կորսուի։

Անժառանգներու ժառանգը միայն եթէ միութիւններուն երթայ, միութիւնները կը զօրանան անհամեմատօրէն եւ անժառանգ մարդ չի մնար։

Ահա կրկին Հ.Մ.Ը.Մ.ը։

Իր հազարաւոր երիտասարդութեամբ, պայծառ գործով։

Աւելի լաւ հասցէ՞։

Անժառանգ մարդիկ, կտակեցէ՛ք ձեր ինչքը Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ ժառանգեցէք ամբողջ երիտասարդութեան մը օրհնութիւնը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը գրեթէ ամէն ինչ ունի՝ մարդուժ, անխախտ գաղափարական ու եռանդ։ Իրեն պակսողը նիւթակա՛նն է։

Տուէ՛ք նիւթականը եւ պիտի ստանաք ամէն օր համաշխարհային չափանիշով մարզիկներ, մարզական խումբեր...։

Եթէ առաջին հերթին խօսքը կ’ուղղուի ազգական չունեցողներուն, խօսքի բաժին կը վերապահուի նաեւ ազգական ունեցողներո՛ւն։

Հ.Մ.Ը.Մ. բոլոր ժառանգներուն մէջ ինչո՞ւ բաժին չունենայ...

Ո՞ր ժառանգ ստացողը բնական պիտի չգտնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ին բաժինը եւ ո՞ր կտակարարը պիտի չարժանանայ համընդհանուր յարգանքի։

Մահէն առաջ ու մահէն ետք անհատը միութեամբ կը մնայ անմահ։

Ու վերջապէս ո՞վ չի գիտեր, որ կտակել՝ մեռնի չի նշանակեր, այլ ապրիլ՝ մահէն ալ ետք։

Տարածենք