Թիւ 428 - ԼԱՅՆԱԽՈՀՈՒԹԻՒՆ

 

Լայնախոհութիւնը կամ լայնամտութիւնը քիչերուն տրուած արժանիք մըն է։ Հասունութեան չափանիշ է։ Լայնախոհ ըլլալ կը նշանակէ հարց մը իր բոլոր երեսներով քննել եւ ըստ այնմ արդար եւ ճիշդ եզրակացութեան յանգիլ։

Լայնախոհութեան հակառակը նեղմտութիւնն է, որ յատուկ է տգէտ եւ մոլեռանդ մարդոց։ Նեղմիտ մարդը չափ ու սահման չունի իր զգացումներուն մէջ։ Չի կրնար կիրքերը զսպել։ Արժէք չ’ընծայեր իր նմաններու իրաւունքներուն եւ ազատութեան սահմաններուն։

Լայնախոհութիւնը մաս կը կազմէ, պէ°տք է կազմէ, կրթական-միութենական մեր արժէքներուն եւ քաղաքակրթական արժանիքներուն։

Լայնախոհ ըլլալու համար պէտք է նկարագիր, սկզբունք եւ կեցուածք ունենալ. ճիշդին ճի°շդ ըսել, սխալինª սխա°լ։ Կեղծաւորութիւն, շահակցութիւն եւ քծնանք կ’անտեսեն տարրական այս պահանջը։

Հարց մը, դէպք մը իր բոլոր երեսներով քննելէ ետք, լայնախոհը կը յանգի որոշ եզրակացութեան, որ կրնայ նպաստաւոր չըլլալ կարգ մը մարդոց։ Ընդհանուրին շահը, պարկեշտութիւնը եւ անշահախնդրութիւնը, սակայն, կը պահանջեն, որ հանուելիք եզրակացութիւնը եւ տրուելիք վճիռը ըլլան օրինաւոր եւ ուղիղ։

Լայնախոհութեան հիմը ճշմարտախօսութիւնն է, որ բնորոշ է նկարագիր ունեցող անձերու։ Ազնիւ ու պարկեշտ մէկը թոյլ չի տար ինքզինքին ստել եւ վնասակար բաներ ընել։ Վնասակար եւ անպարկեշտ կեցուածք է լռել, երբ այդ լռութիւնը ճշմարտութիւն մը կը ծածկէ կամ իրականութիւն մը կը խեղաթիւրէ։

Ճշմարտախօսութիւնը ամէն մարդու տրուած յատկութիւն մը չէ։ Վախկոտները, անպարկեշտները եւ նկարագիրէ զուրկ մարդիկ սովորաբար զրկուած կ’ըլլան ճշմարտախօսութեան յատկութենէն։

Լայնախոհ մարդուն քաղաքականութիւնը ազատամտութիւնն է։ Ազատամիտ անձեր ընդհանրապէս չեն սիրուիր անպարկեշտ մարդոց կողմէ։ Զանգուածը, ժողովուրդը կը սիրէ լայնախոհ եւ ազատամիտ մարդիկը։ Շահերով ու նպատակներով առաջնորդուող անձեր, ընդհակառակն, կ’ատեն լայնախոհները։ Մինչեւ իսկ մրցակիցներ եւ թշնամիներ կը նկատեն զանոնք։

Լայնախոհութիւնը կրնայ առաջքը առնել անհասկացողութիւններու։ Եթէ մարդիկ լայնախոհ ըլլան, իրարու մտիկ ընել գիտնան, հասկնան, իրարու գաղափարներու հանդէպ հանդուրժող ըլլան, շատ մը անհամաձայնութիւններ, հակառակութիւններ եւ թշնամութիւններ կը չքանան։

Լայնախոհութիւնը տարբերութիւններու հանդէպ յարգանքն է, արդարութեան եւ ճշմարտութեան սկզբունքներու վրայ հիմնուած։

Պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ լայնախոհ մարդիկ ընդհանրապէս եղած են ժողովրդային իրաւունքներու պաշտպաններ, թէեւ օրին քննադատուած, մերժուած եւ հալածուած են իշխանութիւններու կողմէ։

Հոն ուր մարդիկ անձնական հաշիւներով կը շարժին, հոն հանրային գործը կը տուժէ։ Ես-ի գերիշխանութեանª մենք-ը կը նահանջէ։

Լայնախոհ մարդը կ’անտեսէ իր անձնական շահերը, կը խօսի ճշմարտութիւնը եւ կը պաշտպանէ արդարութիւնը։ Ներկան եթէ չի գնահատեր իր կեցուածքը, ապագան եւ պատմութիւնը անպայման արժանին կը հատուցեն անոր։

Լռութիւնը ոսկի է, ըսուած է իրաւամբ։ Լայնախոհը շատ լաւ գիտէ ոսկիին արժէքը։ Տագնապներու պահերուն ան գիտէ լռել, զուսպ մնալ եւ տոկալու իմաստութիւն ցուցաբերել, մանաւանդ երբ ամբոխները խելագարած են եւ ամէն տրամաբանութիւն, չափ ու կշիռ կորսնցուցած են։

Ճկունութիւնը այս պարագային լայնախոհ մարդուն գլխաւոր յատկութիւններէն մէկն է։ Ճկունութիւնը ջղային եւ դիւրաբորբոք անձերը զինաթափող զէնք մըն է։ Խոհեմ եւ ճկուն մտքի տէր մարդը հեռուն տեսնելով ու մտածելով լուռ կը մնայ, որովհետեւ ան լաւ կը գիտակցի, որ անտեղի խօսուած ճշմարտութիւնները երբեմն սխալ կը հասկցուին եւ իրենց նպատակին չեն ծառայեր։

Արագօրէն տրուած ամէն վճիռ կ’ունենայ անբաղձալի հետեւանքներ։ Լայնախոհը հանդարտօրէն կը քննէ հարցերը եւ ապա կու տայ իր որոշումը, նկատի ունենալով անոր հետեւանքները, մինչդեռ անհանդարտ եւ բարկացոտ խառնուածքով մարդիկ սովորաբար անհամբեր կ’ըլլան եւ իրենց անմիտ որոշումներով վէճերու դուռ կը բանան։

Անհատական եւ հաւաքական մեր կեանքին մէջ լայնախոհութիւնը յաջողութեան պայմաններէն մէկն է։ Ժպիտով, յարգանքով եւ համբերութեամբ նպաստաւոր լուծում կրնան գտնել ամէնէն կնճռոտ հարցերը նոյնիսկ։

Պէտք է զարգացնել լայնախոհութեան մշակոյթըª իրաւունքի, արդարութեան, ճշմարտութեան եւ յարգանքի արժէքներու տարածումը, մնայուն վարուելակերպի եւ դաստիարակչական ծրագիրի վերածելով զայն, որպէսզի մարդը դիմացինին մէջ իր նմանը եւ հարազատը գտնէ,

Որպէսզի ինքզինք եւ շրջապատը անաչառութեամբ դիտելու քաջութիւնը ունենայ,

Որպէսզի մտածումներով, զգացումներով եւ ապրելակերպով աւելի ու աւելի մարդանա°յ։

Տարածենք