Թիւ 429 - ՆՊԱՏԱ՛ԿԸ

 

Հայ կեանքի այս տխուր օրերուն, բոլորին ակնարկները դարձեալ ուղղուած են Հ.Մ.Ը.Մ.ին.- ի՞նչ կ’ընէ այս միութիւնը, ի՞նչպէս կ’ընէ, որ ամէնուրեք կը յաջողի նոր սերունդ համախմբել, պատանիներ ու երիտասարդներ խանդավառել եւ այդ խանդավառութեամբ իր շրջապատին կենսունակութիւն պարգեւել։

Պարզ է, որ հայ կեանքը լաւ օրերու մէջ չէ։ Քիչ մը ամէն տեղ կը տիրէ հիասթափութիւն, անորոշութիւն եւ տեղ-տեղ նաեւ յուսահատութիւն՝ ի տես Արցախի կացութեան, Հայաստանի իրավիճակին եւ այս երկուքով պայմանաւորուած Սփիւռքի ներկային ու ապագային։

Պարզ է նաեւ, որ տնտեսական համաշխարհային տագնապը, քորոնայի համաճարակին առողջապահական-ընկերային ահաւոր հետեւանքները լուրջ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման դրած են ամբողջ մարդկութիւնը եւ յատկապէս՝ նորահաս սերունդի դաստիարակութեամբ զբաղող պետական մարմինները, ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնները, միութիւնները, կրթական հաստատութիւնները եւ քաղաքացիական ընկերութիւնները։

Այս բոլորով հանդերձ սակայն, աչքի՛ անցուցէք վերջին ամիսներու հայ կեանքի համայնապատկերը եւ շուտով պիտի նկատէք, որ մեծ ՆԵՐԿԱՅ մը կայ այնտեղ, երբ ուրիշներ մեծ բացակայ մըն են հոն։ Ներկան Հ.Մ.Ը.Մ.ն է, որ տեղ մը կարգապահ շարքերով Վեհափառ Հայրապետ կը դիմաւորէ, այլ տեղ՝ շեփորախումբով Ապրիլ 24-ի եւ Մայիս 28-ի ձեռնարկներ կ’առաջնորդէ։ Մէկ այլ տեղ՝ աշակերտական մարզախաղեր կը կատարէ։ Քիչ մը ամէն տեղ սկաուտական հաւաքոյթներ եւ մարզական մրցաշարքներ կ’իրականացնէ։ Ընկերային հանդիպումներով ցիր ու ցան հայեր կը համախմբէ։ Իսկ այս բոլորով, հսկայական ճիգով ու աշխատանքով, միութենական խանդավառութիւն եւ ազգային ոգեւորութիւն կը ստեղծէ։

Իր մթնոլորտը իբրեւ ամուր շաղախ ունենալով, Հ.Մ.Ը.Մ. մասնիկները իրարու կը միացնէ. Կիպրոսի մէջ աշխարհի չորս ծագերէն երիտասարդներ քով-քովի կը բերէ, իսկ Հայաստանի մէջ՝ սկաուտական մեծաթիւ բանակում կը կազմակերպէ։ Բոլորին սիրտերը իրարու կը կապէ, կամքերը իրարու կը միացնէ։ Անհատականութիւնները հաւաքականութեան կը վերածէ։

Անվերջ շարժում է Հ.Մ.Ը.Մ.ը։ Կեանք եւ աշխուժութիւն սփռող, լաւատեսութիւն եւ նորութիւն ստեղծող։ Շարժում, որ օրուան 24 ժամերուն հանգիստ չի ճանչնար։ Երբ տեղ մը խարուկահանդէս մը կամ խրախճանք մը իր աւարտին կը հասնի, այլ տեղ բանակումի մը առաւօտեան դրօշակի արարողութիւնը նոր կը սկսի, ախոյեանական մրցաշարքի մը սուլիչը նոր կը հնչէ։

Հայացնող շարժում է Հ.Մ.Ը.Մ.ը։ Ով որ Հ.Մ.Ը.Մ.էն կ’անցնի հայ կը մնայ։ Հ.Մ.Ը.Մ. հայ մարդուն կու տայ ինչ որ ամէնէն աւելի կը պակսի անոր՝ հպարտութեան զգացումը եւ յաղթանակի բերկրանքը։ Հ.Մ.Ը.Մ. յաղթե՛լ կը սորվեցնէ հայուն։

Ի զուր չէ, որ հայ ժողովուրդի արժանաւոր մտաւորականներէն մէկը առիթով մը խոստովանած է, թէ այբուբենի գիրերէն ամէնէն աւելի սիրած է Հօ տառը, որովհետեւ անով կը սկսին Հայը, Հայկը, Հայաստանը, Հպարտութիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը։

Իսկ գաղտնի՞քը այս բոլորին։

Գաղտնիքը միութեան մէջ եւ միութեան շուրջ եղող տեւական խանդավառութիւնն է, որ հայ մարդը կը կերպարանափոխէ, անոր գոյութեան եւ գոյատեւման ուժ կու տայ, հայ ըլլալու եւ հայ մնալու կորով կը ներշնչէ։ Ժողովուրդը կը սիրէ խանդավառութիւնը։ Կը սիրէ խանդավառութեան աղբիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ը, կը վստահի եւ կը գուրգուրայ անոր, որովհետեւ լաւ գիտէ, որ Հ.Մ.Ը.Մ. սովորական սկաուտական շարժում մը չէ, մարզական ակումբ մը չէ։ Հ.Մ.Ը.Մ. մարմինի, հոգիի եւ միտքի կրթութեան իւրայատուկ շարժում մըն է, որուն ալիքները հայ պատանին ու երիտասարդը կը պաշտպանեն շրջապատի տեսակաւոր վտանգներէն։

Գաղտնիքը միութեան նպատակին գիտակցութիւնն է եւ այդ նպատակին ծառայելու Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու մնայուն պատրաստակամութիւնը։ Նպատակ, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ հայութեան հզօրացումը զինք տկարացնել, ընկճել եւ պարտութեան մատնել փորձող ուժերուն դէմ.- կազմակերպական հզօրացում, տնտեսական հզօրացում, հոգիներու եւ միտքերու հզօրացում՝ չհամակերպելու համար պարտութեան եւ նահանջի բոլոր տեսակի երեւոյթներու։

Իսկ կա՞յ աւելի մեծ գաղտնիք՝ քան Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ հայութեան նպատակներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող այս զուգորդութիւնը։ Այն, որ երկուքն ալ բնական ձգտումը ունին յաղթական ազգ դառնալու, հզօր եւ անպարտելի հայրենիք ունենալու։

Ինչ որ մեր օրերու հիմնակա՛ն պահանջն է։

Հրամայակա՛նն է։

Տարածենք