Թիւ 430 - Ի՞ՆՉ ԸՍԵԼ, Ի՞ՆՉՊԷՍ ԸՍԵԼ…

 

Տէն Քլարք կը նկատուի աշխարհի մեր օրերու ամէնէն լայն ժողովրդականութիւն ունեցող դասախօսներէն մէկը. այլեւայլ նիւթերու մասին ան խօսած է շուրջ երկու միլիոն ունկնդիրներու։

68-ամեայ Տէն Քլարքի դասախօսական արուեստին հիմքը կը կազմեն այնպիսի նիւթեր, որոնք սերտօրէն առնչուած են մարդ արարածի հոգեմտաւոր աշխարհին հետ, ինչպէս՝ մարդկային յարաբերութիւններու ընթացքը, յաջողութեան գաղտնիքը, կամքի զօրութիւնը, իրերօգնութեան եւ ծառայութեան ոգին, ուսումն ու զարգացումը։

Բայց Քլարք ի՞նչպէս յաջողած է այդքան լաւ եւ փնտռուած դասախօս մը ըլլալ։ Ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ անոր յաջողութեան գաղտնիքը։

Ըստ երեւոյթին, ան շատ լաւ գիտէ, թէ ի՞նչ կը խօսի, որո՞ւ կը խօսի եւ ի՞նչպէս կը խօսի։ Քլարք գտած է ճամբան հասնելու իր ունկնդիրներու միտքերուն եւ հոգիներուն։

Քլարքի յաջողութեան գաղտնիքը կը թուի շատ պարզ ըլլալ։ Որեւէ դասախօսութեան ներկայանալէ առաջ, որեւէ հաւաքականութեան առջեւ խօսելէ առաջ, ան կ’ուսումնասիրէ իր դասախօսութեան միջավայրը, մարդիկը, անոնց հոգեմտաւոր պատրաստութիւնը, տրամադրութիւնները, ակնկալութիւնները եւ ապա միայն կ’որոշէ իր ըսելիքները։ Այլապէս յաջողութիւն չի կրնար գտնել ան։

Երեւոյթը անպայման մտածել կու տայ իր մասին, որովհետեւ մեր մօտ խօսողները ընդհանրապէս նկատի չեն ունենար խօսքի ընդունուած կանոնները, այն՝ որ խօսք մը, յատկապէս մեր օրերուն, պէտք է ըլլայ յստակ, կարճ եւ կուռ։

Մարդիկ այլեւս համբերութիւնը եւ ժամանակը չունին 15 վայրկեան տեւող բացման խօսք մը լսելու, ոչ ալ՝ 45 վայրկեան տեւողութեամբ եկեղեցական քարոզ մը մտիկ ընելու։ Աւետիք Իսահակեան պիտի ըսէր. «Կարճ խօսքը նման է երկար խելքի, երկարը՝ կարճ խելքի»։

Արագութեան այս դարուն, մարդիկ սովորաբար հակիրճ եւ շինիչ խօսքեր կ’արտասանեն, առանց ձանձրացնելու ունկնդիրները։ Մարդիկ կը տիրապետեն խօսելու արուեստին։ Գիտեն ընդհանրապէս ի՞նչ չըսե՛լ, որովհետեւ ըսուելիք խօսքերէն աւելի կարեւոր են չըսուելի՛ք խօսքերը։ Անտեղի ու անկապ խօսքերը։

Գիտեն նաեւ, որ երբեք խօսելու սիրոյն պէտք չէ խօսիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ ազդել եւ տպաւորել, հաճելի եւ ախորժելի թուիլ ունկնդիրներու։

Աշխարհի մեծագոյն երկիրներու նախագահներուն ելոյթները այսօր հազիւ 10-15 վայրկեան կը տեւեն, մինչդեռ մենք մեր հանդիսութիւններուն տակաւին 35-45 վայրկեաննոց խօսքեր մտիկ ընելու կը պարտաւորուինք։
Փոխուած են օրերը։ Փոխուած է նաեւ մարդոց ժամանակի հասկացողութիւնը։ Այսօր որեւէ հանդիսութիւն 1-1.5 ժամէն աւելի չի կրնար տեւել, հետեւաբար՝ որեւէ խօսք 10-15 վայրկեանէն աւելի չի կրնար ըլլալ։ Մարդոց համբերութիւնը կարելի չէ չարաչար օգտագործել եւ ժամերով զիրենք աթոռներուն գամուած պահել։

Այսքանը ձեւին մասին։ Հապա բովանդակութի՞ւնը։

Տէն Քլարք իր արծարծած բոլոր նիւթերը կը ներկայացնէ պերճախօսութեամբ՝ սրամտութիւններով, երգիծանքով եւ կենդանի օրինակներով։

Իսկ ի՞նչպէս կ’արտայայտուին մեր բանախօսներն ու դասախօսները։ Մեծ մասամբ անոնք կը խօսին պաշտօնական, չափազանց լուրջ եւ երբեմն ալ բարդ ոճով մը, որ յաճախ քիչերու միայն կրնայ հասկնալի թուիլ։
Քլարքի օրինակը թելադրական է. դասախօսներ նախապէս պէտք է գիտնան, թէ ո՞ւր եւ որո՞ւ կը խօսին։ Մարզական փառատօնի արտասանուած խօսք մը չի նմանիր գիտաժողովի մը արտասանուած ակադեմական խօսքին, ոչ ալ՝ ընկերային հանդիպումի խօսք մը կրնայ սկաուտական հաւաքի մը ընթացքին արտասանուիլ։ Ամէն տեղ, ամէն ժամանակ եւ ամէն լսարան ունի իր պահանջները։

Հայաստանի մէջ կարելի է ձեւով մը արտայայտուիլ, Մ. Նահանգներու մէջ՝ այլ ձեւով, իսկ Պէյրութի մէջ՝ բոլորովին այլ։ Մարդոց հայերէնի իմացութեան մակարդակը, տարիքը եւ հետաքրքրութիւնները պէտք է մտածել տայ դասախօսներու՝ յարմարելու իրենց ունկնդիրներուն եւ ոչ թէ ունկնդիրները իրենց յարմարեցնելու։

Շատ պատահած է, որ հեռուներէն հրաւիրուած են անուանի դասախօսներ, որոնք սակայն չեն յաջողած գոհացնել իրենց ունկնդիրները։ Ինչո՞ւ։ Պարզ այն պատճառով, որ անոնք չեն պատրաստուած, իրենց ունկնդիրներուն մասին տուեալներ չեն հաւաքած եւ իրենց գիտցածը նոյնութեամբ խօսած են իրարմէ տարբեր միջավայրերու եւ իրարմէ տարբեր ընկալման եղանակ ունեցող մարդոց։

Պատահած է աւելին։ Եղած են դասախօսներ, որոնք իրենց ունկնդիրները արհամարհած, բոլորովին անտեղեակ մարդիկ կարծած են եւ անոնց խօսած են այնպիսի պարզունակ ձեւով մը, որ ո՛չ թէ ձանձրոյթ, այլ՝ վիրաւորանք պատճառած են։

Վերջին հաշուով, դասախօսութիւն ունկնդրելու գացողները նոր եւ հետաքրքրական բաներ կ’ուզեն իմանալ, իրենց գիտելիքներուն պաշարը հարստացնելու համար եւ ո՛չ թէ հազար անգամ ծամծմուած բաները վերստին ծամելու համար։

Մարդիկ կը փափաքին լսել վարպետօրէն կառուցուած գրաւոր կամ բանաւոր խօսքեր, որոնք ըլլան ազդեցիկ, վայելուչ եւ պատկերաւոր։ Անոնք երբեք չեն փափաքիր արուեստական, անխնամ, բարդ կամ բառարանէ հանուած բառերով խօսքեր լսել։ Յղկուած եւ բովանդակալից խօսքը միշտ փնտռուած է։

Մեր հիները խօսք մը ունէին. «Տաշուած քարը գետին չի մնար… եթէ խօսիլ գիտնայ»։ Անոնք ըսել կ’ուզէին, որ լաւ խօսքը նոյնիսկ քարերը իրենց տեղէն կը շարժէ։ Ալ ո՞ւր մնաց մարդիկը։

Իսկ նման խօսք խօսողներ ինչո՞ւ չունինք եւ ի՞նչպէս կրնանք ունենալ արդեօք։

Տարածենք