Թիւ 431 - ԿԵԱՆՔՈՎ ՈՒ ԳՈՐԾՈ՛Վ

 

Մարմնակրթական միութիւն մը ի՞նչ գործ ունի պատմութեան, մշակոյթի եւ հոգեւոր արժէքներու հետ, կրնան հարց տալ ոմանք։

Մարմնակրթական միութեան մը գերագոյն ժողովը ինչո՞ւ զբաղի հայրենիք ունենալ-չունենալու հարցով, կրնան ըսել շատեր։

Մարմնակրթական միութիւններ կը զբաղին, պէ՛տք է զբաղին միմիայն իրենց պարտականութեամբ՝ սկաուտութեան եւ մարզախաղերու ճամբով սերունդներու դաստիարակութեամբ, կրնան աւելցնել ուրիշներ։

Այս բոլորը կրնան տեղին ու արդար արտայայտութիւններ ըլլալ բնական պայմաններու մէջ ապրող ժողովուրդներու համար, սակայն մեզի նման ժողովուրդներու համար ի՜նչ դաստիարակութիւն, ի՜նչ զբաղում, երբ գնդակն ու բաժակը կան, բայց հայրենիքը չկայ։ Երբ սկաուտական կեանքը կայ, բայց այդ կեանքը հողին վրայ ապրող ժողովուրդը չկայ։ Միջոցները անիմաստ կը դառնան, երբ նպատակը կը դադրի գոյութիւն ունենալէ։

Զարմանալի բան չկայ ուրեմն, եթէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գերագոյն ժողովը բոլոր օրակարգերէն աւելի եւ բոլոր մտահոգութիւններէն առաջ, զբաղի Արցախո՛վ, Արցախի հանդէպ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ունեցած պարտքով։ Արցախի հայութեան օժանդակութեան ծրագիրով, «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախ հիմնադրամ»ի ստեղծումով։

Արցախը Հ.Մ.Ը.Մ.ականին սրտի սէրն է եւ հոգիին վէրքն է։ Արցախը միայն աշխարհագրութիւն եւ քարտէս չէ, լեռ ու ձոր չէ։ Արցախը այն 424 եկեղեցիներն ու վանքերն են, որոնք յանձնուեցան ազերիներու։ Քանի՜-քանի՜ ուխտաւորներ Աստուծոյ հետ խօսած են այդ եկեղեցիներուն եւ վանքերուն ճամբով։ Որքա՜ն սուրբ ձեռքեր դէպի երկինք բարձրացած են անոնց մէջ։

Արցախը այն բազմահարիւր խաչքարերն են, որոնք սրբապղծուեցան ազերիներու կողմէ։ Քանի՜-քանի՜ տաղանդներ երկնած են այդ խաչքարերը։ Հաւատքի ի՜նչ մատներ դրոշմուած են այդ խաչքարերուն վրայ։ Աչքերու ի՜նչ լոյսեր տկարացած են անոնց դիմաց։

Արցախը այն 213 դպրոցներն են, որոնց կրթութեան լոյսը հանգեցաւ ազերիներու կողմէ։ Քանի՜-քանի՜ պատանիներ ու պարմանուհիներ գրած, երգած, սորված, քալած ու վազած են այնտեղ։ Դպրոցնե՜ր, ուր հայ աշակերտն ու աշակերտուհին ազգին պատմութիւնը շնչած է, անցեալի փայլուն էջերով ներշնչուած է։ Դպրոցնե՜ր, ուր ազգանուէր հոգիներ եւ նկարագիրներ կերտուած են։

Արցախը 4000-է աւելի պատմամշակութային այն յուշարձաններն են, որոնք անցան ձեռքը անոնց, որոնք ո՛չ պատմութիւն ունեցած են, ո՛չ ալ մշակոյթ։ Յուշարձաննե՜ր, որոնք մեր քաղաքակրթութեան կենդանի վկաներն են։ Մեր սեփական պատմութիւնը, որ դարձաւ աւարը պատմութեան թշնամիներուն։

Շարունակե՞նք. Արցախը այն հողն է, որուն ծոցէն Նիկոլ Դուման եւ Խանասորի Վարդան ծնած է, Վանայ Իշխան եւ Դանիէլ Բէկ Փիրումեան հասակ առած է։ Հող, որ սրբագործուած է Խամսայի մելիքներու քրտինքով, Վիգէն Զաքարեաններու եւ Արտակ Իշխանեաններու արեամբ։

Եւ դեռ, Արցախը 300 հանքավայր է, 36 ջրելեկտրակայան է, 580 հազար հեկտար գիւղատնտեսական տարածութիւն է, երաժշտական եւ արուեստի 20 դպրոց է՝ 7000 սաներով, 10 գրադարան է՝ 400 հազար գիրքերով։ Հրաժարիլ այս բոլորէն կը նշանակէ հաւաքական ինքնասպանութեան դիմել։ Մոռնալ այս բոլորը կը նշանակէ դաւաճանել Արցախի համար զոհուածներու կտակին։

Արցախը այսքան ցա՜ւ է։ Արցախը 120 հազար բնաւեր ժողովուրդ է, բայց մանաւանդ՝ 10 հազարէ աւելի նահատակ է, հարիւրաւոր գերիներ է, աճիւնը չվերադարձուած հերոս է, անյայտացած եւ հետքը չբացայայտուած զինուոր է։

Արցախը մեր պատմութիւնն է։ Մեր ինքնութիւնն է։ Մեր բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացման պայքարն է։ Մօտիկ անցեալին, Արցախը իր դրօշով, զինանշանով եւ քայլերգով ազգային մեր հպարտութիւնն էր։ Այսօր ան մեր խոցուած արժանապատուութիւնն է։ Մեր ժամանակաւոր պարտութիւնն է։ Ու նաեւ, կորուսեալ մեր հպարտութիւնը վերականգնելու յանձնառութիւնն է, յիշեալ պետական խորհրդանիշները պահպանելու եւ պատուելու որոշումով։

Խօսիլ այս բոլորին մասին, կարեւոր է, այլեւ դաստիարակի՛չ է։ Ընդունիլ, որ Արցախը կայծը վառեց հայութեան նոր ժամանակներու ազատութեան բոցին. Արցախի շնորհիւ մեր ժողովուրդը 30 տարի աւելի հայացաւ, աւելի պահանջատէր եւ մարտունակ դարձաւ։ Արցախի «Երկաթէ շերեփ»ով հայութիւնը իր արժանի տեղը գրաւեց ժամանակակից ազգերու ընտանիքին մէջ,- այս արդէն Հ.Մ.Ը.Մ.ական դաստիարակութիւն է, որմով կը մեծնան, պիտի՛ մեծնան մեր ապագայ յաղթանակներուն հաւատացող այսօրուան եւ վաղուան սերունդները։

Այն սերունդները, որոնք հաւատարիմ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր Ժողովի որոշումներուն, կեանքով ու գործո՛վ պիտի պահեն այն, ինչ որ մեր նահատակները իրենց նահատակութեամբ ու արեամբ պահեցին։

Տարածենք