Թիւ 432 - «ԽՈՐԻՆ ՅԱՐԳԱՆՔ» (ՈՐՊԷՍԶԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇՆԵՐԸ ԽԱՂԱԼԻՔ ՉԴԱՌՆԱՆ)

 

Դարձեալ օրակարգի նիւթ է ազգային քայլերգի փոփոխութիւնը։ Հայրենի պատասխանատուներ կը դժգոհին, որ «զոհուելու տողով ու տեսարանով կ’աւարտի» քայլերգը։ Կը գանգատին, որ «անոր մէջ մահ բառը կայ»։ Եւ դեռ, կը պահանջեն, որ ան «հայկական ըլլայ, կապ ունենայ մեր պետութեան եւ հայկական երաժշտութեան հետ եւ ըլլայ քայլերգի կանոններուն համապատասխան»։

Վերոյիշեալ արտայայտութիւնները եթէ սովորական մարդոց պատկանէին, հաւանաբար շատեր այնքան լուրջի չառնէին զանոնք եւ շատ արագ անցնէին անոնց վրայէն, բայց երբ անոնք կը պատկանին Հայաստանի վարչապետին եւ Ազգային Ժողովի նախագահին, անոնք չեն կրնար լուրջ չըլլալ, քաղաքական ենթահող կամ հիմնաւորում չունենալ։

Ի վերջոյ, ազգային խորհրդանիշները «պարապ վախտի խաղալիք չեն», որոնցմով պետական այրեր զբաղին, երբ ուզեն կամ ձանձրանան։ Պատասխանատուներ, վստահաբար, նպատակ մը կը հետապնդեն, երբ նման հարց մը հրապարակ կը նետեն։

Նպատակը կը թուի ըլլալ պարզ։

Նպատակը անցեալը մերժելն է։ Նպատակը նոր, այսպէս կոչուած «խաղաղութեան դարաշրջանի» յատուկ քայլերգի մը որդեգրումն է, որովհետեւ, ըստ իրենց, «Մեր հայրենիք»ը չի համապատասխաներ մեր երկրի այսօրուան նկարագիրին, իբրեւ խորհրդանիշ եւ իբրեւ ազգային տեսլականներու արտայայտիչ։

Հայրենի պատասխանատուներուն համար, ըստ երեւոյթին, խորթ է իր որդիքը ազատ, անկախ Հայաստան կանչող գաղափարը, հայրենադարձութեա՛ն նպատակը։

Կամ, հաճելի չէ երեք գոյնով դրօշ, իբրեւ նուիրական նշան, թշնամիին դէմ փողփողելու տրամադրութիւնը։

Եւ կամ, ամէնէն վտանգաւորը, երանի չէ ան, որ «իր ազգի ազատութեան կը զոհուի»։

Բայց արդեօք այս տողերը վերջին մէկուկէս դարու մեր կեանքին հարազատ պատկերը չե՞ն ներկայացներ։ Կը բաւէ քիչ մը պատմութիւն գիտնալ, յիշելու համար, որ՝

«Մեր հայրենիք»ը նախքան իբրեւ քայլերգ ծնիլը, նախ ծնաւ մեր ժողովուրդի հոգիներուն մէջ։ Ծնաւ յուզումով, տագնապով եւ յեղափոխական երկունքով։

Ապրիլ 1915-ին, «Մեր հայրենիք»ը եղաւ հայկական ինքնապաշտպանութիւնը ոգեշնչող ստեղծագործութիւնը։ Այդ օրերուն, Վանի վարժապետանոցի նուագախումբը զայն պարբերաբար նուագեց Վանի ինքնապաշտպանութեան ուժերու դիրքերուն։

Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսները իրենց արիւնը թափեցին «Մեր հայրենիք»ի ներշնչումով ու հաւատամքով։

1 Օգոստոս 1918-ին, հայ ժողովուրդի պատմութեան առաջին խորհրդարանին անդրանիկ նիստը բացուեցաւ «Մեր հայրենիք»ով։ Տարի մը վերջ, Միացեալ Հայաստանի հռչակման ժամանակ եւս խորհրդարանին մէջ հնչեց նոյն քայլերգը։ Եւ այսպէս, Փետրուարեան ապստամբութեան ժամանակ, Արցախեան շարժումի օրերուն, բոլորին համար անառարկելի եղաւ «Մեր հայրենիք»ի խորհուրդն ու թելադրականութիւնը։

«Մեր հայրենիք»ը գտաւ համաժողովրդային ընդունելութիւն եւ իր մէջ ամփոփեց մեր ժողովուրդի տարբեր ժամանակներու ազգային իղձերն ու ապրումները։ Այդ պատճառով ալ, երբ Հայաստան վերանկախացաւ, իշխանութիւններ չվարանեցան 1 Յունիս 1991-ին «Մեր հայրենիք»ը ազգային քայլերգ հռչակելու։ 14 տարի ետք, այս անգամ համաժողովրդային հանրաքուէով ընդունուած Հայաստանի Սահմանադրութիւնը ճշդեց երկրին ազգային քայլերգը որոշելու յատուկ կարգը, որուն հիմամբ՝ տարի մը վերջ, 2006-ին, կատարուեցաւ մրցոյթ եւ 85 դիմումներու քննութենէն ետք, «Մեր հայրենիք»ը դարձեալ վերահաստատուեցաւ իբրեւ քայլերգ եւ միաւորեց բոլորը՝ պատերազմ գացող զինուորներն ու ժողովուրդը։

Սփիւռքի մէջ, 70 տարի, յաջորդական սերունդներ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի երազը փայփայեցին «Մեր հայրենիք»ով, իբրեւ կորուսեալ անկախութեան յիշատակ, իբրեւ պետական արժէք եւ ազգային խորհրդանիշ։ Հերոսները Հայ Դատի հետապնդման ճամբուն վրայ նահատակուեցան, որովհետեւ հաւատացին, որ «Մարդ մի անգամ պիտ մեռնի, բայց երանի, որ իր ազգի ազատութեան կը զոհուի»։

Ճիշդ է, «Մեր հայրենիք»ը աշխարհի լաւագոյն երգը չեղաւ, ո՛չ ալ լաւագոյն բառերը կամ երաժշտութիւնը ունեցաւ, բայց հայ մարդը, Հ.Մ.Ը.Մ.ականը մանաւա՛նդ, սիրեց ու կառչեցաւ անոր, որովհետեւ անոր մէջ տեսաւ իր պատմութիւնը, իր ժողովուրդին հարազատ կենսագրութիւնը, այն երգը՝ զոր երգելով մարդիկ կ’ուզեն անկախութիւն ստեղծել, պայքարիլ եւ մեռնիլ։

«Մեր հայրենիք»ը մեր անցեալն է եւ անցեալը կարելի չէ մերժել։ Մենք անցեալէն կու գանք եւ «Մեր հայրենիք»ը կը խորհրդանշէ վեց հարիւր տարուան գերութենէ ետք կերտուած մեր անկախ պետականութիւնը, որուն իրաւայաջորդն ու ժառանգորդն է ներկայ Հայաստանը։

«Մեր հայրենիք»ը պետական խորհրդանիշ է եւ պետական խորհրդանիշները չեն կրնան փոխուիլ մարդոց քմահաճոյքով ու ճաշակով։ Խորհրդանիշի մը հարազատութիւնը կ’որոշէ պատմութիւնը եւ ո՛չ թէ ժողովուրդը։

Իսկ այդ ո՞ր ժողովուրդին մասին է խօսքը։ 2018 թուականին «Հանրապետութեան» հրապարակը լեցուցած 200 հազարի՞ն մասին է։ Բայց չէ՞ որ 2 միլիոն 200 հազար ժողովուրդ ալ հրապարակէն բացակայ էր այդ օրերուն։ Իսկ եթէ խօսքը Հայաստանի այսօրուան Ազգային Ժողովի պատգամաւորներուն մեծամասնութիւնը ընտրած 680 հազար հայերուն մասին է, այդ պարագային Հայաստանի մէջն ու դուրսը կան նոյնքան եւ կրկնապատիկ կամ քառապատիկ թիւով հայեր, որոնք տարբեր կարծիք ունին կամ կրնան ունենալ։ Ինչպէս որ իշխանամէտ զանգուածը ժողովուրդ է, նաեւ իշխանութեան հետ տարակարծիք զանգուածը ժողովուրդ է։ Չէզոքները եւ անտարբերները եւս ժողովուրդ են։ Ճիշդ չէ ժողովուրդ հասկացողութիւնը նոյնացնել հետեւորդ ամբոխին հետ եւ շահարկել զայն անվերջ։

Ինչո՞ւ, ուրեմն, «Մեր հայրենիք»ի նկատմամբ այս վերաբերումը, զայն փոխելու պարբերական փորձերը։ Նման անտեղի առաջարկներ պարզապէս վիհը աւելի կ’ընդլայնեն հայ ժողովուրդի զգացական տրամադրութիւններուն եւ քաղաքական հակադիր մօտեցումներուն միջեւ, այն պահուն, երբ ակնկալուածը ազգային միասնականութեան ամրապնդումն է, մեր ժողովուրդի բովանդակ ներուժին համախմբումն ու օգտագործումն է, որպէսզի կարելի ըլլայ Արցախի կորուստէն ետք ինքզինք վերագտնել, վերականգնիլ եւ հզօրացման ճամբան բռնել։

Քայլերգի փոփոխութիւն առաջարկողները պարտաւոր են հաշիւ տալ մեր ժողովուրդին եւ ցնոր տնօրինութիւն ենթարկուիլ ազգային քայլերգի մասին Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին, միշտ յիշելով ու չմոռնալով օրէնքին 8-րդ յօդուածին երրորդ կէտը, որ՝ «Քայլերգին նկատմամբ խորին յարգանքը իւրաքանչիւր քաղաքացիի սրբազան պարտքն է»։

Տարածենք