Թիւ 433 - ԱՌՈ՛ՂՋ ԸՆՏԱՆԻՔ

 

Կար ժամանակ, երբ ծնողներ կը մտահոգուէին իրենց զաւակներուն ազգային ինքնութեամբ. հայ պիտի մեծնա՞ն, թէ պիտի ձուլուին, օտարանան։

Այսօր, ծնողներու մտահոգութիւնը իրենց զաւակներուն սեռային ինքնութիւնն է. հաստատ անոնք մա՞նչ են, թէ աղջիկ, կրնա՞ն միասեռական ըլլալ, կրնա՞ն սեռափոխուիլ…

Կ’ապրինք ընկերային այլանդակութիւններու ժամանակը։ Յանուն ազատութեան, ազատամտութեան եւ լայնամտութեան, ամէն տարօրինակութիւն մուտք գործած է մեր ընկերութենէն ներս։ Տեղ մը մանչն ու աղջիկը այլեւս բաւարար չեն նկատուիր սեռային ինքնութիւն ճշդելու համար եւ… յառաջ կը քշուին տեսակ-տեսակ բացատրութիւններ։ Այլ տեղ, սեռը կը ջնջուի անձնաթուղթերէն։ Մէկ այլ տեղ, դպրոցներ կ’արգիլեն օրիորդ-պարոն արտայայտութիւնները, որովհետեւ «արդի» մօտեցումով «օրիորդ»ներ եւ «պարոն»ներ կրնան ըլլալ երկու սեռէն։

Տակաւին, կան անոնք, որոնք իրենք զիրենք մարդկային արարած անգամ չեն զգար։ Կը ներկայանան իբրեւ անասունի տեսակ (կատու, շուն…)։ Կ’որդեգրեն անասնական վարուելակերպ, կենցաղ ու բարք։

Առանց որեւէ արգելքի, կրօնական, բարոյական ու ընկերային ամէն արժէք արհամարհելով, ամէն մարդու ամէն բան արտօնուած կը թուի ըլլալ։ Կարծէք ընկերութիւնը դարձած է անցանկապատ պարտէզ, ուր մտնողը կրնայ փափաքած նորութիւնը՝ աւելի ճիշդ արտառոցութիւնը, իբրեւ «արժէք» ներկայացնել, ազատ-համարձակ։

Բայց ազատութիւնն ալ ունի իր չափն ու սահմանը, համարձակութիւնն ալ։ Իսկ ո՞ւր կրնան հասնիլ այդ սահմանները։ Կրնա՞ն, իրաւունքը ունի՞ն ընտանիքի մը գաղափարը խեղաթիւրող հասկացողութիւնները իբրեւ ժամանակակից կեանքի թելադրանքներ ներկայացնել։ Կրնա՞ն, արտօնութիւնը ունի՞ն մտայնութեան եւ բարքերու այլափոխումը արդարացնել անհատական ազատութեամբ եւ իրաւունքներով։

Սայթաքումներ եւ սեռային շեղումներ գոյութիւն ունեցած են մարդկութեան ծննդոցէն ի վեր, սակայն ոչ այսօրուան տարողութեամբ եւ… քարոզչութեամբ։

Այսօր, սեռային այլանդակ շարժումներու պաշտպաններ ողողած են հրապարակը։ Պետութիւններ եւ ոչ-պետական կազմակերպութիւններ այդ շարժումներուն չափէն աւելի իրաւունքներ եւ արտօնութիւններ շնորհելով ի՞նչ կը հետապնդեն արդեօք… եթէ ոչ՝ ընտանիքը քայքայելով ազգը քայքայել։ Ընտանիքի իւրաքանչիւր անհատը ընկերային անջատ ու անկապ տարրի վերածել, այնպէս մը, որ դիւրին ըլլայ զայն սպառողական արժէքի վերածել, թիւ ու համրանք դարձնել։

Ի տես այս լուրջ վտանգին, ի՞նչ կրնայ ընել հայ մարդը, ծնո՛ղքը յատկապէս, որ «աչքին լոյսին պէս» կը գուրգուրայ իր զաւակներուն, ընկերային ապահով միջավայր կը փնտռէ անոնց համար. տեղ մը, ուր անոնք իրական արժէքներով մեծնան, քրիստոնէական ու ազգային դաստիարակութիւն ստանան եւ հաւաքական մեր կեանքին մասնակիցները դառնան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը այս պարագային ծնողներու համար կրնայ ըլլալ վստահելի հասցէ, որովհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը ի՛նք ըլլալով մեծ ընտանիք, իր ներքին մթնոլորտով, սկաուտական, մարզական թէ վարչական գործունէութեամբ, ընտանեկան սրբութիւններու պահապան միութիւն է, աւանդական արժէքներու եւ բարոյական սկզբունքներու դպրոց է, դաստիարակող է, սրբագրո՛ղ, ուղղո՛ղ։ Հ.Մ.Ը.Մ. հաւատացողն է, որ հայ ընտանիքը հայ ազգի մանրանկարն է, պէ՛տք է ըլլայ, իր կառոյցով ամուր, նկարագիրով հայեցի, որակով առողջ ու կայուն։

Բնական է, որ իր շրջապատէն կտրուած միութիւն մը չէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը։ Ան եւս կը դիմագրաւէ արդի ժամանակներու վտանգները (ընկերային ցանցերու չարիքներ, յոռի բարքեր, մոլութիւններ, …), սակայն շնորհիւ իր պատասխանատուներու աչալուրջ մօտեցումին եւ անոնց դաստիարակչական սերտուած ծրագիրներուն, Հ.Մ.Ը.Մ. կը ջանայ կանխարգիլել եւ կամ չէզոքացնել շրջապատէն իր անդամներուն հասնելիք ժխտական ազդեցութիւնները, որովհետեւ ան լաւ կը գիտակցի, որ միայն ամուր ընտանիքներով կարելի է ամուր ազգ ունենալ։ Կարելի չէ ազգապահպանում եւ հայապահպանում կատարել՝ առանց հայ ընտանիքը պահպանելու։ Ընտանիք եւ ազգ սերտօրէն կապուած են իրարու, ճիշդ այնպէս, ինչպէս առողջ միտքը՝ առողջ մարմնին հետ։

Հին, իմաստուն խօսք մըն է- ըսէ՛ ինծի ընկերդ, եւ ես ըսեմ քեզի, թէ ո՛վ ես դուն։ Ճշմարտութիւնը նոյնն է նաեւ ընտանիքի եւ ազգի պարագային։ Եթէ կարենանք ճշդել ընտանիքի մը նկարագիրը կամ դիմագիծը, կրնանք նոյն ձեւով որոշել ազգի մը նկարագիրը, առողջ ըլլալը եւ, ինչ որ ամէնէն կարեւորն է, ազգի մը ապագա՛ն։

Կը պարզուի, որ առողջ հայ ընտանիքը հիմն է առողջ հայ ազգին, հետեւաբար հիմն է նաեւ՝ առողջ հայ դպրոցին, հայ եկեղեցւոյ, հայ ակումբին եւ հայ ընկերութեան։ Քայքայուած ու այլասերած ընտանիքը վնասակար է բոլորին։ Այս մեկնակէտով ալ, Հ.Մ.Ը.Մ. իրաւունքը եւ պարտաւորութիւնը ունի դէմ դնելու հայ ընտանիքի կոչումին ու արժէքին սպառնացող օտարամուտ հոսանքներուն, որովհետեւ աղէտը որ կը հարուածէ մերօրեայ ընկերութիւնը, լրջօրէն կը վտանգէ հայութեան քանակն ու որակը, ամէնուր։

Կը վտանգէ մանաւա՛նդ հայութեան գոյութիւնն ու ինքնութիւնը, Սփիւռք թէ Հայաստան։

Տարածենք