Թիւ 434 - ՆՊԱՏԱԿԸ՝ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ
Մարզական մրցաշարքերու եւ բանակումներու ժամանակն է։ Նորահաս սերունդը մարզադաշտերու մէջ է եւ կամ՝ լեռներու կատարին։ Շարժում, եռուզեռ եւ ոգեւորութիւն է ամէն տեղ։
Մարզիկները կը մրցին իրարու դէմ, կը յաղթեն ու կը պարտուին։ Փորձառութիւններ կը շահին, նոր ծանօթութիւններ կը հաստատեն։ Սկաուտները կը յայտնաբերեն բնութիւնը եւ չարքաշութիւնը, պահ մը կը կտրուին ցանցային աշխարհէն եւ ոտք կը դնեն իրական աշխարհ։
Ծնողները մասնակից են մեծ ուրախութեան, հպարտ են իրենց զաւակներուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ անցուցած ժամանակով։ Չեն դժգոհիր երթեւեկի տաղտուկէն։ Յոգնութիւնը կը մոռցուի, երբ արդիւնքը կը տեսնուի։
Բայց այս բոլորը օտարները եւս կը կատարեն, յաճախ Հ.Մ.Ը.Մ.էն աւելի լաւ, աւելի շքեղ ու մեծ տարողութեամբ։
Ի՞նչն է, ուրեմն, իւրայատուկը այս բոլորին մէջ։
Օտարը կը մրցի առաջնութեան տիրանալու համար, բաժակ եւ մետալ խլելու համար։ Այսօր կը մրցի հետդ, վաղը՝ դէմդ։ Խումբ կը փոխէ, շահ կը փնտռէ՝ «ուր հաց, հոն կաց» սկզբունքով։
Սկաուտութեան պարագային, բանակումը օտարին համար տարեշրջանի փակման սովորական գործունէութիւն է, սեփական կենսագրութիւնը հարստացնող փորձառութիւն։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար, սակայն, այս բոլորը ունին տարբեր իմաստ եւ նշանակութիւն, որովհետեւ անձնական, տեղական ու տեղայնական մտահոգութիւններէ անդին, Հ.Մ.Ը.Մ. կը գործէ ընդհանրական նպատակի մը համար՝ հայութեան համար, հայը հա՛յ պահելու, համախումբ եւ կազմակերպ պահելու համար։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ մանուկը հայերէն խօսելով, լսելով, երգելով ու մտածելով, հայ կը մնայ, ազգային ինքնութիւն եւ դիմագիծ կը կերտէ, մրցում յաղթէ կամ ոչ։ Ինքնութեան տէր անձը օգուտ մըն է իր համայնքին, ընդհանրական արժէք՝ իր ժողովուրդին։
Ի զուր չէ, որ երբ մարզական խումբ մը յաղթէ կամ բանակում մը յաջողութեամբ պսակուի, Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ ազգային-հայրենասիրական երգեր կ’երգեն, որովհետեւ անոնք կը հաւատան,- եւ ճի՛շդ կերպով կը հաւատան,- որ իրենց նպատակը հայութեան յաղթանակն է, հաւաքական անոր երթին յաւելեալ նոր յաջողութիւնն է՝ ընդդէմ անտարբերութեան, կրաւորականութեան, քաղքենիացման եւ ձուլումին։ Ընդդէմ մոլութիւններու, յոռի բարքերու եւ ընկերային վատառողջ երեւոյթներու, որոնք ընտանիքներ կը քայքայեն, հաւաքականութիւններ կը մասնատեն եւ հայութիւնը կը տկարացնեն։
Միշտ եւ ամէնուր նպատակը հայութիւնն է, մէ՛կ ճակատագիր ունենալու զգացումը եւ մէ՛կ ամբողջութեան պատկանելու գիտակցութիւնը։ Ու զարմանալի ոչինչ կայ այս հաստատումին մէջ, որովհետեւ 106 տարիէ ի վեր Հ.Մ.Ը.Մ. ազգային խանդավառութիւն եւ հպարտութիւն կը սփռէ մարզադաշտերու եւ բանակավայրերու մէջ, սերունդներ կը կազմաւորէ հայութեան եւ Հայաստանի համար, մեր կեանքի ներկային ու ապագային համար։
Բայց կ’արժէ հարց տալ, թէ ինչո՞ւ այս բոլորը.-
Սփիւռքի մէջ սերունդ փրկելու, ազգային նկարագիր եւ մտածելակերպ ստեղծելու համար։
Հայաստանի մէջ, իր պարտաւորութիւններուն գիտակից տիպար հայ քաղաքացի ունենալու համար։
Արցախի համար, պարտութեան հետ չհաշտուող, վիզ չխոնարհող տղաք ու աղջիկներ պատրաստելու համար։
Հետեւաբար, եթէ հայութիւնը չէ, ի՞նչն է նպատակը անհաշիւ զոհողութիւններով կատարուող միութենական այս մեծածաւալ գործին։
Բակային ճամբարներ, տեղական թէ ցամաքամասային բանակումներ, մարզական մրցաշարքեր, բոլորը կը ծառայեն ա՛յս նպատակին՝ հայեցի մթնոլորտի, հայ լեզուի, մշակոյթի եւ քաղաքական հանգանակի պահպանման։ Մնացեալը մանրամասնութիւն են՝ յայտագիր ու հաւաք, ժամանց ու գիտելիք։
Եւ դեռ, հայութիւնը չէ՞ հիմնական նպատակը համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական համագումարին, որուն օրակարգին վրայ սկաուտական մասնագիտական հարցերէ աւելի հայախօսութեան տագնապն է, հայութենէ պարպուած ընտանիքներու հարցն է, Միջին Արեւելքի նօսրացող համայնքներն են, Եւրոպայի նորակազմ գաղութներն են, Հայաստանն է, Արցախի վտարանդի հայութիւնն է՝ իր հոգերով ու դժուարութիւններով։ Ի՞նչ ընել, ի՞նչպէս ընել, որպէսզի բոլորը ամուր մնան եւ ամբողջական հայութեան մեր մեծ տեսլականին իրականացման ծառայեն։
Պատասխանը կու տայ խմբապետական համագումարին մէկ լուսանկարը, ուր աշխարհի չորս ծագերէն Գահիրէ հաւաքուած սկաուտ պատասխանատուներ, Արցախի դրօշին շուրջ բոլորուած, «Կարօտել եմ տուն իմ հայրենի» կ’երգեն, Պետօն, Կարօտը, Թաթուլն ու Բեկորը կը յիշեն եւ «Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ» կ’երդուեն։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի լաւագոյն պատասխանն է այս հայութեան համար հասցուցած իր սերունդներով, հայութիւնը պահո՛ղ սերունդներով։ Իրենց առօրեան հայկականութեամբ ապրող տղաք-աղջիկներով, բայց նաեւ, Վարդան Բախշեաններու եւ Վիգէն Զաքարեաններու օրինակով, ի պահանջեալ հարկին՝ հայութեան համար նահատակուելու պատրաստ անձնազոհներով։
106 տարուան վկայութիւն է այս։ Սկսեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիր ժողովէն, որուն աւարտէն անմիջապէս ետք, միութեան հիմնադիրները լծուեցան որբախնամի աշխատանքի, հայութեան բեկորներու հաւաքման։ Հասնելու համար մեր ժողովուրդի տարտղնուած բոլոր ուժերու մէկտեղման այսօրուան հրամայականին, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայ համայնքներու համախմբման, իրարու զօդման եւ իրարմով հզօրացման աշխատանքին։
Գալիքը անցեալէն տարբեր չի կրնար ըլլալ։ Կը խարսխուի ներկային վրայ եւ կ’արժեւորուի միշտ նոյն մտասեւեռումով՝
Հայութի՛ւն, հայութի՛ւն, ամէն բանէ առաջ հայութի՜ւն։