Թիւ 36 - 36-ՐԴ ԹԻՒԸ

 

Ասիկա «Մարզիկ»ի 36-րդ թիւն է։

«Մարզիկ»ի առաջին թիւը լոյս տեսաւ 1980 Փետրուարին։ Ամսական մէկ թիւի հաշուով 36-րդ թիւը լոյս տեսած պէտք է ըլլար Փետրուար 1983-ին։ Բայց այդպէս չեղաւ։

Հարցը այն է, որ յապաղումով լոյս տեսած թիւերուն հաշի՞ւը պէտք է պահանջել թէ գնահատել 36-րդին ծնունդը։

Արա՛գ։

Եթէ անպայման հաշիւ տալ-առնելու հաշուական խաղին ուզենք բռնուիլ, կրնանք ապահովաբար փաստել որ այս 36-ը բնական օրերու եւ տարիներու թիւերէն շատ աւելի է ծանրութեամբ, զոհողութեամբ, յարատեւութեամբ, անկարելին կարելի դարձնող յամառութեամբ եւ այն բոլոր տուեալներով, որոնք մամուլ մը կը պահեն մամուլ։

Յապաղումով լոյս տեսած թիւերու հաշիւը հաշուիչ ոչ մէկ մեքենայ կրնայ ընել։

Հաշուիչ բոլոր մեքենաները, բոլոր մեքենաներուն եւ մեքենացած մարդերուն նման, երբեք հաշուի չեն կրնար առնել հոգին, զոր, ի դէպ, ցարդ ոչ մէկ մեքենայի քմայքին կարելի եղած է վստահիլ, եւ որուն հետեւանքով բոլոր հաշուակցումները պակասաւոր են, վիրաւոր ու անտրամաբանական։

Այս երեսուն վեցը մայր չարչարող ծննդաբերութիւն է։

Այս երեսուն վեցը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին նետուած ձեռնոց է, Հ.Մ.Ը.Մ.ի աննկուն կամք է, երեւո՛յթ է։

Չքմեղա՞նք։

Քաւ լիցի։

Հ.Մ.Ը.Մ. իր ինքնադաստիարակութեան մէջ տեղ տուած է քննադատութեան, ինքնաքննադատութեան, որ սկիզբ է յառաջդիմութեան եւ բարձրացումի։

«Մարզիկ»ի տարուան մը վերջին թիւն է ասիկա եւ, որպէս հայ մամուլին մաս կազմելու կոչուած հրատարակութիւն, մանաւանդ իր սկզբնական տարիներուն, ան պէտք է տեղ մը խօսի ինքն իր մասին, խօսի իր ընթերցողներուն, այս պարագային, նաեւ որպէս Միութեան մը պաշտօնաթերթ, խօսի իր անդամներուն եւ համակիրներուն, մանաւանդ խօսի ինքն իրեն հետ.

Որպէսզի սրբագրէ իր թերիները,

Որպէսզի բացատրութիւն տայ իր խոստացած, սակայն չիրագործած հարցերու մասին,

Եւ մանաւանդ, որպէսզի նորոգէ իր ուխտը։

Ուխտ ու ուխտագնացութիւն է հրապարակագրութիւնը, երբ կը միտի սերունդներ իրարու շաղկապել, արձանագրել սերունդի մը հեւքը ու դառնալ պատմութեան համար կարեւոր ատաղձ, մաքրամաքո՛ւր եւ անվիճելի։

«Մարզիկ»ը Հ.Մ.Ը.Մ.ի յանձնառութիւնն է, ուրեմն՝ տոկո՛ւն։

«Մարզիկ»ի յաջորդ թիւը, որպէս շարունակականութեան լաւագոյն գրաւական, արդէն բացառիկ մը պիտի ըլլայ։

Թող դադրի պատերազմը, ու «Մարզիկ» կը խոստանայ մնալ բացառիկներու բացառիկը, որպէս մարզական հրատարակութիւն։

Ասիկա միաժամանակ խոստում է ու խոստումի գործադրութիւն։

Տարածենք