Թիւ 39 - ՕՐԷՆՔԸ

 

Օրէնքը ինչո՞ւ եղած է։ Ու նախ՝ ի՞նչ է օրէնքը։

Օրէնքը, ստեղծագործութիւն ըլլալէ առաջ, գոյութիւն է, ինչպէս երկիրն ու երկինքը, ու անոնցմէ առաջ՝ Աստուած։ Օրէնքը հիմքն է ո՛չ միայն մարդկային իրաւունք-պարտաւորութիւններուն, այլ բնութեան, տիեզերքին, բոլոր շարժուն եւ յարափոփոխ բաներուն։

Եթէ օրէնքը դադրի գոյութիւն ունենալէ, այն է, կը վերստեղծուի քաոսը, որ կար իրմէ առաջ։

- Նախ լոյսը բաժնեց խաւարէն, ու եղաւ առտու եւ իրիկուն...

Այսինքն՝ օրէնքը գործի անցաւ։

Օրէնքը սովորութիւն չէ, թէեւ սովորութեան մը արտայայտութիւնն ալ կրնայ նկատուիլ։

Գարուն-ամառ-աշուն-ձմեռ յաջորդականութիւնը բնութեան սովորութի՞ւնն է թէ օրէնքը։ Մէկը կրնա՞յ գալ միւսէն առաջ։

Ատիկա կ’ըլլայ օրէնքի խախտում։ Կամ կը դառնայ նոր օրէնք։

Իրողութիւնը այն է, որ օրէնք մը կրնայ վերատեսութեան ենթարկուիլ, նոյնիսկ փոխուիլ, սակայն չի կրնար վերցուիլ։

Որովհետեւ վերցուիլն անգամ օրէնքի մը հաստատումն է։ Օրէնք է, որ հոն օրէնք չմնայ։

Չափազանցութի՞ւն պիտի ըլլար ըսել, որ ամէն ինչ օրէնք է ու օրինաչափութիւն, սկսած մարդու շնչառութենէն, սրտի զարկէն մինչեւ թաւալումը լուսինին ու աստղերուն։

Օրէնքին մէջ կայ մահն ու կեանքը։

Ո՞ր մէկը միւսէն առաջ,- Մա՞հն է որ կեանքը կը ծնի թէ կեանքը կը բերէ մահը։ Հապա ցորենի հատի՞կը, որ պէտք է մեռնի, բազմապատկուելու համար։

Սակայն օրէնքը պէտք չէ շփոթել իշխանութեան ու մանաւանդ իշխանաւորին հետ։

- Օրէնքը վեր է ամէն բանէ եւ պէտք է վեր մնայ,- կը պատգամէր երիցս երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. առիթով մը։

Այսինքն ու մանաւանդ օրէնքը վեր է իշխանաւորէն, այլապէս ստրկութիւն է կամ բռնատիրութիւն։

Կանոնագի՞րը։

Կանոնագիրը օրէնքի կարելի պարզաբանումն է պարզապէս. անոր հիմքը օրէնքի ձգտումն է, բիւրեղացումը։ Օրէնքը չէ երբեք խարազան, որով կարելի ըլլայ հարուածել մերկ կռնակները։ Ընդհակառակն, օրէնքը մերկութեան վերարկու է։ Կը կարծուի, որ օրէնքը ԿԸ ԴՐՈՒԻ, իրականութիւնը այն է, որ օրէնքը ԿՈՒ ԳԱՅ։

Բխումն է իսկականն ու մնայունը։ Անիկա պատկերին մէջ այն կշիռքն է, որուն երկու նժարները կը համբուրուին։ Կայ ընդհանուր օրէնքը եւ կայ բացառութիւնը։ Ամէնէն տխեղծը՝ բացառութիւնները նկատի ունենալով պատրաստուած, բայց ընդհանուրին պարտադրուած այն կարգադրութիւնն է, որուն ոմանք կը կարծեն օրէնք անունը տալ։

Ո՞ր երեւոյթը չունի իր վրիպակը։ Մարդկային օրէնսգիտութենէն եւ օրէնքներու կիրարկումէն մինչեւ քսա՞ն թէ քսանմէկերորդ դարու ադամացած Եւան կամ եւայացած Ադամը ողբերգութեան չե՞ն վերածուած, տրուած ըլլալով որ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԱԾ են կամայականօրէն, շահադիտաբար եւ դիտումնաւոր կերպով։

«Երկու չափ, երկու կշիռ» հասկացողութիւնը չէ՞, որ մարդիկը ցարդ չէ կրցած ձերբազատել նոյնինքն մարդոց ստրակատիրութենէն...

Հ.Մ.Ը.Մ.ը ինքը օրէնք է, անկախաբար իր կանոնագրէն։

Բարձրանալու եւ բարձրացնելու օրէնքը։

Տարածենք