Թիւ 40 - ԾՆՈՂՆԵ՛Ր

 

Դուք, որ այնքան մտահոգուած էք ձեր զաւակներու ապագայով,

Դուք, որ ձեր երջանկութիւնը կը գտնէք ձեր զաւակներուն երջանկութեան մէջ,

Դուք, որ աչքի լոյսին պէս կը փայփայէք ձեր զաւակները,

Նկատած չէ՞ք.

Քսաներերորդ դարը բերաւ հրաշալի ժամանցներու նստակեաց կարելիութիւն մը ու երիտասարդութիւնը գամեց չորս պատերու մէջ։

Հեռատեսիլը սենեակ տարաւ աշխարհի մեծագոյն դաշտը, մինչ մարդկութեան պահանջը սենեակէն անջրպետ բացուիլն էր անկասկած։

Քսաներորդ դարը մուխի եւ գործատուներու հեւքին կապեց սրտի զարկը մարդկութեան, որուն, որպէս թէ հանգիստի պահ, տրամադրեց ելեկտրական խաղերու ամբողջ այլազանութիւն մը։

Ֆըլիփըրները երեւակայութիւն փայփայեցին եւ քամեցին գրպանի վերջին սենթը։

Քսաներորդ դարը, ճազ-միւզիքի, ծխախոտի եւ հաշիշի գուլաներով պարուրուած մութ անկիւններու մէջ, խենթացո՛ւց երիտասարդութիւնը ու ծնողները այդ մեղկութեան մէջ չճանչցան իրենց արգանդի արդի՛ւնքը անգամ։

Դաշտերն ու դաշտայինը մնացին հոն, ադամանդեայ աստղերու աչքկապուկին տակ։

Քսաներորդ դարը մարդը զրկեց բնութիւնը գրկելու հաճոյքէն, երջանկութենէն, կեանքէ՛ն։

Ծնողնե՛ր,

Ընտրութիւն մը ընելու կարելիութեան պարագային, ինչպէ՞ս կարելի է միութեան մը յանձնելու տեղ՝ զաւակը ձգել պողոտաներու քմայքին, զաւակին զաւա՛կ ընկեր մը նշանակելու տեղ՝ անծանօթին ընկերակից դարձնել եւ անոր արտատնային կեանքը տնայի՛ն բարեխղճութեամբ դասաւորողին տալու տեղ՝ փորձութիւններու յորձանուտին յանձնել։

Երբ ձեր հոգեհատորին համար կը ճշդէք ամէն ինչին լաւագոյնը կամ առնուազն կը ձգտինք անոր (դպրոցին լաւը, հագուստին գեղեցիկը, կերակուրին համովը, սենեակին օդասունը), ապա ինչպէ՞ս բացատրել, որ տակաւին չէք տեսած միւսը, որ պիտի զբաղի ձեր զաւակին նկարագրին հարցով, գաղափարական կազմաւորումով եւ ընկերութեան մէջ մտնելու խնդրով եւ որ կը կոչուի միութիւն։

Այդ միութիւններէն մէկը, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնն է։

Տակաւին չէ՞ք տեսած Հ.Մ.Ը.Մ.ը։

Այն, որ կը տողանցէ տարազով, որ փողերախումբերով կը դղրդացնէ հող, կը փշաքաղէ հոգի, կը բարձրանայ օրէ օր ու կը բարձրացնէ այնպէս ու այնքան, ինչպէս եւ որքան ծնողքը կը բարձրացնէ իր զաւակը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը երկրորդ տուն, երկրորդ ծնողք, առաջին ընկեր, բնութեան ներկայացուցիչ, մոլութիւններու զտիչ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը բանակում ու խաղ, դասախօսութիւն ու կարգապահութիւն, արտադպրոցական կրթի՛չ աշխատանք, արտատնային ընտանեկա՛ն հասկացողութիւն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը համագաղութային, համամարդկային համընդհանո՜ւր միութիւն։

Ծնողնե՛ր,

Կակուղ թաթիկէն մինչեւ Ծեր Գայլը, մարզական բոլո՛ր խաղերու բոլո՛ր ներկայացուցիչները, վարչական բոլո՛ր մարմինները գրակաբաց կը սպասեն ձեր զաւկին, որ նաեւ իրե՛նց զաւակն է, արեան եւ հողի ճամբով։

Ամբողջական ու անսպառ հարստութիւն է Հ.Մ.Ը.Մ., որմէ ինչպէ՞ս կարելի է զրկել սիրասունը։

Ու հարստութեանց հարստութիւնը, գանձերու գանձը այն է, որ ամբողջ բանակ մը ձեր զաւակը պիտի կոչէ Քոյր կամ Եղբայր։

Ծնողներ, ծնողնե՛ր,

Սպասել ո՞ր օրուան, սպասել ի՞նչ բանի՝ զաւակը յանձնելու համար ազգի՛ զաւկին, որ Հ.Մ.Ը.Մ. կը կոչուի...

Տարածենք