Թիւ 4 - ՀԱՄԱԶԳԵՍՏԻ ԿԱՐՕՏՈՎ
Հիմա հոս ենք. Սփիւ՛ռք։
Հիմա համազգեստը ա՛յս է, սկաուտականը, մարզականը։
Հիմա ա՛յդ է ահաւասիկ, որ յուզումի կը մատնէ բազմութիւնները, երբ սկաուտական տողանցք մը կը սկսի, կտրելու համար պողոտայ ու դաշտ։
Բանակի նախաճաշակն է համազգեստը. ասիկա միաւորը հաւաքականութեա՛ն բարձրացնող նշանն է, այսօրուան մեր ունեցածը, որ կը խռովէ մեզ, կը տանի կորսուած փառքերու ափսոսանքին եւ զանոնք ունենալու յոյսին ու վճռակամութեան միանգամայն։
Համազգեստը այլոց համար զարդ է, կոկիկութիւն, պատանեկան աղուորութիւն. մեզի համար ուրի՛շ բան է համազգեստը։
Մեզի համար համազգեստը հին օրերու թագաւոր ու իշխանազուն է, պահլաւիկ ու պալատական, բարձրաստիճան բանակայի՛ն։
Մեզի համար համազգեստը հայրենիքին հզօրանքն է, պետականութեան փաստ, լինելութեան գրգիռ։
Պատմութեան վերաքա՛ղ է համազգեստը, պատմութի՛ւն է. անցեալ, ներկայ, ապագայ։
Ի տես գայլիկներու տողանցքին, ո՞ր ժողովուրդը երջանկութեան ու տխրութեան միաձուլուած արցունք կը թափէ։ Եւ ինչո՞վ բացատրել շեշտուած այն ակնածանքը, զոր մեր համազգեստաւորները կը ստեղծեն մեր մէջ։
Ա՛յդ է։ Համազգեստով կը տեսնուի ինչ որ չկայ, ինչ որ պէտք է ըլլայ, պիտի ըլլա՛յ։
Ա՛յդ է։ Համազգեստով կը վերականգնի մօտիկ երէկը, երբ այլոց համազգեստաւորները (քանի մը հոգիով) տեղահան ըրին մեզ (հազարներով), որովհետեւ մենք համազգեստաւոր չունէինք։
Ու մանաւանդ ա՛յդ է. հիմա ունի՛նք։
Յստակ է. գլխարկ ու փողկապ, գօտի ու գուլպայ, երիզ եռագոյն, աստղեր ու պէճեր, փող ու թմբուկ, ծնծղայ քաղցրահունչ, այն չէ, ինչ որ կը տեսնուի, մի՛ւսն է, որ կը ստեղծուի ենթագիտակցութեան մէջ, կորսուած փառքը, դոփիւնը արագավազ ձիերուն, արքաներուն արքայական շքեղութիւնը, ուժն ու սարսուռը Հայաստանի։
Վեց հարիւր տարուան գերութեան հակադրուող յոյսն է համազգեստը, դեռ երէկի մեր մեծ ողբերգութեան պերճախօս պատասխանն է համազգեստը. աւելի՛ն, կազմակերպուածութեան ու միութեան միասնական փաստաթուղթն է ան։
Դարերու ընթացքին մեր արձանագրած կորուստներուն ամէնէ՛ն թանկագիններէն մէկն էր նաեւ այս, համազգեստը, որ այսօր Սփիւռքի մէջ կը շքերթէ որպէս գայլիկ-մարզիկ-սկաուտ եւ բազմութիւննե՛ր կը փշաքաղէ, հոգիներուն մէջ վերականգնելով իրմով խտացած ազգային ամէ՛ն առաքինութիւն։
Սկաուտին համազգեստը սկաուտին ըլլալէ կը դադրի յաճախ, կը ներկայանայ որպէս համազգեստ ու այդ պատճառաւ, ահաւասիկ, կþալեկոծէ մեզ, կը խանդավառէ կամ պարզապէս, անհաւատալիին առթած ամբողջ զմայլանքով, կը քարացնէ։
Տակաւի՛ն։
Թերեւս համազգեստն է նաեւ, որ այսօր, նորոգ ուխտեալներու նոր աւիւնով ու նոր թափով, զինուորին ու զինուորականին, ոստիկանին ու սահմանապահին մօտեցող արութեամբ, մեզ մեր անցեալին կը շաղկապէ ջերմեռանդութեամբ, որ մեզ կը դարձնէ բնական ու անհաւատալի շարունակութիւնը այն հսկայ ու անաւարտ վէպին ու վիպերգութեան, որ կը կոչուի պատմութիւն հայոց, պատմութիւն Հայկազնեան ազնիւ ցեղին։
Ու վերջապէս, այսօր, մեր բոլոր համազգեստաւորները ու համազգեստով խռովող մեր բոլոր բազմութիւնները կը հեւան, կը տագնապին, կը խանդավառուին ու կը գործեն, պարզապէս բո՛ւն համազգեստի կարօտով։