Թիւ 43 - ԱՐԱՐԱՏ

 

Ու որովհետեւ մարզական միութեան օրգան է ասիկա, վերնագիրը կրնայ մտածել տալ հայրենի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբ՝ Արարատի մասին։

Առանց այդ կապին, գինի եւ քոնեա՛կ կրնայ բուրել վերնագիրը, որովհետեւ կայ եւ այդ վաճառանիշով բան՝ Արարատ։

Մեր մշակութային միութիւններէն մէկը կը կոչուի այդ անունով։

Մեր սկաուտները իրենց գլխարկին ու գօտիին վրա՛յ կը կրեն զայն...

Սակայն այս վերնագիրը՝ Արարատ, հազարէն մէկը չէ, այլ հազար բան ստեղծող միակը, բունը։

Ո՜վ չի գիտեր, որ Արարատը մեզի համար միայն լեռ չէ, այլ յուշարձան է, հաւատք է, հաւատամք է, երազ է, ձգտում է ու պատմութեան լեռնացած էջ։

Արարատը մեզի համար ջրհեղեղին հակադրուող նաւամատոյց է, Նոյեան հանգստարան, խաղաղութեան աղաւնի, ձիթենիի ճիւղ, ծիածան ու այգի՛։

Հոս չէ՞ որ բանտարկուած է Արտաւազդ, ու հոս չէ՞ որ գամբռեր կը կրծեն երկաթ շղթայ, ու վիհէն դուրս երկաթագործներ կը զարնեն սալին, հա՛ կը զարնեն...

Արարա՞տը։

Բայց ան մեր գրականութեան հնչեղ լարն է, որուն վրայ իւրաքանչիւր մեր գրողի ճպոտն է շարժեր, որմէ ծներ է հեքիաթ, երգ ու քերթուած։

Արարատ, Արարատեան դաշտ, Արարատեան աշխարհ։

Հայաստա՛ն։

Աշխարհ գիտէ որ ջրհեղեղէն ետք Նոյ շինեց տապան, որ հանգչեցաւ Արարատ լերան վրայ, ուրկէ մարդկութիւնը վերածնաւ...

Հիմա, ամերիկացի աստղաչու մը անգամ մը եւս փորձեց բարձրանալ անոր լանջերուն, գտնելու համար տապանը։

Մարդիկ միշտ սիրած են ճշմարտութիւնը գտնել, ճշմարտութիւնը կրկին ու կրկին վերահաստատել, փաստարկել, վերափաստարկել։

Այս առիթով էր որ Արեւմտեան աշխարհի մամուլը վերնագրեց.- Արարատը, որ կը գտնուի Թուրքիոյ արեւմտեան կողմը...

Ամէն մարդ գիտէ որ լեռ մը կը պատկանի անոր, որուն հողերուն վրայ կը գտնուի։

Տարօրինա՜կ սակայն։

Արարատը կը գտնուի տեղ մը, կը պատկանի ուրիշի մը։

Նոյեան տապանի առեղծուածը լուծելէն առաջ, ամերիկացի աստաղչուն կամ ամերիկացիները, եւրոպացիները, աշխարհի բոլո՛ր մարդիկը պահ մը գէթ անդրադարձա՞ն այս անօրինակութեան։

Է՛հ, Աւետարա՛նը վկայ. երբ Արարատ-Տիգրիս-Եփրատ կþըսես, կը հասկնաս Հայաստան։ Երբ Վան կþըսես եւ կամ Սեւան, կը հասկնաս որ անոնք նոյն երկրի երկուորեակներն են։ Հիմա՞։ Հիմա, նախքան Նոյեան տապանի ճշմարտութեան ստուգում, մարդիկ հարց չե՞ն տար.

- Հոս է Արարատը, այո՛, սակայն ո՞ւր են հայերը։

Ո՞ւր են Սրբազան լերան ծնունդները։

Տէրե՛րը։

Մինչ Արարատի փառքը կþերգեն միայն հայերը, միւսները տեղեակ իսկ չեն, որ Արարատ մը կայ։ Մինչ հայերը իրենց չաստուա՛ծն են դարձուցեր զայն, միւսները անոր կը նային այնպէս, ինչպէս օձերը՝ ոզնիին։

Մինչ հայերը, ուր ալ գտնուին, իրենց հետ կը տանին Արարատը, միւսներուն համար Արարատը... Արարատ անգամ չէ։

Աշխարհ գիտէ՞ կարդալ բնութենէն խլուած այս մուրհակը։

Նոյին ու Նոյեան տապանին հասնելէ առաջ ու հասնելու համար՝ պէտք է նախ ճշմարտութեան ա՛յլ արձաններ վերականգնել։

Այլապէս, պէտք չէ մոռնալ, որ լեռներն ալ լեցուն են անէծքով...

Տարածենք