Թիւ 45 - 15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ, 1974 (ՏԱՍՆԱՄԵԱԿ)
Կան թուականներ, որոնք պէտք է առնուին շրջանակի մէջ եւ չմոռցուի՛ն։
Կան թուականներ, որոք անկիւնադարձային են, խորհրդանիշ են, երկար երկունքի խտացո՛ւմ։
Կան թուականներ, պարզ ու մեկին, որոնք պատմակա՛ն են։
15 Դեկտեմբեր 1974, Պէյրութ։
Պէյրութի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ակումբի սրահ, յաւելեալ ճշգրտութեան համար։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի զանազան մասնաճիւղերէն 23 ներկայացուցիչներ, ա՛յդ թուականին, ա՛յդ տեղ, այս մեծ միութիւնը բարձրացուցին իր արժանի առաքելութեան, ընտրելով Կեդրոնական Վարչութիւն եւ վաւերացնելով ընդհանուր Ծրագիր-Կանոնագիր։
Այլ բացատրութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ. 15 Դեկտեմբեր 1974-ին ծիածանացաւ աշխարհի երկնակամարին վրայ, դառնալով համագաղութային։
Անշուշտ մեր փափաքը այդ չէր։
Մեր աշխարհը մե՛ր աշխարհն էր, ոչ թէ աշխա՛րհը։
Սակայն այս աշխարհի վրայ կարենալ ապրելու ու այս աշխարհի վրայ իր սեփակա՛ն աշխարհը ունենալու համար անհրաժեշտ էր Կեդրոն ունենալ, Կեդրոնանալ։
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը այդ փափաքի, այդ պահանջի երթին՝ քար դրաւ քարի վրայ։
Իր ծնունդով այս միութիւնը արդէ՛ն Ընդհանուր էր. այս թուականին դարձաւ համընդհանուր։
15 Դեկտեմբեր 1974։
Ո՞վ չի գիտեր, որ երբ Կեդրոնը ուժով է, ուժով է ամբողջը։
Ո՞վ չի գիտեր, որ երբ Կեդրոն կայ, ուրեմն կայ եւ թաւալք, ինչպէս տիեզերական օրինակ եւ օրէնք։
Ո՞վ չի գիտեր, որ Կեդրոնը, Կեդրոնականը, Կեդրոնանալը կենսականէն աւելի բան են։ Ատով կ’ամբողջանայ լինելութիւնը, որուն կը ձգտին բոլոր շարժումները. ակերը՝ առուներուն, առուները՝ գետերուն եւ գետերը՝ ծովուն։
Միութեան մը համար աւելի մեծ իրագործում կարելի՞ է երեւակայել, մանաւանդ մեր ժողովուրդի դժխեմ ճակատագրին ենթարկուած հաւաքականութեան մը համար, քան ա՛յս։
Հիմա աշխարհով մէկ ցրուած երիտասարդութիւնը (ճակատագրականօրէն ու հազար անգամ դժբախտաբար) կþենթարկուի մէկ եւ միեւնոյն ԿԱՄՔԻՆ (անշեղօրէն եւ հազար անգամ բարեբախտաբար)։
Հիմա այս միութիւնը, որպէս կառոյց եւ առաքելութիւն, համապատասխան իր անուան եւ կոչումին, դէմ է տեղայնական հասկացողութիւններու եւ մտայնութեանց, ինչպէս եւ մանաւանդ գործելակերպի։ Միութիւնը ինք՝ ինքնանպատակ չէ, այլ կը ձգտի նպատակի մը, որ յայտարարուածն է, եւ մանաւանդ՝ հետապնդուածը.-
Հաւատարմութիւն Աստուծո՛յ, Հայրենիքի՛, Մարդո՛ւ։
1974-1984։
Տասը տարուան մէջ ի՛նչ ըրաւ Կեդրոնականը.-
Հրատարակեց «Մարզիկ», կազմակերպեց սկաուտական համագաղութային բանակում (Յունաստանի մէջ, Ֆրանսայի մէջ), պասքեթպոլի մրցաշարք (Գանատայի մէջ), կազմակերպեց Ընդհանուր Ժողովներ (Կիպրոսի մէջ, Յունաստանի մէջ), Շրջանային Ժողովներու ներկայացուցիչներ ղրկեց (Ամերիկաներ, Աւստրալիա, Եւրոպա, Մերձաւոր Արեւելք), ստացաւ հազարաւոր նամակ, պատասխանեց հազարաւոր անգամ...
Կեդրոնականը՝ աշխարհը աշխարհին կապեց։
Յամենայնդէպս,
Առայժմ կարեւորը Կեդրոնական Վարչութեան ըրածն ու ընելիքն ալ չէ, որքան եղած ըլլալու իրողութիւնը։
Վերջին հաշուով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պէս Միութեան մը համար՝ տասը տարին վայրկեան իսկ չէ...