Թիւ 46 - ՄԱՐԶԱՆՔԸ ՄԻՋՈՑ, ՄԱՐԶԻԿԸ՝ ՆՊԱՏԱԿ

 

Որպէսզի մարմինը մնայ առողջ, ու տակաւին որպէսզի մարմինը ամբարէ յաւելեալ ուժ եւ կենսունակութիւն,

Ինչո՞ւ չէ,

Որպէսզի մարմինը գեղեցկանայ աւելի՛,

Մարդիկ փորձով ու փորձառութեամբ հաստատած են, որ կարեւոր է մարզանքը։

Ու մարդիկ տակաւ գեղեցկացուցած են մարզանքը, զայն վերածելով մարզախաղի եւ մրցանքի։

Մարդիկ շարժումներն ու անոնց նպատակը մասնաւորած են ու անոնց տուած՝ վախճանական նպատակ։

Մարզանք չե՞ն ֆութպոլն ու պասքեթպոլը, փինկ-փոնկն ու թենիսը, վոլիպոլն ու աթլեթիզմը իր բոլոր ստորաբաժանումներով։

Մարզանք չէ՞ սահնակը, լուղորդութիւնը, նոյնիսկ կռփամարտը, գօտեմարտը։

Պարարուե՛ստը։

Շարեցէ՛ք բոլոր այն խաղերը, որոնք ողիմպիականներէ ողիմպիական վերաքաղի պէս կը տողանցեն ցուցակներու վրայ։

Պարզ ու մեկին, ամէն մարմնական շարժում, որ համաչափ է ու նպատակաւոր, մարզանք է կամ մարզախաղ։

Ըսուած է, որ լճացած ջուրը կը նեխի, կը հոտի, կը բերէ հիւանդութիւն։

Ժահրահոտ է լճացած ջուրը, ինչպէս դիակ։ Չէ՞ որ կը մեռնի ամէն բան, երբ կը դադրի շարժելէ։

Մարզանքը, շարժումը, մարզախաղը, մրցանքը՝ ա՛յդ է, կեա՛նք։

Հաճելի՛, օգտակա՛ր, անհրաժե՛շտ։

Մարզախաղերը երկուք են։

Խմբական մարզախաղերը կը միտին, բացի մարզանքի բարիքէն, մարդոց մէջ զարգացնելու խմբական ոգին։ Ֆութպոլի խումբ մը այնքան զօրաւոր է, որքան գիտէ խմբական խաղարկութիւն կիրարկել։ Տասնմէկ հոգի իրարու պիտի օգնեն, պիտի գոցեն իրարու բաց, ու տասնմէկը մէկ հոգիի պէս պիտի երթան դէպի նպատակ, կոլ։

Անհատական խաղերը կը միտին զօրացնել անհատականութիւնը, կամքը, ձեռներէցութիւնը։ Անհատական խաղերը տեսակ մը մրցում են մարդուն եւ բնութեան միջեւ, մարդուն եւ կենդանիներո՛ւն միջեւ։

Փիղէն աւելի ծանրութիւն վերցնել, եղնիկէն արագ վազել, ձուկէն աւելի ճարտար լողալ...

Յստակ է, որ մարզանքը միջոց է, մարզիկը՝ նպատակ։

Իսկ մարզիկը Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար միայն մարդ չէ, միայն մարզիկ չէ, այլեւ հարազատ զաւակ, հայրենիքէն բերուած հունտ, ինքն իր մէջ սերմ ու սերմնացան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար իւրաքանչիւր մարզիկ հայրենի զինուոր է, իւրաքանչիւր մրցանք ու մրցանքի յաղթական՝ նոր շունչ, վարար անձրեւ՝ յաղթանակի կարօտով պապակած հոգիներուն։

Աշխարհին համար մարզանքը միջոց է ու մարզիկը՝ նպատակ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար, սակայն, տիպար մարզիկը այն է, որ ինքզինք միջոց կը նկատէ Հայոց Պատմութեան փայլքի ճամբուն։

Այլապէս ի՜նչ Հ.Մ.Ը.Մ., ի՜նչ ցեղի կանչ...

Տարածենք