Թիւ 47 - ԺՈՂՈՎԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ. էապէս մարզական միութիւն մը ըլլալով հանդերձ, ունի ժողովական կեանք եւս, որուն գոյութիւնը գրեթէ լուսարձակի տակ չէ առնուած։

Ժողովուրդը կը տեսնէ մարզական արդիւնքը, սակայն նոյն այդ ժողովուրդը տեղեակ չէ մարզական արդիւնքէն առաջ մարզական շարժումը ստեղծո՛ղ գործիքէն, որ ժողովն ու ժողովականութիւնն է։

Արդարեւ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ունի շեշտուած բնոյթով երեք ժողովներ.-

ա.- Ընտրական-քննական, զորս կարելի է կոչել օրէնսդրական ժողովներ,

բ.- Կազմակերպչական բնոյթի ժողովներ,

գ.- Դաստիարակչական նպատակի ժողովներ։

Ա.- Ընտրական ժողովները անպայման նախ քննական բաժին ունին։ Յետոյ՝ ծրագրային։ Կանոնագրային հարցեր եւս կրնան քննուիլ այս բնոյթի ժողովներուն, եթէ անոր կարիքը զգացուի։

Նման ժողովներ կը գումարուին՝

1.- Տարին մէկ անգամ, մասնաճիւղերուն համար (քաղաք, արուարձան), որ կþընտրէ մասնաճիւղի վարչութիւն եւ որ կը կոչուի մասնաճիւղի անդամական ընդհանուր ժողով։

2.- Երկու տարին անգամ մը Շրջաններուն համար (երկիր), որ կþընտրէ Շրջանային Վարչութիւն եւ որ կը կոչուի Շրջանային ներկայացուցչական ժողով։

3.- Չորս տարին անգամ մը (բոլոր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներով, աշխարհով մէկ), որ կ’ընտրէ Կեդրոնական Վարչութիւն եւ որ կը կոչուի Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողով։

Բ.- Վարչական եւ յանձնախմբային բոլոր ժողովները կազմակերպչական բնոյթի են. անոնք կոչուած են Օրէնսդրական (քննական-ընտրական) ժողովներու ցուցմունքներն ու որոշումները իրագործելու։ Նման ժողովներ կը գումարուին ընդհանրապէս շաբաթական հերթական դրութեամբ։

Գ.- Կրթական-դաստիարակչական բնոյթի են սկաուտական-մարզական խումբերու պարբերական կամ հերթական ժողովները, որոնք առաւելաբար կը ձգտին բան սորվեցնելու։

Այս բոլոր ժողովները իրենց իրաւունք-պարտաւորութիւններով կը կազմեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի մտքի բուրգը, որուն հիմքը ժողովրդավարութիւնն է եւ որ կը կազմէ միութեան Կանոնագրութիւնը։

Կանոնագրութիւնը յաճախ փոփոխական է, ծրագիրը ընդհանրապէս անփոփոխ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ժողովական կառոյցի աս ուրուանկարէն առաջ կամ ետք թերեւս պէտք էր յստակացնել թէ ի՞նչ կը նշանակէ ժողով։

Ժողով կը նշանակէ քննութիւն, համադրութիւն, ծրագրում, հսկողութիւն եւ պահպանում։

Ժողով կը նշանակէ նաեւ ու մանաւանդ՝ փնտռտուք, վէճ... համաձայնութեան համար։

Ժողովի ընթացքին իւրաքանչիւր ժողովական ղեկավար է։ Արդէն հոս է ազատութիւնը։

Ժողովի մը մասնակից իւրաքանչիւր միութենական կը պարզէ իր տեսակէտը, որ եթէ արժանանայ մեծամասնութեան համաձայնութեան, կը վերածուի օրէնքի, որուն գործադրութիւնը կը դառնայ պարտադիր՝ բոլորին։ Հոս է կարգապահութիւնը։

Ժողովը մտքի փոխանակութեան եւ լաւագոյնին ձգտելու կարելիութիւնն է։

Հ.Մ.Ը.Մ.ին թէ որեւէ մեծ եւ իրաւ միութեան մը պարագային յստակ է մէկ բան. որքան ժողովականութիւնը կազմակերպուած է եւ ուժեղ, այնքան «դաշտ»ի վրայ պայծառ է արդիւնքը։

Ու արդէն եթէ Հ.Մ.Ը.Մ. Հ.Մ.Ը.Մ. եղած է, եղած է շնորհիւ նաեւ ժողովներուն՝ առողջ, գործնական, անաչառ, հեռատես եւ եղբայրական։

Տարածենք