Թիւ 48 - ԱՇԽԱՐՀ ՊԻՏԻ ԾԱՓԱՀԱՐԷ ՄԵԶ

 

Անոր համար՝ որ եօթանասուն տարի անց, կը շարունակենք յիշել...

Եօթանասուն տարի ետք ու անցած եօթանասուն տարուան ընթացքին ու վստահաբար գալիք եօթանասուն անգամ եօթանասուն տարիներուն, այսինքն քանի արդարութիւնը չէ վերահաստատուած, ու մինչեւ արդարութիւնը վերահաստատուի, ոչ միայն յիշած ենք, կը յիշենք ու պիտի վերյիշենք՝

Այլեւ ապրած ենք ու պիտի վերապրի՛նք ջարդը։

Ու այս պատճառաւ աշխարհ պիտի ծափահարէ ու յարգէ մեզ։

Ջարդը մեր սնունդն է։

Ջարդը հայրենի հողը փոխարինող, հայրենի հողը հող պահող ուժն է, ուրկէ սերունդներ իրենց հոգիի սափորը պիտի լեցնեն։

Ջարդը ուրիշ Արարատ մըն է մեզի համար։

Հետեւաբար, ո՛չ միայն պիտի յիշենք, այլեւ պիտի վերակառուցե՛նք զայն, պիտի վերապրի՛նք զայն, ի հարկին մենք մեզ պիտի արիւնենք, որպէսզի չմոռնա՛նք զայն։

Ու մեր այս ոճը փրկարար պիտի ըլլայ բոլոր այն ցեղերուն ու ազգերուն համար, որոնք ենթակայ են կամ ենթակայ պիտի դառնան ջարդուելու։

Ու ջարդի ենթակայ կրնան մնալ ոչ միայն փոքր ու տկար ազգերը, այլեւ դարուս մեծագոյնները։ Ջարդելու տրամադրութիւնը մեծ ու փոքր չի ճանչնար։

Այս իսկ պատճառաւ աշխարհ պիտի ծափահարէ մեզ, որովհետեւ չենք մոռցած ու աշխարհ պիտի քաջալերէ մեզ, որպէսզի չմոռնա՛նք։

Այլապէս, մոռացութեան կարելիութիւնը հիմք ունենալով, մարդկային պատմութիւնը պիտի շարունակէ կրկնել ինքզինք արիւնի խնճոյքներով։

Ա՛յս է։

Ամէն անգամ, որ բռնապետ մը, ամէն անգամ, որ իշխանութեան բարձրացած ոճրագործներու խումբ մը հաւաքական ոճիր գործելու տրամադրութիւնը որոճայ, պէտք է տեսնէ մեզ ու սարսափի կեանքին վերադարձող ոգիներու յաճախանքէն։

Մարդկութեան համար մեր ջարդը ջրհեղեղը պիտի ըլլայ, իսկ մեր զայն ապրեցնելու տենդը՝ Նոյեան տապան։ Փրկութեան լաստ։

Ասիկա պիտի ըլլայ մեր ջարդուածութեան բարիքը մարդկութեան համար։

Ու այս իսկ պատճառաւ, աշխարհ պիտի ծափահարէ մեզ։

***

Արդէն որո՞նք եւ ինչո՞ւ կ’ըսեն՝ մոռցէ՛ք։

Մեր խօսքը բարի, այլ միամիտ մարդոց համար ալ է, որոնք ամենայն անմեղութեամբ կը թելադրեն մոռնալ, որովհետեւ դէմ են զարկի, վրէժխնդրական արարքներու։

Աշխարհի ամէնէն բարի ժողովուրդներէն ենք նաեւ մենք. ու մանաւանդ մե՛նք որքա՜ն պիտի ուզենք մոռնա՛լ, մոռնա՛լ, մոռնա՛լ։

Կը կարծուի հաճո՞յք է ջարդի յաճախանքը մեր հոգիներուն մէջ...

Սակայն մոռնալ ի՛նչը, ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ։

Մոռնա՞նք, որ աշխարհացրիւ ենք։ Մոռնա՞նք, որ մեզմէ խլուած հող ունինք։ Ո՞վ իր պապենական գերեզմանէն թիզ մը հող է զիջեր, որ կը թելադրուի ամբողջ հայրենիքի մը վրայէն գիծ քաշել։

Ո՞վ որուն հաշուոյն կը թելադրէ մոռնալ ու ի՞նչ կþառաջարկէ մոռնալու փոխարէն։

Ո՞վ պիտի շահի մեր մոռացումէն։

Ու ինչպէ՞ս կարելի է ջարդուածին ըսել՝ մոռցի՛ր, ջարդողին չըսել՝ զղջա՛։

Մենք տուինք՝ մոռնանք։ Ի՞նչ ընեն առնողնե՛րը։

Սխա՛լ, սխա՛լ, սխա՛լ ու անարդար բան կայ այս բոլորին մէջ։

Յստակ է, որ ճիշդը միւսն է։ Այն, որ, յանուն արդարութեան եւ մանաւանդ ինքնապաշտպանութեան, աշխարհ պիտի սիրէ ու քաջալերէ մեզ։

Որովհետեւ, վերջին հաշուով, մեզ հետ ըլլալ կը նշանակէ՝ պաշտպանուիլ ջարդին դէմ։

Մեզի հետ ըլլալ կը նշանակէ ընել այնպէս, որ այս՝

Առաջին եւ վերջին ցեղասպանութիւնը ըլլայ։

Տարածենք