Թիւ 49 - ՖՈՒԹՊՈԼԸ, ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏԸ ԵՒ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

 

Ֆութպոլը աշխարհ մըն է աշխարհի մէջ իր համակիր-սիրահարներով, դաշտ հոսող բազմութեամբ, մրցումի ընթացքին գոռումով, հսկայ պաստառներու յաղթական ցուցադրութեամբ, հուռաներով, սուլոցներով, ծափերով, կանչերով ու մասամբ նորին։

Ֆութպոլը աշխարհ մըն է աշխարհի մէջ իր քուլիսներով՝ ծախուող ու գնուող խաղացողներով, կաշառուող իրաւարարներով, սակարկուող յաղթանակներով, գրաւներով ու կռիւներով։

Մեղայ, մեղայ դաշտային սրբութիւններուն։

Բայց եւ ֆութպոլը՝ շարժումի համանուագ է, գրոհներու եւ խոյանքներու հաղորդական թռիչք, յոյսի եւ յուսախաբութեան ելեւէջ։ Ամբողջ մէկ ու կէս ժամ սրտեր արագ կը զարնեն, աչքեր, գնդակ-մագնիսէն բռնուած, կը շարժին ամէն ուղղութեամբ, եւ այդ ժամանակամիջոցը տեսակ մը նիրվանա է։

Ֆութպոլը հին հռոմէական չաստուածներու մրցանքն է՝ կրկէսներու մէջ, ուր հրաշքներ կը յաջորդեն իրարու. գնդակը ա՛յս դարպասը մտնելու տեղ, անակնկալօրէն եւ «քաջ»երու ճարպիկութեան շնորհիւ, կը մտնէ մի՛ւս դարպասը. եւ ուռկանի խշրտոցը ոչ թէ կը լսուի, այլ կը տեսնուի՛ պարզապէս խելագարած ամբոխներուն կողմէ։

Ֆութպոլը մարզական այն հրաշալի խաղն է, ուր կոլ ընողին չափ կը հրճուի դիտողը, ուր իրաւարարը արդար է, ինչպէս խստագոյն դատախազ, ուր սուլիչի կշռոյթ կու տայ խաղին եւ ուր տապալող մարզիկին չափ կը ցաւի անկումին պատճառ դարձողը։

Փա՜ռք մարզական ոգիին։

Ֆութպոլը աշխարհ մըն է աշխարհի մէջ, ի՛նչ փոյթ, որ աշխարհ մը մարդիկ ալ կան, որոնք կը զարմանան գնդակի մը ետեւէն վազող մարդոց ու այդ վազվռտուքը դիտող բազմութեանց հետաքրքրութեան վրայ։

Ճաշակը հազար ճաշակ ունի...

Յամենայնդէպս, այս մարզախաղին սիրահար ըլլանք թէ ոչ, չենք կրնար անտարբեր անցնիլ անոր հետեւանքներուն վրայէն։

Ֆութպոլի խաղ մը կրնայ պատճառ դառնալ միջ-պետական պատերազմի (մոռցա՞նք Հոնտուրասն ու Սալվատորը)։ Դաշտի վրայ կռիւ մը կրնայ պատճառ դառնալ անհաշիւ զոհերու (տակաւին ամիս մը առաջ էր, Պելճիքայի մէջ տրուեցաւ 38 մեռեալ, 350 վիրաւոր)։

Միւս կողմէ, սակայն, ֆութպոլի կարեւոր յաղթանակ մը կրնայ ամբողջ երկիր մը մղել, որ երեք օր երեք գիշեր պարէ փողոցներու մէջ, ու յաղթանակ ապահովող մարզիկներ ստանան անհաւատալի նուէրներ՝ ինքնաշարժ, վիլլա, անհաշիւ տոլար...

Նուէրներու վերջին նուէրը եկաւ նոյնինքն Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահէն։

Արդարեւ, ֆութպոլի սիրահարները կը ճանչնան Փլաթինին, որուն շնորհիւ Ֆրանսայի Ազգ. խումբը շահեցաւ Եւրոպայի ախոյեանութիւնը։

Յետո՞յ։

Յետոյ ահաւասիկ Ֆրանսայի նախագահը Միթերան, որ անձնապէս Փլաթինին Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետ հռչակեց պաշտօնական մասնաւոր արարողութեամբ, որուն ընթացքին խօսքը Փլաթինիին եւ անոր ընկերներուն ուղղելով բառացիօրէն ըսաւ.

- Դուք ծառայեցիք երկրին եւ նպաստեցիք Ֆրանսայի ճառագայթումին աշխարհի մէջ...

Այս էր եւ պատճառը, որ Փլաթինիի արձանը կանգնեցաւ Կրէվընի թանգարանին մէջ, ի Փարիզ։

Ուրեմն այսպէ՛ս։

Ֆութպոլիստ մը ու ֆութպոլի յաղթանակ մը կրնան նպաստել մեծ երկրի մը «առաւել ճառագայթումին» աշխարհով մէկ։

Եթէ ասիկա ճշմարիտ է ՄԵԾ երկիրներուն համար, հապա որքա՞ն ճշմարիտ պէտք է ըլլայ նաեւ ՓՈՔՐ ԱԾՈՒՆԵՐՈՒՆ համար։

Երբ կը վերլուծենք ֆութպոլը, ֆութպոլիստը եւ նախագահը, չենք կրնար չյիշել ՄԵՐ Փլաթինիները, որոնք այնքան կոլ ըրին, այնքան բաժակ շահեցան... եւ երջանկացուցին «Փոքր Ածու»ն։

Բայց մերիններուն մասին՝ յաջորդիւ։..

Տարածենք