Թիւ 50 - ՄԵ՛Ր ՓԼԱԹԻՆԻՆԵՐԸ

 

Աշխարհին պատկանելէ առաջ մարդիկ անպայման կը պատկանին, պէ՛տք է պատկանին քաղաքի մը, գիւղի մը ու նախ՝ տան մը։ Եթէ արմատ չունեցողը կարենայ նոյնիսկ աշխարհը ծածկել, սունկէ մը աւելի չ’արժեր։

Մերինները աշխարհին չպատկանեցան, աշխարհահռչակ չեղան։ Իրենց բարձրացուցած աղմուկը ընդհանրապէս քաղաք մը լեցուց, երբեմն նաեւ երկիր մը։ Քիչ պատահեցաւ, որ անոնց անունը, այդ ալ վախկոտ քայլերով, մօտակայ երկիրներու սահմանը անցնի։

Այդքան։

Բայց մերինները տուն տաքցուցին։

Մեր Փլաթինիները կոչուեցան Դանիէլ Դանիէլեան, Արտաւազդ, Հաճի Հայկ, Եղիշէ, Վարդիվառ, Արսէն, Վազգէն, Համազասպ, Սուրէն, Յակոբ, Յակոբիկ, Սարգիս, Օննիկ, Ճորճիկ, Միկէ, մեծ ու պզտիկ Աբօ, Հրայր, Գէո՛րգ, մեր Փլաթինիները ունեցան կեղծանուն՝ Կոլճի Լեւոն, Մանուկ Մուխը Մարէ, Վարպետ, Ճոքի, Նեկրօ, Գարաօղլան, Սաաթճի, Մասրի, Կիւլիւմ, Գասսապ, Մաչա, Զենօ, Մնջիկ, Գույում, Ապու Լուս, Ուիսքի, Կնտօ Սահա՜կ...

Մեր Փլաթինիները խմբովին կոչուեցան «Դեղին սատանայ», դաշտը լեցուցին ազնուականութեամբ, ճաշակ ճառագայթեցին դաշտ իրենց մուտք-ելքով, իրենց մարզական ոգիով, իրենց... տարազո՛վ։

Տեղացի թէ հարազատ՝ ամէն մարդ մերինները ճշդեց որպէս մարզական տիպար, ու ամէն մարդ ուզեց նմանիլ մերիններուն։

Մեր Փլաթինիներուն առած իւրաքանչիւր կոլի երջանկութեան աղաղակը կտրեց ձայնի պատը, կոլի արձագանգը քիլոմեթրներով անդին արդիւնքին սպասող՝ դաշտէն ակամայ բացակայ բազմութեանց հասաւ, ակումբները լեցուեցան յաղթանակով գինով տղոցմով, ու հայկական դրօշը տարբեր փայլք ստացաւ ամէն անգամ։

Ու մեր Փլաթինիները ԽՄԲԱԿԱՆ հռչակ դարձան եւ ոչ թէ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՓԱՌՔԻ արժանացան։

Մեր Փլաթինիները եղան այնպէս, որ իրենց տակաւ աճող ժողովրդականութիւնը երբեք ստուեր չձգէ զիրենք ծնող Միութեան վրայ. ընդհակառակն, իրենցմով ու իրենցմէ առաջ միշտ Միութիւնը փայլեցաւ ու այդ իսկ պատճառաւ առաջին Փլաթինին ոչ թէ խաղացողները եղան, հակառակ իրենց ամբողջ հմայքին, այլ զիրենք խաղի մղողը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը։

Օր մը նախագահ մը կամ նախագահութիւն մը Ասպետի շքանշանով պիտի պատուէ անշուշտ մեր անհատ, խումբ թէ մանաւանդ Միութիւն Փլաթինին։

Ու պայման չէ, որ մոմէ կամ մարմարէ արձանիկներով տեղ մը ժամանակին նային մեր Փլաթինիները։

Սակայն մեր պատմութիւնը արդէն սկսած է փսփալ, որ հայոց Փլաթինիները երբեմն իրենց յաղթանակով հիմնական յաղթանակներու կարօտին զով շուք դարձան, պաղորակ ջուր։

Հիմա ա՛յդ է։

Աշխարհով մէկ ցրուած մերինները երէկ հաւաքուեցան տեղ մը՝ Լոս Անճելըս, պասքեթպոլի համագաղութային Ա. մրցաշարքէ մը ետք, ֆութպոլի ալ համագաղութային մրցաշարքի առաջին քարը դնելու համար։

Դժուար չէ երեւակայել թէ Լոս Անճելըսի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ. Նահանգներ, Հ.Մ.Ը.Մ. Աւստրալիա, Հ.Մ.Ը.Մ. Ֆրանսա, Հ.Մ.Ը.Մ. Յունաստան, Հ.Մ.Ը.Մ. Լիբանան, Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատա դաշտ հաւաքուած, փոքրանկար ու բացառաբար հայերէ կազմուած ՄԱԿ-ին մէջ ի՜նչ յիշատակներ արթնցուց։

Իւրաքանչիւր խաղացող անպայման յիշեցուց աստղ մը, հիներէն մէկը, ու Մ. Նահագներու այդ դաշտին մէջ, այդ օր, կրկին ամէն ինչ զուտ Հայաստան եղաւ, թէկուզ քանի մը ժամուան համար, ինչպէս երկինքէն անցնող ասուպ։

Եւ ասիկա՝ շնորհիւ նաեւ մե՛ր Փլաթինիներուն։

Կարելի՞ է երեւակայել ասկէ աւելի մեծ շքանշան, որ երբեւիցէ նախագահ մը կարենայ կուրծքէ կախել։

Տարածենք