Թիւ 5 - ՈՒՐԿԷ՛ ԱՌԻՆՔ

 

Յաճախ կը խօսինք մեր տուածներուն եւ ունեցածի՛ն մասին։

Հոս հիմնած ենք սկաուտութիւն, հոն ներմուծած ենք մարզականին սէրը եւ մարզախաղերուն նախաճաշակը տուած. ժողովուրդի մը նոյնիսկ տուած ենք գիր, Արեւելքի մէջ շրջած ենք ոչ թէ որպէս վաճառական, այլ Արեւմուտքի քաղաքակրթութեան հալածուած տարածիչ իբրեւ։

Արձանագրած ենք առաջնութիւններու շարան. առաջին քրիստոնեայ ազգը, առաջին բնակիչը՝ ջրհեղեղէն ետք. այս գողտրիկ երկնակամարին տակ, առաջին ցեղասպանութեան առաջին զոհը...

Անհատական առաջնութիւններու անհամար ցանկ ունինք։ Գիտութեան մէջ, արուեստի մէջ, տնտեսութեան մէջ, մարզականին մէջ ու, չմոռնանք, տառապանքին մէջ։

Այս՝ մեզի հասած ծանօթութիւններու ճամբով միայն։

Այս՝ մատենագրական հսկայ հարստութենէն բզիկ-բզիկ եղած պատառիկներու վկայութեամբ միայն։

Ինչե՜ր ունեցեր ենք, որոնք կորսուած են ի սպառ, որոնք թաղուած են հողի տակ, կամ պառկած՝ դրացիներու արձանագրութիւններու հարստութեան մէջ։

Հռոմի կրկէսներուն մէջ յաղթական ելոյթ ունեցեր են մեր թագաւորներն ու իշխանները, Հռոմի կայսր եղած են հայորդիներ. ու մենք չենք պահած կամ չենք կրցած փրկել անոնց հետքը միջազգային դաւադրութիւններէն։

Ոչ միայն նախանձախնդիր չենք եղած մեր ունեցածին, այլեւ մեր ամէնէն յախուռնները դատապարտած ենք խոր վիրապներու շղթային։

Պարզապէս ու պարագայականօրէն սպառնացած ենք Կիրակի օրերը սալին մուրճ չզարնել։

Տառապանքին թէ մարդկային ազնուագոյն տեսլականին մէջ առաջնութիւններ ապահոված մեր ժողովուրդը, սակայն, ուրկէ՛ առած է զանոնք։

Իր կարողութիւնները ձրիօրէն աջ ու ահեակ բաժնող ժողովուրդը այսօր կþանդրադառնա՞յ, որ պապենական ժառանգութիւն մըն է իրը, անսպառ կարողութիւն մը, որ կու գայ հազարաւոր տարիներու վերիվայրումներէն, Արարատեան աշխարհի լեռնականներէն։

Դաշտ ունեցած ենք Քրիստոսէ առաջ. երբ դաշտ ունեցած ենք, յստակ է որ ունեցած ենք ինչ որ կը պատկանի դաշտին. ըմբշամարտ թէ մենամարտ, վազք թէ ոստում, ծանրաբարձութիւն թէ... մարզական իրաւ ոգի։

Մենք առած ենք մեր պապերէ՛ն այն՝ ինչ որ առատաձեռնութեամբ կու տանք հանդիպակացին, պարզապէս մեր պապերուն հանդէպ երախտամոռութեան անգիտակից բայց ծանրակշիռ մեղքով։

Կը նմանինք պապենական ժառանգը մսխող անառակ որդիին։

Պահ մը, միայն պահ մը անդրադառնանք, որ մեր ունեցածը մերը չէ միայն, այլ անոնց, որոնք պատմութիւն կերտեցին, եւ անոնց, որոնք պատմութիւն պիտի վերակերտեն։

Թերեւս արժեւորուինք աւելի, երբ պեղենք թէ ուրկէ՛ առած ենք մեր ունեցածը եւ այնքան չխօսինք մեր տուածներուն մասին։

Իջնենք բունի արմատներուն։

Ու մատենագրութեամբ ապրող թէ պեղումներու ճամբով հինը վերականգնելու կոչուած մեր ընտիրները թող ըսեն մեզի, թէ Նաւասարդեան մեր խաղերուն որո՞նք առաջին ելան, ի՛նչ մրցանիշներ հաստատեցին։

Յայտնաբերեն՝ հողին պահած գաղտնիքները։

Մինչ այդ, սակայն, շարունակենք ունենալ մեր մարզադաշտերը, նոր Տորքերու, Սասունցի Դաւիթներու ակնկալութեամբ եւ այն յոյսով մանաւանդ, որ մեր ողիմպիականները օր մը իրենց բացման հանդիսութեան բոցը պիտի բերեն Արարատի կատարներէն։

Տարածենք