Թիւ 52 - ՇՔԱՆՇԱՆԸ ԵՒ ՇՔԱՆՇԱՆԱԿԻՐՆԵՐԸ

 

Այս Միութիւնը միշտ ալ ժլատ եղած է իր գնահատանքին մէջ։

Այս Միութիւնը շնորհակալութեան խօսք իսկ չէ ուզած ըսել իր անդամներուն ո՛չ անոնց ողջութեան, ո՛չ իսկ յետ մահու։

Քաղցր դամբանական մը առաւելագոյն դափնեպսակը եղած է երախտաւորներուն։

Ու, իրենց Միութեան պատկերով, այս Միութեան անդամները եւս երբեք շքանշան կամ նշան, գնահատանքի որեւէ ձեւի արտայայտութիւն չեն ակնկալած Միութենէն։

Ո՞վ որուն համար կþաշխատի։

Ո՞վ զով պիտի գնահատէ։

Իւրաքանչիւր գիտակից անդամի կուրծքին տակ Արարատ մը հաւատք կայ հանդէպ Մարդուն եւ Ազգին ու ազգայինին։

Իւրաքանչիւր հասուն անդամի ճակատէն հոսող ադամանդեայ քրտինքը իբրեւ ակունք ունի Պատմութիւնը Գլխագիր, որ պարզապէս Արմենականն է։

Պարզ ու յստակ։

Այս Միութեան մէջ մինչեւ մահ հաւատարմօրէն աշխատող արժանաւորները իրենց մեծագոյն շքանշանը տեսած են իրենց հոգեկան զոհացումին մէջ միայն։ Իրենց հաւատքի խորացումին մէջ միայն։ Իրենց աշխատանքի պտղաբերումին մէջ միայն։

Առաջ պարբերական էր շքանշանը, չըսելու համար պարագայական։ Հիմա, յարաբերաբար անկասկած, նոր է շքանշանը, որպէս կանոնագրութեամբ ալ սահմանուած արժեչափ։

Ու շքանշանը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի շքանշանը, անհատի մը կուրծքէն կախուելով հանդերձ, անհատական չէ, անհատի մը տրուելով հանդերձ, անհատին չի պատկանիր։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի շքանշանը անձի մը տրուած գնահատանքէն աւելի, սերունդ մը, շրջան մը արժեւորելու աղուորութիւնն է։

Այսօրուան շքանշանակիրը Արժանթինի Արժանապատիւ Տ. Շաւարշ Քհնյ. Մեհրապեանն է։

Երէկ շքանշանակիրները կոչուեցան Տիգրան Քհնյ. Խոյեան, Յովհաննէս Շահինեան, Լուտեր Մասպանաճեան, Թորոս Խաչատուրեան, Գէորգ Յաբէթեան, Լեւոն Գայեան, Վահան Գաւուքճեան, Դանիէլ Դանիէլեան, Քերոբ Առաքելեան, Ալպէր Յակոբեան, Գարեգին Շամլեան, ոսկի, միւսները՝ արծաթեայ շքանշանով. Խաչիկ Բարթեմեան, Հրանդ Մուրատեան, Տիգրան եւ Սարգիս Ոսկերիչեան։

Դատեցի՞ք շքանշանակիրներէն։

Տիգրան Քհնյ. Խոյեանով չե՞ն վերակենդանանար Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիր միւսները՝ Հինդլեան, Գրիգոր Յակոբեան, Շաւարշ Քրիսեան։ Տիգրան Քհնյ. Խոյեանով չէ՞ք մտաբերեր Պ. Պ. Ատրունին, միւսները, հիմնադիր սերունդը, հիմնադիր սերունդէն Վ. Չերազը։

Երբ Յովհաննէս Շահինեանի կուրծքէն կը դիտէք շքանշանը, այդ շքանշանի ընդմէջէն չէ՞ք տեսներ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութիւնը իր հազարանուն ողջ ու մեռած եղբայրներով։ Այս եղբայրը կը բերէ Եգիպտոսը, միւսը՝ Յունաստանը, մէկալը՝ Սուրիան, անպայման տեղ մը, սերունդ մը, Պոլսէն ժառանգ կամ ոչ, բայց անպայման բունէն ճիւղաւոր։

Իւրաքանչիւր շքանշանակիրի ետեւէն բանակ մը կը քալէ ու այդ բանակին աղուորութեան ու զօրութեան խտացումն իսկ է շքանշանը։

Շքանշանին մէջ անպայման կայ պատկերը խոնարհ հերոսին, տեսակ մը անծանօթ զինուորին։ Միայն պատերազմի դաշտի՞ն վրայ մարդիկ կը զոհուին։

Իւրաքանչիւր շքանշանի մէջ կայ համեստ կամ նշնաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի մը քրտինքը, շքանշանը շքանշան ընող բարոյականը։

Այս առիթով անկարելի է չյիշել անոնք՝ որոնք շքանշան էին եւ անշքանշան անցան։

Մոմի պէս լուսաւորեցին, մաշեցան։

Հիմա, հեռաւոր, հեռաւոր Արժանթինի պայծառ եղբայրներն են, որոնք կþապրին իրենց ամէնէն յուզիչ պահերէն մէկը Մեհրապեանով. արդարեւ ամբողջ գաղութ մը, հին գաղութի մըն ալ յուշով, կը ստանայ շքանշանը։

Անկասկած շատ են արժանաւորները, քիչ՝ շքանշանակիրները։

Յամենայնդէպս, փառք նաեւ անոնց, որնք շքանշան չստացան գուցէ, սակայն շքանշան՝ դարձա՛ն։

Տարածենք