Թիւ 53 - ՔՈՒԷՆ, ՔՈՒԷԱՐԿՈՂԸ, ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ

 

Բոլոր հասարակարգերը, մարդկային բոլոր խմբակցութիւնները, պետական թէ միութենական բոլոր եւ ամէն ձեւի կառոյցները որպէս հասարակաց գիծ ունին ՔՈՒԷն։

Վարէն վեր թէ վերէն վար, ընտրութիւնը իր բաղդատական եւ ազատ առումով թէ նշանակում իմաստով, որպէս միջոց ունի քուէն։

Միութեանց, կազմակերպութեանց թէ պետութիւններու կառոյցէն բացի, ամէնօրեայ անհատական կեանքի մէջ ալ կը տեսնուի քուէն. այն, որ կը տրուի եւ կ’առնուի ամէն վայրկեան, կեանքի իւրաքանչիւր թաւալքին։

Վերջին հաշուով քուէարկել է հաւնիլ մէկը, հաւնիլ գործ մը, հաւնիլ-չհաւնելու ամբողջ ընթացքը։

Քուէն միայն ընտրել եւ ընտրուիլ չէ, ոչ ալ քուէատուփ երթալու արարք մը։

Ընտրող եւ քուէ նոյն բաներն են։

Քուէն այն է, ինչ որ է քուէարկողը։ Եթէ քուէարկողը պարկեշտ է, անկաշառ է, անկողմնակալ է, եթէ քուէարկողը պայծառատես է, գիտէ դիտել ու դատել, ապա քուէն կը տրուի մեծին, արժանաւորին, իրաւին։

Վայ այն քուէարկողին, որ կը խաղայ իր ես-ի քմայքը։

Վայ այն քուէարկողին, որ ելած է կիրքի ու հաշուի կաղապարէն։

Այդ պարագային, նաեւ վայ ընտրեալին։

Որովհետեւ այդ պարագային ընտրուիլ ընտրեալ չի կրնար նշանակել։

Այլ խօսքով, քուէն ինքնաճանաչման ստորագրութիւնն է։ Ես այն եմ, ինչ որ է իմ քուէս։

Միութիւններ, կազմակերպութիւններ, պետութիւններ ու կառավարութիւններ կրնան ճարճատիլ կամ կանգուն մնալ, քուէներու վատ կամ մաքրամաքուր հետեւանքով։

Պարտադրուած քուէն չի կրնար հաւաքական կամք ցոլացնել, հետեւաբար կրնայ եւ հաւաքական աղէտի պատճառ դառնալ։

Քուէի խեղկատակութիւնը կրնայ ծիծաղելի դարձնել գահ մը անգամ։

Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ քուէարկել անոր, որ անուանարկած է իր մրցակիցը, փոխանակ փաստարկելու իր ծրագիրին գերակայութիւնը մրցակիցի ծրագիրին վրայ։

Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ քուէարկել անոր, որ ձեզի կաշառք կու տայ, ձեզ իր կառքին կապելու համար շողոքորթութիւն կ’ընէ, անցողակի բարեկամական կապեր կը ստեղծէ եւ որուն բարեւն անգամ պայմանական է։

Ինչպէ՞ս կրնայ մէկը մեծ ըլլալ, դառնալ ղեկավար, երբ ընտրուելուն մէջ կը տեսնէ շահ ու փառք եւ ոչ՝ յաւելեալ ծառայութեան առիթ։

Գնուած քուէն չի կրնար գաղտնի մնալ, որովհետեւ գնողը նաեւ պիտի գանձէ։

Շահու եւ բարեկամութեան վրայ ձեւուած քուէն չի կրնար արժանաւոր պատասխանատու դիրքի հասցնել. հասցնելու պարագային ալ կա՛մ հասնողը կը գլորի կամ, աւելի գէշը, կը վտանգէ նոյնինքն դիրքին կարեւորութիւնը։ Ոեւէ քուէարկող կամ քուէ կամ ընտրութիւն ու ընտրեալ չի կրնար երես ճերմկցնել, ճակատաբաց քալել, երբ ընտրութիւնը հիմնուած է թակարդի կամ թակարդանման ինչերու վրայ։

Հանրային կեանքը կը քայքայուի՛, երբ ընտրողը բարեխիղճ չէ։

Հանրային կեանքը կը քայքայուի՛, երբ քուէարկութիւնը կը դառնայ «խնամիական»։

Հանրային կեանքը կը տժգունի՛, երբ ընտրութեան ընթացքին ընտրողը կը վերածուի աչքկապուկ խաղացող մենակատարի։

Քուէն աչք է, դատողութիւն է, կշիռք է, դատում է, խիղճ է, գիտակցութիւն է, ապագան ու ներկան կշռել է. քուէն գնահատանք է, քուէն յոյս է։

Բախտաւոր են անոնք, որոնք քուէարկելու իրաւունք ու կարելիութիւն ունին։ Այդ բախտին հետ պէտք չէ բախտախաղի մտնել։ Գէշ քուէարկողը վերջին հաշուով ինք կը վնասէ։

Որպէսզի իմս ալ ըլլայ օրէնքը, որ կը դրուի, պէտք է անոր բանաձեւումին մէջ ես ալ ձայն ունենամ։ Քուէարկութիւնը այդ առիթը կու տայ ինծի։ Հետեւաբար, քուէն ազատութիւն է ու պէտք չէ ըլլայ ազատութեան անիշխանութիւնը։

Այս բոլորը ճիշդ են բոլոր միութեանց, կազմակերպութեանց եւ պետութեանց համար։

Ճիշդ է նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար։

Քուէ մըն ալ միւսն է. Հ.Մ.Ը.Մ.ի՞ն թէ կեանքին, որ միութենական չէ...

Տարածենք