Թիւ 55 - ԱՆՁԻՆ ՕՐԻՆԱԿՈՎ
Մարդկային կազմակերպ թէ անկազմակերպ հաւաքականութիւններ, անոնք ըլլան միութիւն, կազմակերպութիւն, համադաշնակցութիւն, ցեղախումբ թէ ինչ, եթէ նոյնիսկ չունենան դաստիարակչական նպատակ ու առաքելութիւն, անպայման կը յայտնաբերեն որոշ եւ յստակ դաստիարակուածութիւն, որ կը նշանակէ հասկացողութիւն, կնիք։ Կենցաղ։
Եթէ պարտաւորութիւնս չէ դաստիարակելը, անպայման պարտաւորութիւնս է դաստիարակուած ըլլալը։
Հ.Մ.Ը.Մ. այն հաւաքականութիւնն է, այն միութիւնն է անվիճելիօրէն, որ իր շատ աշխատանքներու կողքին առաջնահերթօրէն ունի դաստիարակելու սրբազնագոյն առաքելութիւնը։
Անշուշտ շատ են ու բազմատեսակ՝ դաստիարակելու եղանակները։ Այդ եղանակներուն, այդ ձեւերուն ու միջոցներուն կարեւորագոյնը սակայն կը թուի որ ԱՆՁԻՆ ՕՐԻՆԱԿՆ է։
Ամէնէն փոխանցիկ բաներէն մէկն է անձին օրինակը, վախին ու քաջութեան պէս, լաւատեսութեան ու յոռետեսութեան պէս, հիւանդութեան ու ժպիտին պէս։
Միութեանց պարագային, յատկապէս դաստիարակչական արդիւնաւորման մէջ, անձին օրինակը միակն է, որ անմիջապէս կþերեւի, կը տպաւորէ, կը փոխանցուի դրական կամ ժխտական առումներով։ Հակադարձութիւնն ալ կը ներառուի դրական-ժխտական հասկացողութեան մէջ։
Ասոր համար ըսուած է ապահովաբար, որ ի՛նչ արժէք ունի խօսքը, առանց գործի։
Ասոր համար անընդունելի է, անկասկած, այն դարձուածքն ու «իմաստութիւն»ը, ըստ որուն՝ դուն ըրածիս մի՛ նայիր, գործադրէ՛ ըսածս։
Փաստօրէն, ի՛նչ բացատրութիւն ալ ճարէ խմբապետը, ինչո՞վ կրնայ համոզել պարզ սկաուտն ու աստիճանաւորը, որ, օրինակ, ծխելը վնասակար է, երբ այդ մասին այդքան վճռական խօսած միջոցին կը ծամէ սիկարէթի կտոր մը։
Ինպէ՞ս կրնաս տպաւորել, որ վնասակար է խմիչքը, երբ խօսած միջոցիդ ալքոլ կը հոտիս, ինչպէս դիակ։
Ինչպէ՞ս կրնաս սուտի, կեղծիքի, բամբասանքի, այլամերժութեան, անուանարկութեան, մեծամտութեան, անձնասիրութեան, գոռոզութեան, շահագործումի թէ այլ ունակութիւններու դէմ խօսիլ, պայքարին, երբ շրջապատդ քու անձիդ մէջ կը տեսնէ այդ բոլորը կամ այդ բոլորէն մաս մը։
Ղեկավարին կարեւորագոյն բարենիշներէն մէկը չէ, այլ հիմնակա՛ն բարենիշը ա՛յս է, իր անձին օրինակը, որ ուզէ-չուզէ պիտի դառնայ ու մնայ ցուցանիշ կեղծիքին ու անկեղծութեան, հաւատքին եւ ձեւացնելուն ու պիտի աճեցնէ կամ ցամքեցնէ...
Երբ խօսքը տարբեր ըլլայ գործէն, այն ատեն պիտի պատահի այն, որ ղեկավարի հանգամանքը յարգելով՝ մարդիկ անոր երեսին պիտի չպոռան իրենց մտածածը, հասկնալի փափկանկատութեամբ պիտի անցնին տգեղութեան վրայէն լռութեամբ, իրենց կարգին ակամայ տգեղնալով։
Ու ամէնէն գէշը, վնասակարն ու անսրբագրելին՝ մարդոցմէ խումբ մը պիտի կապկէ իր ղեկավարը, խորհելով որ անոր ըրածն է բնականը, որ ա՛յս է կեանքը, միութիւնը, ու նկարագրային փոփոխութիւններու ընթացքը։
Ընդունինք, որ ամէն մարդ ունակութիւն մը, երբեմն մոլութիւններ կþունենայ, ունի։ Ընդունինք նաեւ, որ մարդիկ տկարութիւնները բնական կը գտնեն ՊԱՐԶ մարդուն մէջ ու պարագային, բայց ՉԵՆ ՆԵՐԵՐ երբ անոնք նշմարուին եւ չսրբագրուին ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ մարդուն մօտ։
Մեր Միութեան պարագային, դաստիարակչական առաքելութեան մէջ ԱՆՁԻՆ ՕՐԻՆԱԿՈՎ գործելու հասկացողութիւնը ճշդած է նաեւ իր ներշնչման աղբիւրը։
Հ.Մ.Ը.Մ., որ համեստութեան, պարզութեան, մաքրութեան, այլասիրութեան, բարութեան եւ հաւատքի Միութիւն մըն է,
Հ.Մ.Ը.Մ., որուն անդամները սկաուտ են, մարզիկ են, որուն վարչական կազմերու եւ յանձնախումբերու անդամները կու գան սկաուտ-մարզիկ աղուոր ու մաքուր ակունքներէն,
Հ.Մ.Ը.Մ., իր ծրագիր - կանոնագրով, իր ձգտումով ու էութեամբ, ամբողջութիւն մըն է, ինչպէս անձ, գերազանապէս օրինակելի։
Մեծով-պզտիկով, հետեւաբար, պէտք է շարժիլ ա՛յս «անձ»ին օրինակով։