Թիւ 56 - ԿՈՐՈՒՍՏ
Եւ ի՜նչ կորուստ։
Կորուստ՝ անհատական, ընտանեկան, միութենական, ազգային թէ մարդկային հնգեակ առումներով։
Երեք կուսակիցներ, նոյն միութեան անդամներ, նոյն ազգի զաւակներ, ընտանիքներու ջահեր, երեք մարդիկ, որոնք կացինահար կաղնիներու նման միաժամանակ ինկան, իրենց անկումի ընթացքին ցաւցնելով շրջապատող միւս ծառերը, ամբողջ անտառը։
Այդ նահատակներէն մէկը Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջուն Կեդրոնական Վարչութիւնն էր, միւսը՝ հանրային կեանքին նուիրուածներուն Հ.Մ.Ը.Մ.ական հայրը, եղբայրը, մէկալը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին նոր բացուած ծաղիկ։
Վարդգէս Տէր Կարապետեան, Լեւոն Պէրպէրեան, Ներսէս Խիւտավերտեան։
Վարդգէսը Վարդգէս ըլլալու համար, Լեւոնը՝ Լեւոն ու Ներսէսը՝ Ներսէս, ի՜նչ ժամանակ ներդրուած էր իրե՛նց կողմէ, իրենց ընտանիքներո՛ւն կողմէ, իրենց ազգի՛ն եւ միութեա՛նց կողմէ, մարդո՛ց կողմէ։
Ինչ ժամանա՛կ, զոհողութի՛ւն, հաւա՛տք, աշխատա՛նք, կա՛մք, յո՛յս։
Գնդացիրը հնձեց ամէն բան։
Կորո՞ւստ։
Անկասկա՛ծ։ Եւ ի՜նչ մեծ։
Վարդգէսը աշխատասէր էր, Լեւոնը մեծհոգի, Ներսէսը՝ երիտասարդ, որ կը նշանակէ ամէն լաւ բան։
Վարդգէս եւ Լեւոն միջին սերունդի «ծեր»երէն ին, Ներսէսը՝ նոր սերունդի «հասուն»ներէն։
Վարդգէսը արեւու պէս մէջտեղն էր, Լեւոնը՝ ամպերու ետեւ պահուած արեւ, Ներսէսը՝ արեւու առաւօտեան ճառագայթ։
Լեւոնները ղրկող տեսակէն էին, Վարդգէսները՝ գացող ու Ներսէսները՝ պատրաստուող։
Երեքն ալ հայ. հաւատաւոր, նուիրեալ։ Պատնէշի վրայ։
Կորո՞ւստ։
Եւ որչա՛փ։
Մահը միշտ ալ վիշտ է բերեր, որովհետեւ մեռնիլը միշտ ալ կորսուիլ նշանակած է յարաբերաբար կեանքին։ Հարցը այն է սակայն, որ այս մահ չէ, այլ սպանութի՛ւն։ Ու տարբեր, շատ տարբեր բաներ են զոյգ այս սեւաւորները։
Մինչ մէկը բնական է ու ճակատագրականօրէն բաժին՝ բոլորին, միւսը՝ սպանութիւնը սպանութիւ՛ն է, կեանքէն բրտօրէն եւ անբնականօրէն բաժնել է, ոճիր է։
Ոճիր՝ անշահ, աննպատակ, անտեղի, կամայական հետեւաբար՝ անա՛րգ։
Ու միշտ հարցը այն է, այս պարագային բարեբախտաբար, որ սպաննուիլ անպայման մեռնիլ չի նշանակեր, այլ կրնայ նշանակել նաեւ՝ անմահանալ։
Ինչպէս որ եղաւ։
Ճիշդ է որ քիչերու, բացառիկներու տրուած է բնական մահով մեռնելու պարագայի՛ն անգամ հերոս հռչակուելու պատիւը։ Ճիշդ է նաեւ այն, որ ամէն սպաննուած մարդ ո՛չ նահատակ է եւ ո՛չ հերոս։ Ոճիրին շարժառիթը պիտի բնութագրէ ամէն բան։
Մեր երեք եղբայրները սպաննուեցան, պարզապէս որովհետեւ հա՛յ էին։
Այսպէս չէ՞ր եօթանասուն տարի առաջ...
Հարցը այն է, սակայն, որ նահատակութիւնը շա՞հ է թէ վնաս, նահատակները գումա՞ր են թէ հանում ազգաց պատմութեան մէջ։
Ո՞ր ազգաց պատմութիւն դարձեր է պատմութիւն՝ առանց արեան։
Ո՞ր ազգաց պատմութիւն չէ ամրացած հողի եւ արեան պատճառաւ։
Ու չե՞նք գիտեր, որ պատմութեան համար լերդացած արիւնը արիւն չէ, ընդունելի չէ, չի տոկար։ Որպէսզի պատմութիւնը շնչէ, ապրի, շարունակէ, անոր համար նորոգ արիւն պէտք է ամէն անգամ։ Այլապէս կը ծերանայ պատմութիւնը, կը ծերանայ, կը սմքի, կը կորսնցնէ իր ուժականութենէն, կը դառնայ կնճռոտած ու խորշոմած դէմք։
Արիւնը պատմութեան շիճուկն է, այն, որ կը պահէ երիտասարդ։
Մի՛շտ։
Հիմա կրկին նոյն հարցումը. կորո՞ւստ թէ շահ ա՛յս արիւնը։
Բացի արիւնէն ու հողէն, արեան ու հողի համար ազգեր հերոս ու նահատակ կը ծնին, կը կերտեն, որպէսզի ապրի՛ն։
Հերոս ու նահատակ չունեցող ազգերը մինչեւ անգամ կեղծ հերոս ու նահատակ կը ստեղծեն, այլապէս հոգեվարքը անգամ չþերկարիր։
Մենք պէտք չունինք կեղծին ու կեղծիքին։
Մենք իւրաքանչիւր սերունդի գալուստը ողջունած ենք կամովին թէ պարտադրաբար, նո՛ր զոհերով, նո՛ր հերոսներով ու նո՛ր նահատակներով։
Մեր պատմութիւնը բարձրացած է արդէն արեան ու մարտիրոսութեան վրայ։
Մեր պատմութիւնը կը շարունակուի անփոփոխ ոճով ու կնիքով։ Այլապէս պատմութիւնը ըլլալէ կը դադրի հայոցը։
Կրկին բարեբախտաբար հարցը այն է, որ նորե՛ր կու գան։
Կը ծնին նոր Վարդգէսներ, նոր Լեւոններ, նոր Ներսէսներ։
Ինքնախաբէութիւն չէ, փաստ է, որ ջահը կը փոխանցուի սերունդէ-սերունդ. ու եթէ հեւասպառ ջահակիր մը իյնայ անգամ, ուրիշ մը կը գտնուի, որ թաղէ՛ մեռելը եւ տանի ջահը դէպի առա՛ջ։
Մեր պատմութիւնն է այս, հայոց պատմութիւնը։
Առաջին եւ վերջին բուռ մը հողը չէ, առաջին եւ վերջին խօսքը չէ պանթէոն իջնողներու դագաղին առջեւ։
Ոչ ալ առաջին եւ վերջին երդումը։
Պարզապէս այս ալ նորոգ ուխտ է նորոգ արեան պէս։
Մենք գիտենք ջահը բոցկլտուն պահել, գիտենք ինկողներուն տեղ բերել նորը, գիտենք պատմութեան երթը անաղարտ ապրեցնել արեա՛մբ թէ քրտինքո՛վ, բայց մանաւանդ հաւատարմութեամբ եւ կրքո՛տ յամառութեամբ։
Գիտենք, որ կորուստին համար ցաւիլը բնական է, բայց կորուստին համար կքիլը անբնական է եւ աղէտաբեր։
Գիտենք, որ կորուստը՝ շահո՛ւ վերածելու իմաստութիւնը պիտի ըլլայ մերը, եւ թափուած արիւնը պիտի ծառայէ ծաղկեցնելու նոր հաւատք ու պահելու պատմութիւնը՝ անաղարտ։