Թիւ 58 - ԿՈԼԵՐՈՒ ԿՈԼԸ

 

Թէ ով պիտի ըլլայ ֆութպոլի աշխարհի ախոյեան, անկասկած հետաքրքրական է ու գրաւ դնողներու մեծամասնութիւնը կարծէք պարտուած է կանխաւ։

Անակնկալի աշխարհ է ֆութպոլը, որուն յաղթականը անպայման լաւագոյն խումբը չէ, բայց որուն յաղթականը անկասկած բախտաւորագոյնն է։

Ֆութպոլի մրցում մը շահիլ, պատերազմ մը, առնուազն ճակատամարտ մը շահիլ կ’երեւի կը նշանակէ։ Ասոր համար չէ՞, որ պետական մակարդակի ընդունելութիւն կը սարքուի «պատերազմէն դարձող յաղթական զօրավարներուն»...։

Երբեմն, երազանքի ու վերացումի պահու մը, փոխանակ երգիչ, արուեստագէտ, բժիշկ, հարուստ կամ այլ ինչ ըլլալ ուզելու, կը փափաքիս պարզապէս ֆութպոլիստ ըլլալ, ինչպէս Մարատոնան է կամ Փլաթինին...

Ա՛յս է աշխարհի բանը։

Խաղը աղն է կեանքին, ու աղի ընտրելագոյններէն է կþերեւի ֆութպոլը։

Պէտք է ընդունինք, սակայն. լաւ է, որ ֆութպոլն ալ կայ։

Ֆութպոլն ու ֆութպոլիստները, իրենց բազմամիլիոն սիրահարներով, գէթ խաղի ընթացքին կը պարպուին իրենց ախտավարակ մոլուցքէն, կը լեցուին յարաբերաբար ընդունելի կիրքով։

Կը մոռնան աշխարհի բանը ու անմեղ զբաղումով կը վերանա՜ն...

Կոլ, գիտենք, որ կը նշանակէ նպատակ։ Մինակ նպատակ ալ չէ. կոլին մէջ կայ նպատակի իրագործուած ըլլալն ալ։ Կոլը նպատակի ձգտում չէ, այլ նպատակի իրագործման յայտարարութիւն։

11 խաղացող, ձեռք ձեռքի, ուշիմութիւն ուշիմութեան, ճկունութիւն ճկունութեան, վարպետութիւն վարպետութեան, որպէս իրարու լրացուցիչ, հաւաքական ճիգով նպատակադրած են գնդակը զետեղել մրցակիցի դարպասին մէջ։

Ֆութպոլի խաղին նպատակը եթէ դարպասին մէջ գնդակ տեղաւորելն է, համաշխարհային չափանիշով ֆութպոլի կամ մարզական որեւէ խաղի կազմակերպումի նպատակը, նախագահներու պատգամը վկայ, այն է, որ աշխարհի բոլոր ազգերու զաւակները իրարու մօտենան, զիրար սիրեն, ծանօթանան իրերու, որպէսզի հեռանայ... պատերազմի սարսափը։

Եղբայրութեան եւ խաղաղութեան կը միտին այս նախաձեռնութիւնները։

Ահա կրկին Մեքսիքոն։

Տարբեր ազգերու զաւակներ պարտուի կը կենան, երբ իրարու ազգային քայլերգը կը հնչէ, կը համբուրուին, մտերմութիւն կը ստեղծեն, գարեջուր կը խմեն, կը մեկնին իրենց երկիրները յիշելով եւ համոզուած, որ ռուսերը մարդակեր չեն, իտալացիները առաւ-փախաւ չեն, ֆրանսացիները կռուազան չեն, անգլիացիները պաղարիւն չեն, բոլոր մարդիկը, առնուազն մարդոց երիտասարդները իրարո՛ւ կը նմանին, ու աշխարհի լաւագոյն քաղաքը միայն իրենցը չէ, ա՛յլ երկիրներու մէջ ալ հեռատեսիլ կը գտնուի, որ Ալճերիա անուն երկիր մըն ալ կայ, որ արաբները սեւ չեն, որ միայն Ամերիկայի մէջ չէ, որ սեւեր կան, որ մորթի գոյնը շատ ալ կարեւոր չէ, կարեւորը սրտի՛ ճերմակութիւնն է։

Մարդկային կատակերգութեան կրկնութիւնն է անկասկած եւ այն, որ եթէ Մեքսիքոյի մէջ համաշխարհային ֆութպոլի մրցաշարք մը կազմակերպուի, որ եղբայրութիւն ըլլայ յերկիրս եւ խաղաղութիւն յաշխարհս, քիչ մը անդին, Հոնտուրասի մէջ պատերազմ է արդէն, Լիբանանի մէջ համաշխարհայի՛ն պատերազմ է՝ եղբայրասպան պատերազմի ետեւ, անդին կռիւ է Իրաքի եւ Իրանի միջեւ, կռիւի պատրաստութիւն է ի Հնդկաստան, կարծէք կռիւ չէ Իրլանտայի մէջ, Սրի Լանքան այսպէս, հապա Նիքարակուա՞ն։ Հոս ու հոն, քիչ մը ամէն տեղ։

Ո՞վ ըսաւ որ քսաներորդ դարը սպաննած է ռոմանթիզմը եւ ո՞վ սկսաւ որ որեւէ դար կրնայ արգիլել երազանք եւ ինչո՞ւ լրջօրէն պէտք չէ երբեմն-երբեմն գէթ թերթատել Աւետարան եւ ընդօրինակել կարգ մը արձանագրութիւններ։

Օրինակ, չյիշել Դաւիթ ու Գողիաթ։

Իրա՛ւ։

Պետութիւններու տարակարծութիւնները կարելի չէ՞ լուծել պատերազմէն տարբեր ձեւերով։ Օրինակ՝ ֆութպոլի մրցումով մը թերեւս...

Արգիլուա՞ծ է երեւակայել նման բան...

Այդ պիտի չըլլա՞ր կոլերու կոլը։

Ափսո՜ս, առայժմ ամերիկեան ֆութպո՛լն անգամ կը տարբերի ռուսականէն։ Թերեւս պէտք ըլլայ առաջին կոլը նշանակել ա՛յդ դարպասին մէջ, նոյնացնել ֆութպոլները, ապա անցնելու համար կոլերու կոլին...

Տարածենք