Թիւ 61 - ԱՍՏՂԵՐՈՒ ՊԷՍ

 

Որ «բուռ մը աստղ ենք երկինքով ցրուած», որ երկինք նայինք՝ կը տեսնենք մենք մեզ, ճիշդ է լեղի դեղահատի պէս։

Թերեւս լաւ կþըլլար, որ աստղ չըլլայինք, ըլլայինք ծաղիկ՝ բայց մե՛ր դաշտին մէջ. մե՛նք ալ մեր ոտքին հող ունենալիք։

Բայց բանաստեղծի բարի բառին պէս, աստղ ենք...

Մենք աստղ ենք, այո, բայց տարբեր չափի, տարբեր հեռաւորութեամբ եւ ուրիշ աստեղութեան թաւալքի ռիթմով։

Մենք նոյն պատմութեան, նոյն արեան ծնունդ, տարբեր երկուորեակ։

Մեր մէկ մասը հայ է ու բան, բան է ու հայ։ Մեր մէկ մասը գանատահայ, ամերիկահայ, մեր մէկ մասը արժանթինահայ, պրազիլահայ, մեր մէկ մասը ֆրանսահայ, իտալահայ, մեր մէկ մասը պարսկահայ ու իրաքահայ, մեր մէկ մասը լիբանանահայ ու սուրիահայ, մեր մէկ մասը չինահայ է, մաչինահայ, մեր մէկ մասը, մասը, մասէն մաս մը, հոս ու հոն ցրուած, ինչպէս բուռ մը աստղ՝ երկինքի վերեւ։

Տեսէ՛ք։

Մեր մէկ մասը մայրենին կը խօսի ինչպէս բերանը լեցուն, բարկացած այր մարդ. մեր մէկ մասը մայրենին կը խօսի Րէն Ղատ հնչելով. մեր մեր մէկ մասը հայերէնին խառնած է արդէն սեմական փոշի, մեր մէկ մասը հպարտ է, որ գիտէ հայերէնով բարի լոյս ըսել ու մեր մէկ մասը հայերէն անգամ չի գիտեր, բաբէ՜, թէեւ հայ է տակաւին, ինչպէս տերեւէ մերկացած անտառ։

Տեսէ՛ք։

Մեր երգը միայն տեղ-տեղ տօնական օրերու զարդ է, ծիսական ինչ որ անհաղորդ օրէնք, մեր աւանդութիւնը հիմնովին փոխուած, ինչ որ որդեգիր նոր յարմարեցում. մեր տօնե՛րն անգամ կարիքը ունին յուշարար մեծ մօր. այլապէս ի՛նչ տօն։

Տեսէ՛ք։

Նոյն արփին տարբեր ուժգնութեամբ ճառագայթ սփռեց մեր մէկի վրայ, ու նոյն ձիւնը տարբեր հաստութեամբ ծածկեց մեր միւսը։

Այսպէս ճակտի գի՞ր։

Մենք մեր երկրի մէջ լուսաւորչաց կանթեղ, մեր երկրին մէջ Աստուծմէ ծնկաչոք Ա. Բ. Գ. ընդօրինակող Մեսրոպ Մաշտոց։

Հիմա ո՞վ մեզ մեզմէ տարբերեց։

Բայց հարցը այն է, որ հակառակ մեր տարբերութեանց, մեր մէկ մասին այսպէս, միւս մասին այդպէս ըլլալուն, մենք մնացինք մէկ ու նոյն, ամէն անգամ որ հարցը հայրենիքի շուրջ ու մասին կայացաւ։

Ի դէպ, մարդիկ գիտե՞ն թէ ի՛նչ ըսել է հայրենիք ունենալ։

Մենք առնուազն լաւ գիտենք թէ ըսել է հայրենիք չունենալ։

Ու պարզ այդ իսկ պատճառաւ, եթէ աշխարհի լեռները կենան մեր միջեւ ու ծովերը մեզ հեռացնեն իրարմէ, աշխարհի ձորերը խրամատ ստեղծեն մեր միջեւ ու աշխարհի երկիրները սահման դառնան, որպէսզի չիմանանք իրարու, նոյնն է, առաւելագոյն պարագային՝ մեր մէկ մասը կ’ըլլայ այդպէս, բայց միւսը կը մնայ այսպէս, ինչպէս Արարատ.- խրոխտ, անխորտակ, հարազատի հաստատակամ ու հաւատարիմ սպասումով։

Պարզ է, որ հայրենիքէն հեռու ըլլալն էր որ մեզ կիսեց։

Պարզ է, որ առանց հայրենիքի կը մեռնի մարդը, ազգը։

Ու որպէսզի ապրինք, ու որպէսզի դիմանանք մինչեւ վերադարձ, ու որպէսզի բռունցքուինք վերադարձի համար, մեր բոլոր, բոլոր տարբերութիւններով միասին, տեսէ՛ք, հայրենիքի վերածած ենք ամէն ինչ։

Մեզի համար հայրենիք է սկաուտութիւնը, մարզանքը, լեզուն, կրօնը, կերակուրը, անուն-մականունը, պարը, աւանդութիւնը. մեզի համար հայրենիք է մեր տխրութիւնը, կարօտը, ցաւը, տառապանքը. մեզի համար հայրենիք է այլոց հայրենիքը, որպէսզի, որպէսզի ապրինք ու ապրի մե՛ր հայրենիքը։

Մենք իրարմէ տարբեր, բայց յար եւ նման իրարու, ինչպէս աստղեր...

Տարածենք