Թիւ 62 - «ՆԱԽԿԻՆ»
- Նախկին նախագահ, նախկին վարչապետ, նախկին վարչական, նախկին...
Եթէ յարգանքի համար է յիշեցումը, «նախկին», անկասկած, դրական է ու բաւարարող։
Եթէ ծառայութեան մը, մեծութեան մը, նուաճուած դիրքի մը վերահաստատումն է ընդգծումը՝ «նախկին», կրկին ու կրկնապէս գնահատելի է մօտեցումը։
Արդէն ընդհանրապէս թէական չէ, ա՛յդ իսկ է միտք բանին, երբ կ’ըսենք, կը շեշտենք, կը ներկայացնենք.
- Նախկին երեսփոխան, նախկին նախարար, նախկին քաղաքապետ, նախկին, նախկին, նախկին... «նախկին»ին մէջ այժմու անտիտղոս կամ նուազ արժէքաւոր վիճակը չէ որ կը մատնանշուի. «նախկին»ին մէջ կայ նախապէս մեծ եղած ըլլալու, հետեւաբար այժմ անոր ըստ այնմ նայիլ տալու փափկանկատ զգաստութեան հրաւէրը։
«Նախկին»ը չի նմանիր «հանգստեան կոչուած»ին։
Կարելի է ըսել եւ կ’ըսուի հանգստեան կոչուած զօրավար, հանգստեան կոչուած տնօրէն, հանգստեան կոչուած պաշտօնի մարդ, սակայն այդ մէկը անպայման գրաւական չէ մեծ եղած ըլլալու այնքան, որքան երբ ըսուի՛ «նախկին»։
«Նախկին»ին մէջ կայ արժանաւորի, մանաւանդ արժանացածի արժեւորում, մինչ «հանգստեան կոչուած»ին մէջ ինչ որ ծերացած, գործը աւարտած ըլլալուն տխուր հաստատում, անկախ առ այդ կամ մինչ այդ ենթակային կրած հանգամանքէն ու դիրքէն։
Մարզական աշխարհի մէջ ալ կը գործածուի «նախկին»ը։ Նաեւ «հանգստեան կոչուած»ը։
Կþըսենք նախկին ֆութպոլիստ, նախկին կռփամարտիկ, նախկին ախոյեան, չենք ըսեր հանգստեան կոչուած հեծելանւորդ, հանգստեան կոչուած ախոյեան։ Ասոնց փոխարէն կ’ըսենք, սակայն, հանգստեան կոչուած մարզիչ, հանգստեան կոչուած իրաւարար...
Յամենայնդէպս, հարցը ոչ բառի ստուգաբանութիւնն է, ոչ ալ գործածութեան ճշդումը։ Հարցը՝ բառին բարոյականը յայտնաբերելն է։ «Նախկին» ըլլալու, սակայն մէկդի չնետուելու կարեւորագոյն հասկացողութեան հիմնաւորումը։
Վեթերաններն ու նախկինները, հիներն ու անցեալը, պատմութիւնը ու հանգստեան կոչուածներ անգամ չեն կրնար ու պէտք չէ մոռցուկ նկատուին։
Ինչո՞ւ։ Բայց որովհետեւ մարդը լեմոն չէ, որ քամուի, տայ հեղուկը, ու կեղեւը նետուի։
Յետոյ, անցեալը միշտ ներկայ ընել գիտցող հաւաքականութիւննե՛րն ու ազգե՛րն են, որոնք ամէնէն աւելի կրնան դիմադրել ժամանակի աւերին։
Կան մարդի՛կ անգամ, որոնք իրենց տան պատերուն վրայ կ’արձանագրեն, թէ հռչակաւոր այսինչ մարդը ապրած է հոս, թերեւս քանի մը ժամ։
Նախկինը յաւիտենական ներկայի վերածելու արտայայտութիւն է ասիկա, յարգանքի ու հաւատարմութեան արձա՛ն։
Յարգանքն ալ հազար ձեւ ունի։
Չմոռնանք միաժամանակ, որ յարգելի ըլլալու զգայնութիւնը եւս մարդկային յառաջդիմութեան հիմնական գործօններէն մէկը եղած է։ Ահա թէ ինչու այժմու թէ ապագայի բոլոր նախկինները պէտք է յարգուած մնան, միանգամընդմիշտ, եւ ոչ թէ ծրարուին եւ նետուին... պարագայականի մէջ։
Ո՞վ չի գիտեր եւ համաձայն չէ, որ, եթէ նոյնիսկ նախկինները բան չկարենան տալ, անոնց օրհնութիւ՛նն ալ բաւարար է։
Այս բոլորով հանդերձ, անկասկած եւ պիտի ընդունինք, որ նախկիններն ալ ընելիք ունին. երբեմն-երբեմն, եթէ ոչ միշտ, անհրաւէ՜ր, այցելել իրենց անցեալին, քրտինքին, շարունակուող գործին։
Յամենայնդէպս, Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր կառոյցով ու հասկացողութեամբ, «պատուի առ» մըն է նախկիններուն առջեւ եւ ոչ թէ «երթաս բարով» մը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ը, որմէ կրնան օրինակ առնել ե՛ւ նախկինները ե՛ւ «նախկին» ըլլալու սահմանուած բոլոր հաւատաւորները։