Թիւ 6 - ԿԱՊ ՈՒ ՃԱՄԲԱՅ

 

Եթէ բոլոր ճամբաները Հռոմ չտանէին, Հռոմը Հռոմ ըլլալէ կը դադրէր եւ ճամբաները կը մնային ճամբայ միայն եւ ոչ՝ կայսրութեան փառքին հաղորդակից դառնալու միջոց։

Այսօր մենք ունինք մեր Հռոմը։

Մեր Հռոմին գացող ճամբաները աւելի լայն են, աւելի ընդարձակ։

Հարցը այն է, որ մենք ճամբայ չբացինք դէպի աշխարհ։ Պարզապէս մեզի պարտադրուեցաւ Սփիւռքը, որուն որպէս բնական փոխադարձութիւն, մենք սկսանք որոնել վերադարձ ուղիներ։

Մենք չընտրեցինք Սփիւռքը։ Ընդհակառակն։ Սփիւռքը մեր վէրքն է։ Վէրք, որ թերեւս բուժուելու համար հազար դեղ ունի, սակայն նախավերջին ազդու դեղը կը մնայ անիկա՝ վերադարձի ճամբան եւ կապը։

Կապ իրարու հետ, կապ՝ շրջապատին հետ, կապ՝ անցեալին հետ, կամուրջ՝ ներկայէն ապագայ։

Այլապէս կը կտրատուի թելը։ Սկիզբ ու վերջ չþունենար թելը։ Կը թափուի թելը։

Իսկ մեզի համար թելը ամէն ինչ է։ Անիկա անվախճան սկիզբ մըն է, մեր ողնասիւնը, որուն մէջէն անմահանուն գետեր կþանցնին եւ որուն իւրաքանչիւր ողնայարը ունի լերան մը անունը։

Պատմութեան գիծը անաղարտ պահելու հսկայական ճիգն է մերը, որ կապը ամրացնելու պարտաւորութեան տակ կը դնէ մեզ։

Կապի մասնագիտութիւնը պէտք է ըլլայ մերը։

Արեւելքէն Արեւմուտք ու Հիւսիսէն Հարաւ, Սփիւռքը ներդաշնակ գործելու եւ նոյնանպատակ ներկայանալու պարտաւորութեան տակ է։

Այդ է։ Բոլոր ճամբաները դէպի Հռոմ պէտք է տանին։

Հ.Մ.Ը.Մ.։

Սփիւռքեան ծովուն մէջ տեղ-տեղ կամուրջ, տեղ-տեղ ովասիս ու ամէն տեղ՝ կապ։

Ի՜նչ էին միջ-մասնաճիւղային հանդիպումները երէկ եւ ինչի՛ կը ծառայեն այդ հանդիպումները այսօր։

Մղոններով իրարմէ հեռու հայորդիներ կու գան քով քովի ու կը կրկնեն ցեղի նոյն երգը։

Նոյն օճախին մէջ ծնելու բնականութենէն իսկ զրկուած՝ սերունդներ Հ.Մ.Ը.Մ.ով կը տեսնեն զիրար։

Ծնունդով գաղթական երիտասարդներ իրենց նոր հայրենակիցներու հպարտանքը կը թափեն իբրեւ պարարտացուցիչ՝ հին այլ մայր հայրենիքի արմատներուն։

Հ.Մ.Ը.Մ.՝ Գլխագիր Կապ։

Առաջ՝ տողանցք ու ջահագնացութիւն էր, քաղաքէ մը իր լոյսը տարածող։ Հետզհետէ դարձաւ մրցանք ընդմէջ քաղաքներու, ապա ներկայացաւ իբրեւ միջ-մասնաճիւղային (իմա՛ միջ-երկրային) շարժում։

Հիմա ընդարձակուած են սահմանները։ Պահանջին չափով։ Հանդիպումները տեղական կամ դրացիական ըլլալէ դադրած են։

Պարզապէս աշխարհի հինգ ցամաքամասերէն հայորդիներ կը մէկտեղուին նոյն դրօշին տակ, համամարդկային նոյն զգացումներով եւ, մա՛նաւանդ, նոյն ցեղի կանչին դիմաց դառնալու համար երդում-բարեւ, խմբական «պատուի առ»։

Հ.Մ.Ը.Մ. ի սկաուտները ամէն տարի իրենց քաղաքին մէջ կը կազմակերպեն բանակում։

Սակայն երկու տարի առաջ Յունաստանի մէջ կազմակերպեցին իրենց առաջին ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ բանակումը։ Այս տարի երկրորդ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ բանակումը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի մէջ։

Երկու տարի ետք կþորոշեն նոր տեղ։ Չորս տարի ետք՝ այլ տեղ։ Վեց տարի անց՝ ով գիտէ ո՛ւր։

Բայց իւրաքանչիւր հայ գիտէ, որ վերջին հաշուով պիտի գայ տարին, երբ բանակումը պիտի ըլլայ տեղ մը, որուն համար տեղի կþունենան այս «միջանկեալները», թէկուզ միջ-ցամաքային տարողութեամբ։

Կապ ու ճամբայ։

Այսինքն՝ դժբախտութեան հակադրուած իմաստութիւն։

Մինչեւ, մինչեւ բացուին դռներն յուսոյ։

Տարածենք