Թիւ 64 - ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԸ
Անոնք՝ նահատակները այնքան շատ են, որքան շատ են մե՛ր ծովու աւազի հատիկները։
Անոնք՝ նահատակները յաճախ շա՛տ աւելի ողջ են, քան իրենք՝ ողջե՛րը։
Անոնք՝ նահատակները յարութիւն առնող մէկական խաչեալ, մէկական սո՛ւրբ, որոնց յիշատակը խունկ է, շարական ու ծնծղայ։
Մեր նահատակնե՞րը - ազգային տառապանքի կամ հաւատամքի ապառաժեայ աղօ՛թք։
Իսկ մեր պատմութի՞ւնը - արդէ՛ն նահատակութեան թաւալք։
Առաջին օրէն ձիւնն ու ցուրտը գրկեցինք, որովհետեւ բաւ գտանք ազատութեա՛ն տաքութիւնը։ Ֆշշա՛ց Հայկի նետը, ու այդ օրէն սկսեալ հրեշտակները նահատակութեան համանուագը ասեղնագործեցին եւ որպէս գերագոյն նուէր անցուցին իւրաքանչիւր հայու վիզը, ինչ որ փաստօրէն երբեմն դարձաւ կախաղանի պարան, եղե՛ռն, երբեմն բանտի ցուրտ պա՛տ։
Նահատակները անհամար ծառերու նման միաբերան երգեցին դեղնած տերեւներու մահը, որով կշռոյթ տուինք մեր սրտի զարկին։
Նահատակութիւնը դարձաւ ազգային պահանջ, քէնոտած հրճուանք, ապրելու ու ողջ մնալու պայման։
Կ’երեւի ա՛յս էր Ազատութեան գինը, որ ճակատագրականօրէն վիճակուեցաւ Հայկի թոռներուս։
Ամէն անգամ որ հերոս մը ինկաւ կռնակէն վիրաւոր, սրբացաւ մարդ մը, անտես կանթեղ մը ստացաւ իւղի նոր պաշար ու Հայաստանեայց աշխարհը մնաց երկրային ու երկնային լոյսերու մէջ։ Նահատակը դարձաւ մորենի, որմէ ժայթքեց աննիւթական լոյսը, ինչպէս ցայտաղբիւր, որով զմռսուեցաւ մեր պատմութեան իւրաքանչիւր էջը, ու այնուհետեւ ոչինչ մահացաւ։
Զի եղեւ լոյս։
Ահա թէ ինչու արդէն մեր հայրենի հողը հող չէ, այլ սուրբերու փշրուած ոսկոր, ու հերոսներու լերդացած արիւն։
Ու զուր չէ, որ «Իր որդոց սուրբ արիւնով» անմահացաւ եւ երկիրը դրախտավա՛յր։
***
Մեր նահատակներէն մէկը ծնաւ հարիւր տարի առաջ ու կոչուեցաւ Շաւարշ Քրիսեան։
Հարիւր տարի առաջ ծնաւ նաեւ նահատակութեան նախասահմանուած ուրիշ մը՝ Վահան Չերազ։
Առաջինը եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներէն գլխաւոր մը, երկրորդը՝ Հայաստան հաստատուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաջին սկաուտներէն մնայուն սկաուտն ու «պատուի առ»ը, մինչեւ մահ։
Առաջինը 1915-ի նահատակութեան արժանացաւ, երկրորդը՝ իր հայրենի բանտին մէջ, 1927-ին։ Այլ սպանդ։
Հիմա,
Նահատակութեան տարելից է նոր երեքի՝ Վարդգէս Տէր Կարապետեանի, Լեւոն Պէրպէրեանի եւ Ներսէս Խիւտավերտեանի։
Ասիկա նահատակութեան ու նահատակներու շղթայ է, հին հին դարերէն մինչեւ թուականս։
Ամբարուող ցորենի հունտ։
Անհաշիւ հարստութեան վերածուող ադամանդի հանք։
Արիւնը գինի չէ, որուն հինը ըլլայ արժէքաւոր։ Արիւնը արիւն է, որմէ հողը սնունդ կ’առնէ, որմէ հաւաքականութիւնները սնունդ կ’առնեն եւ որմով կը հիւսուի Պատմութիւնը։
Փառք ու պատիւ հին ու նոր նահատակներուն։
Փառք նահատակուելու պատրաստ հին ու նոր սերունդներուն։
Փառք անոնց, որոնք պատմութիւն կերտեցին, կամ առանձինն դարձան փառահեղ մեր պատմութեան փառահեղ մէկ լուսոյ էջը։
Հայաստանեայց արիւնոտ Աշխարհին խաղաղութի՜ւն թող ըլլայ...