Թիւ 74 - 70 ՏԱՐԻ
Ծնանք հայրենիքէն դուրս ապրեցանք հայրենիքի՛ն համար։
Մեր ոտքերուն տակ հայրենի հող չունեցանք, հետեւաբար՝ հողի վերածեցինք մեր հոգի՛ն ու, մեր հոգին կոխկռտելով՝ քալեցինք, մղկտալով, բայց ուժո՛վ։
Եօթանասուն տարուան մէջ վրան լարեցինք եօթանասուն երկնակամարի տակ, սակայն որովհետեւ բոլոր երկնակամարներն ալ ծածկեցինք Եռագոյնով, ամէն տեղէ նոյն երկինքը տեսանք։
Լեռներ ճանկռտեցինք՝ Արարա՛տ շալկած,
Սահեցանք ձորերէ՝ Արաքս երգելով։
Մեզի համար ծովերը մէկ անուն ունեցան.- Սեւա՛ն, ովկիանոսները կոչուեցան Վանայ ծով։ Միշտ՝ այսպէս եղաւ.- մեր լիճը՝ աշխարհի ծովուն չափ, մեր ծովը՝ աշխարհի ովկիանոսներէն ալ մեծ։ Սակայն նոյնքան մեծ եղաւ մեր վիշտը, որքան անսահման եղաւ մեր ապրելու կամքն ու կիրքը։
Եօթանասուն տարի։
Եօթանասուն տարի, ջղուտ տղաք տողանցք դարձան, Յարութեա՛ն տողանցք։ Եօթանասուն անգամ եօթանասուն բաժակ ու մետալ մտաւ մեր տունը։ Հարիւրաւոր վարչութիւններ յաջորդեցին վարչութիւններու, գումարուեցան հազար-հազար ժողով ու նիստ։ Մեր մշակներուն թիւը եղաւ երկինքի աստղերուն չափ ու մեզ ծափահարողները, մեզմով ծափողները՝ ցորենի հասկերուն չափ։
Եօթանասուն տարի։
Եօթանասուն տարուան իւրաքանչիւր ժամը, իւրաքանչիւր վայրկեանը տեղ մը բանակում դարձաւ, պահակութեան պատրաստութի՛ւն, այլ տեղ՝ ֆութպոլի մրցում, պասքեթպոլի յաղթանակ, աթլէթի յաջողութիւն, հեծելարշաւի ախոյեանութիւն, փինկ-փոնկի առաջնութիւն, առնուազն, շատ մարզախաղերու մեծ մրցանք։
Մրցանք գոյատեւումի, մրցանք մահուան ու, մա՛նաւանդ՝ կեանքին հետ ու դէմ։
Ու երդումի անընդմէջ արարողութիւն՝ եօթանասո՜ւն տարի։
Այսպէս, երբ փողերախումբերը պայթեցան, թմբուկները գետինը շարժեցին ու Հ.Մ.Ը.Մ.ը քալեց, իւրաքանչիւր հայ ինքզինք իր հայրենի հողին վրայ զգաց։
Այո՛, Հ.Մ.Ը.Մ.ը աշխարհը Հայաստանի վերածեց։
Եօթանասուն տարի։
Եօթանասուն տարի առաջ որ ծնանք՝ ինչպէս Դաւիթը Սասնայ։ Սակայն մեծցանք այնքա՛ն արա՜գ՝ ինչպէս Դաւիթը Սասնայ։ Ձեւով Միութիւն եղանք, խորքով ընտանիք։ Թերեւս ոչ մէկ հաւաքականութիւն այնքա՛ն քոյր ու եղբայր ունեցաւ, որքան ունեցանք մենք։ Ո՛ւր երկու հայ, հո՛ն պճլտուն աչուկներով գայլիկ։ Ու ակումբ, ժողովատեղի։
Մեր տուները վերածուեցան ակումբի, երբ չկրցանք քար դնել քարի վրայ. ու մեր բակերը դաշտերո՛ւ վերածեցինք, երբ չկրցանք տարածութիւն ունենալ։
Յամենայնդէպս, մեր հաւաքն ու հաւաքատեղիները յիշեցուցին ազգային աղօթքն ու աղօթատեղի՛ն։
Եօթանասուն տարի։
Մեր միութիւնը եղաւ բարութեան, հաւատարմութեան, հնազանդութեան, մեծարանքի, այլասիրութեան, սիրո՛յ միութիւն։
Ո՛չ մէկ ոստիկան այնքան հնազանդութիւն պարտադրեց սանձարձակ խուժանին, որքան մեր մէկ գայլիկի վտիտ գաւազանը։
Ա՛յս եղաւ մեր ժողովուրդին գուրգուրանքի եւ վստահութեան գերագոյն փաստը՝ մեզի հանդէպ։
Սակայն,
Հակառակ մեր հեւքին, վազքին, ստեղծագործ ոգիին, հայրենիքը մնաց կրկներեւոյթ։ Մի՛շտ տեսնուեցաւ, սակայն քանի մօտեցանք անոր, հեռացաւ, չքացաւ, վերերեւելու համար տեղ մը, մի՛շտ հեռուն։
Փաստօրէն, բոլորեցինք եօթանասուն տարին։
Փաստօրէն, ակնթարթ մը՝ ու արդէն կը կենանք դարու մը վաստակին դիմաց։ Կը ձեռնուինք հարիւրամեակին հետ։
Մինչ ա՞յդ։
Նո՛յնն ենք։ Անփոփոխ։ Աննկուն։ Աննահանջ։ Կայտառ ու արի։ Հաւատարիմ ու պայծառ։ Մեր ճակտին, մեր կուրծքին՝ Արարատ, Երեւան, Սարդարապատ, Հայոց Պատմութիւն, Հայոց Տառապանք, որով՝ յաղթական ու, մանաւա՛նդ հաւատարիմ երթ։
Ողջո՜յն Հ.Մ.Ը.Մ.ի եօթանասունամեայ կայտառ բանակին, անոր մարզիկին, արծուեբիբ նայուածքին, դրօշին, երդումին, բաժակին, մրցանքին։
Ողջոյն Միութեան, Միութենականութեան։
Ողջոյն անցեալին, ներկային եւ պայծառ, պայծառ ու առնական, ու անյողդողդ ու աներե՛ր գալիքին։