Թիւ 76 - ԳԱՅԼԻԿ ՈՒ ԳԱՅԼԻԿԻ ԳԱՒԱԶԱՆ

 

Երբ հանդէս կազմակերպուեցաւ, գայլիկը կեցաւ տեղ մը, որպէս կարգապահութեան հսկող ոստիկան, ու ամէն ինչ լաւ ընթացաւ։

Երբ փառատօն էր, թուեցաւ որ գայլիկը հայկական բանակի հրամանատար է, գաւազանը՝ հայ զինուորի հրացան կամ արքայական մական. ու երբ սգատօն եղաւ, գայլիկը կրկնակ խորհրդաւորութեամբ լեցուց հոգիները, ինք՝ խունկ, գաւազանը՝ բուրվառ։

Ու երբ գայլիկը տողանցեց, ժողովուրդի խանդաղատանքը աղաւնիի ու արծիւի թեւերով երկինքն ի վեր ճախրեց։

Ոչ մէկ ոստիկան ու զինուոր այնքան օրէնք պարտադրեց, որքան մեր վտիտ գայլիկը՝ իր նոյնքան վտիտ գաւազանով։

Գեղարուեստական ոչ մէկ ելոյթ այնքան զօրեղ տպաւորեց, որքան անկիւն մը կեցած տարազաւոր, պճլտուն աչքերով, փողկապի հանգոյցը քակած մեր տղան։

Ու ոչ մէկ բանակային այնքան հիացում, խանդավառութիւն ու հաւատք ներշնչեց, այնքա՛ն յոյս ու ինքնավստահութիւն փոխանցեց, որքան գայլիկներու խումբի ամէնէն ետեւ մնացած երկու տարու կաղլիկ քալող կակուղ թաթիկն անգամ...

Իւրաքանչիւր Ապրիլ 24-երուն, իւրաքանչիւր մարմարեայ Յուշարձանի քով կենդանի Յուշարձան դարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գայլիկը.- միաժամանակ մխիթարանք ու յոյս։

Իւրաքանչիւր Մայիս 28-երուն, Անծանօթ Զինուորի տակաւին չքանդակուած Յուշարձան դարձաւ ինքը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գայլիկը։

Ապրիլ 24-էն ու Մայիս 28-էն ետք, ամբողջ 70-73 տարի, մենք սիրեցինք զայն՝ գայլիկը, մենք հնազանդեցանք անոր՝ գայլիկի գաւազանին։ Ընդունեցինք զանոնք, ինչպէս Հայաստանեայց աշխարհէն առաքուած պատգամ...

***

Այս բոլորը պարզապէս անոր համար, որովհետեւ Գայլիկը միայն գայլիկ չէ, ու որովհետեւ Գայլիկի գաւազանը սոսկական գաւազան չէր։

Պարզապէս ճակատագրականօրէն եղաւ այնպէս, որ Ապրիլ 24-էն եւ 28 Մայիսէն ետք, ամբողջ 70-73 տարի, ինքնաբերաբար Գայլիկը դարձաւ չյայտարարուած, սակայն ընդունուած ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ։

Խորհրդանիշ՝ ազգային հաւատարմութեան, ազգային դիմադրականութեան։

Խորհրդանիշ՝ Խաչելութենէն ետք հրաշափառ Յարութեան։

Խորհրդանիշ՝ փրկութեան եւ յոյսի։

Փաստօրէն, Գայլիկը տապալած ծառի բունէն ընձիւղած ճիւղ եղաւ, հին ու նոյն ծառի նոր բուն, Գայլիկը Սասնայ Դաւիթը եղաւ՝ օրուան մէջ տարիով մեծցող. Սասնայ Դաւիթ՝ գառնարած, խաշնարած, լեռներու չոպան, տէր՝ հրեղէն ձիու, թուր կեծակին ճօճող առնական բազկի, սակայն իր աշխարհասասան ուժին անտեղեակ անմեղութիւն...

Գայլիկը եղաւ նաեւ կենդանի յուշարձան անոնց՝ նահատակներուն, որոնք ինկան Տէր Զօրի մէջ, Լիզպոնի մէջ ու Ղարաբաղի։

Գայլիկը կենդանի յուշարձան եղաւ անոնց, որոնք ինկան Բաշ Ապարանի մէջ, Ղարաքիլիսէի մէջ, Սարդարապատի մէջ։

Ու Գայլիկի Գաւազանը Խորհրդանիշ եղաւ հեղինակութեան, խորհրդանիշ՝ կորսուած ու վերագտնուելու համար երդում ստացած հայկական բանակի, խորհրդանիշ՝ Եղեռնի հերոսամարտերուն, լեռնային մոսիններուն, Մայիսեան թնդանօթներուն։

Խորհրդանիշ Զօրավարաց Վարդան Մամիկոնեանի, Վահան Մամիկոնեանի, Սիլիկեանի, Դրոյի, Արարատեանի։

Այս եղաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի եօթանասունամեայ պատմութեան մէկ ա՛յլ էջը, պարզ, պարզ, պարզ.- Գայլիկ ու Գայլիկի Գաւազան...

Տարածենք