Թիւ 77 - ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԸ
Հայկ հսկան, լերան պէս, լերան վրայէն աղեղ լարեց, նետ արձակեց ու դիտապաստ գետին փռեց բռնակալն ու թշնամին։ Ան, մեր նախահայր առաջին զինուորը, այսպէ՛ս բացաւ մեր պատմութեան առաջին էջը. ընդվզումով, ճակատումով ու յաղթութեամբ։
Յետոյ, ու շարունակաբար ամբողջ դարեր, ամէն անգամ որ թշնամիներ մարախներու պէս իջնէին մեր դաշտերուն, այրուձիներ, արքայական գոյներով ու դրօշներով զարդարուն, սրարշաւ դուրս կը նետուէին պարիսպներու ապառաժեայ դռներէն, իրենց դոփիւններուն տակ կը հերկէին հողին կուրծքը, քրտնաթոր հեւքով կը հալածէին թշնամին, կը գերէին, կը վանէին, ապա կը վերադառնային նոյն վեհափառ շուքով, կը հալէին դղեակներուն մէջ՝ անգամ մը եւս հայրենիքին ապահովելով ազատօրէն շնչելու երանութիւնը։
Դարեր, դարեր առաջ էր, երբ մեր թագաւորները արքայական թագ կը կրէին, որովհետեւ հայրենի հողը կþերկարէին սահմաններէն ալ անդին, աշխարհակալ դարձնելով Թորգոմայ «խղճուկ» տունը, աշխարհին փաստելու համար բարկացած ցեղի մը արութեան մեծադղորդ սաստը։
Դարեր, դարեր առաջ էր, ազատութեան եւ անկախութեան նշանակ՝ զինուոր ունէինք ու բանակ, ու գահակալ, ու թագ...
***
Օր մը, սակայն, ոգիներ տխուր շուրջպար դարձան Հայաստանի մէջ, Արտաւազդ քէնոտեցաւ, Խոր Վիրապ խոր հառաչեց, Մհեր անհետացաւ, հայրենի բանակը կորսուեցաւ հայրենի ծերպերուն մէջ՝ անտէր ու անտիրական ձգելով Արարատն ու հայրենի բոլոր սրբութիւնները։
Ու ահա թշնամիները եկան, նստան Հայաստանի սրտին, ինչպէս օձ ու տզրուկ։
Մեր թագաւորները թաւալգլոր ինկան, արքաները դարձան այլոց ձիերու սանձ բռնող, շլինքը ծուռ մնաց Ձէնով Օհաններուն։
Ու դարերու փառքէն ետք, դարերով ստրկութեան լուտանքը ապրեցաւ մեր ժողովուրդը, մինչեւ որ հայրենի հողը կմախքներուն յարութիւն տուաւ, որով հազար անգամ մեռած մարդիկ կրկին բացին ազատութեան ճամբան՝ որոտաձայն երդուելով «Ազատութիւն կամ Մահ»։
Ֆետայական գունդեր ջղուտ քայլերով հայրենի դաշտերը լեցուցին, ըմբոստացան, ու հայրենի լերանց կատարներէն հայ զինուորին ձայն տուին։
Եկաւ հայ զինուորը, կեցաւ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի բացուտներուն ու գոռաց.
- Ով քնած է՝ արթուն կենայ...
Թուր կեծակիին պէս աղմկոտ ու սուր՝ հայ զինուորի բազուկը իջաւ թշնամիին՝ բարկացած Աստուծոյ մը ապտակին պէս, ու վատը սարսափած՝ փախաւ, պարտուա՜ծ, ամօթահա՛ր։
Հայկի ծոռը, Հայկին պէս, այսպէ՛ս ազատութիւնը տուն բերաւ, ու այսպէ՛ս շարունակեց գրել մեր պատմութեան յաջորդ էջը։
Ու այս՝ դարեր առաջ չէր, սակայն դարերու ուխտն ու երդումն էր, դարերու գումարն էր, փառքի դարերու կրկնութիւնն էր, արքաներու յարութիւնն էր, ջարդուածներու վրէժն էր, լսուած աղօթքն էր սուրբերուն, ու կրկին հրապարակ իջած բանակն էր հայկազնեան։
Ու այս՝ դարեր, դարեր առաջ չէր, այլ պարզապէս եօթանասուն տարի առաջ միայն, դեռ երէկ, այս առաւօտ, հազար ինը հարիւր տասնութ թուի Մայիսի քսանութի՛ն։
Օ՜ հանրապետութիւն, որ գահ բարձրացար, ողջո՜յն քեզ։
Ու տակաւին յուշարձան չունեցող օ՜ հայ զինուոր, հոգո՛ւդ ղուրպան։