Թիւ 78 - ԽՈՆԱՐՀՆԵՐԸ
Անշո՛ւշտ պիտի յիշուին, նշուին ու մեծարուին անոնք, որոնք տեսնուեցան։
Տեսնուեցան դաշտերու վրայ՝ որպէս ախոյեան, ժողովներու մէջ՝ որպէս մեկնաբան, մրցումներու ընթացքին՝ որպէս խումբի «ազատարար» կամ յաղթանակի կերտիչ, բեմերու վրայ՝ որպէս պատգամախօս։
Գիտենք, որ պատմութիւնը մարդ կը կերտէ, ու գիտենք նաեւ, որ կան մարդիկ ալ, որոնք իրե՛նք պատմութիւն կը կերտեն, պատմութեան առջեւ կը բանան նո՛ր ուղի, պատմութեան կու տան նո՛ր ընթացք։
Հ.Մ.Ը.Մ. հարուստ է մեծանուն ու ճառագայթող այդ փաղանգով։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի եօթանասունամեայ պատմութիւնը կարելի է տալ նկարներովը մեր շահած բաժակներուն եւ նկարներովը մեր մեծանուն եղբայրներուն, առա՛նց գիրի օգնութեան։
Սակայն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եօթանասունամեայ պատմութիւնը վկայ, մեր խոնարհները եղան բազում անգամ աւելի շատ եւ, թէեւ մինչեւ անգամ նկա՛ր չունեցան, թերեւս անոնց սխրագործութիւններն ու կեցուածքները եղան նոյնքա՛ն ուսանելի, նոյնքա՛ն եւ թերեւս աւելի՛ հաղորդական ու սրտաբուխ, որքան միւսներունը, որոնք դարձան աչքառու եւ առաջնորդեցին։
Մեր միութեան եօթանասունամեայ յաղթական երթի պատմութեան մէջ երի՛ցս արդար է, որ նաեւ ու մանաւա՛նդ յիշուին, նշուին ու մեծարուին անոնք, որոնք չտեսնուեցան...
***
Այդ օր, պետական պահանջով, պետական պաշտօնական ու բարձրաստիճան հիւրերու ներկայութեան եւ պետական տօնի մը առիթով՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական փողերախումբը պարտէր ելոյթ ունենալ։
Սակայն այդ օր Հ.Մ.Ը.Մ.ի փողերախումբի լաւագոյն փողահարներէն մէկը պիտի ամուսնանար եւ հետեւաբար պիտի չկարենար իր մասնակցութիւնը բերել մեր Միութեան ուժի ցուցադրութեան։
Այդ օրուան Հ.Մ.Ը.Մ.ի փողերախումբը հռչակ ունէր, ինպէս ունի եւ հիմա՛։ Այդ հռչակէն բան կրնար պակսիլ, եթէ փեսացուի թոքերէն հաւատարմութեան շունչը ձայնի չվերածուէր ու չդղրդացնէր հող ու ժայռ։
Ասոր գիտակից եւ անսալով սկաուտ խմբապետի թելադրանքին, իր փեսայութեան զգեստին տակ փողահարը իր սկաուտական տարազը հագաւ, Ս. Պսակի արարողութենէն անմիջապէս ետք հարսնեւորները տուն ղրկեց, ինք գնաց, միացաւ նուագախումբին, նուագեց... ապա՛ միայն վերադարձաւ տուն, փեսայացաւ։
Եղաւ նաեւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հռչակաւոր զատկական տողանցքներէն մէկը բացուի... ջահով։ Միջազգային ողիմպիականներու նմանողութեամբ, ջահակիր մարզիկ մը պէտք է ընէր դաշտին շրջանը, ապա վառէր կեդրոնական ջահը, որպէսզի սկսէր... տողանցքը։
30.000 հանդիսականներու առջեւ, ընդհանուր խանդավառութեան մէջ եւ թմբուկներու միօրինակ զարկին ու ժողովուրդի խանդավառ ծափին տակ՝ մարզիկը ճամբայ ելաւ։ Սակայն, առաջին քայլէն իսկ, ջահէն քարիւղը սկսաւ հոսիլ եւ վառել... ձեռքը։
Որքան յառաջացաւ մարզիկը, այնքան աւելի սկսաւ այրիլ, ճենճերիլ ձեռքը։ Անտանելի ցաւերու մէջ գալարուելով հանդերձ, մարզիկը ջահը չնետեց։ Դաշտի շրջանը ամբողջացուց, հասաւ կեդրոնական ջահին, զայն վառեց, ապա՛ միայն ձեռքէն նետեց փոքր ջահը, բռնեց ինք իր դաստակէն, մարեցաւ, ինկաւ գետին։
Կրակը հասած էր ոսկորին։ Մատը հրաշքո՛վ չկտրեցին։ Սպին՝ մնա՛ց։
***
Այսպէս, Հ.Մ.Ը.Մ.ին նոր փայլ տալու համար իրենց փեսայութիւնը յետաձգելու պատրաստ երիտասարդներու շնորհիւ, շնորհիւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ջահը վառ պահելու համար այրելո՛ւ պատրաստ տղոց ու շնորհիւ անոնց, որոնք տոմս ծախեցին, աֆիշ փակցուցին, ծափեցին, տեղ ցոյց տուին, ջուր բաժնեցին, Հ.Մ.Ը.Մ. Հ.Մ.Ը.Մ. եղաւ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.՝ Հ.Մ.Ը.Մ. մնաց։
Բաժակ՝ խոնարհներո՛ւն կենացը։